Արտակարգ կրթանպաստ Լիբանանի հայ ուսանողներուն
2019 թուականէն ի վեր, Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամէն անմասն չեն մնացած հայկական գաղութին համալսարանական ուսանողները եւ անոնց ընտանիքները: Նիւթական այս ծանր բեռը ամոքելու նպատակով՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը 2500 եւրոյի արժողութեամբ մինչեւ 40 արտակարգ կրթանպաստ կը յատկացնէ նիւթական դժուարութիւններու մէջ յայտնուած հայ ուսանողներու, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել կամ աւարտել իրենց ուսումը 2022-2023 ուսումնական տարուան համար: Այս կրթանպաստը ՄԻԱՅՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄՈՒԱՆ համար է եւ ուղղուած է Լիբանանի մէջ արդէն իսկ համալսարան արձանագրուած ուսանողներուն:
Լիբանանի այն հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին դիմել 2023-2024 տարեշրջանին համար նախատեսուած «Զարգացող կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթանպաստի ծրագիր»-ին, պարտին կրթանպաստի այս երկու անջատ ծրագիրները մանրամասն ուսումնասիրել եւ ըստ այդ՝ դիմելու համապատասխան ընտրութիւն կատարել:
2022-2023-ի «Զարգացող կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթանպաստի ծրագիր»-էն արդէն իսկ օգտուող ուսանողները չեն կրնար դիմել Արտակարգ Կրթանպաստին, սակայն կարելի է միեւնոյն ժամանակ դիմել ե՛ւ 2022-2023 տարեշրջանին համար նախատեսուած Արտակարգ Կրթանպաստին, ե՛ւ 2023-2024 տարեշրջանին համար նախատեսուած «Զարգացող կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթանպաստի ծրագիր»-ին:
Դիմէ՛: