Յայտարարութիւն. Արցախի ճգնաժամը

02 Հկտ 2023

Արցախի մարդասիրական ծանր ճգնաժամի պայմաններուն, տասնեակ հազարաւոր բնիկ արցախցիներ ստիպուած եղան փախչիլ Հայաստան, ականատես ըլլալով իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումին եւ խախտումին: Անմեղ մարդիկ կորսնցուցին իրենց ամենօրեայ կեանքը, իրենց տուներն ու հայրենիքը: Միջազգային հանրութիւնը անյապաղ քայլեր պէտք է ձեռնարկէ հակազդելու այս ճգնաժամին:

Տեղի ունեցող ձերբակալութիւններն ու հետապնդումները յստակօրէն ցոյց կու տան Արցախի հայութեան կեանքի իրաւունքի եւ անվտանգութեան իրաւունքի խախտումը։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կոչ կ՚ընէ անյապաղ ազատ արձակել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած բոլոր բանտարկեալները։ Հիմնարկութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին եւ կը զօրակցի Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին. Հիմնարկութիւնը շուտով պիտի յայտարարէ ճգնաժամը մեղմելու իր ձեռնարկած միջոցներուն մասին։

Ժամանում Գորիսի մարդասիրական կեդրոն. 27 սեպտեմբեր 2023։ Լուսանկարի հեղինակ՝ Ռուբինա Մարկոսեան։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։