2022-ի կրթանպաստները
Այս տարի Հայկական Բաժանմունքի կրթանպաստներու ծրագիրին 65-ամեակն է: Այս կրթանպաստներուն շնորհիւ տարիներու ընթացքին հազարաւոր ուսանողներ կրցած են եւ կը շարունակեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ: Ամեն տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 1.000.000 եւրոյի համալսարանական կրթանպաստներ կը տրամադրէ ուսանողներու եւ հետազօտողներու: Նպաստներուն մօտ մէկ երրորդը նոր դրամաշնորհներ են, իսկ մնացածը` ընթացիկ կրթաթոշակներուն շարունակութիւնը:
2022-ին, նոր կրթանպաստներու յատկացուած է 385,763 ԱՄՆ տոլար, հետեւեալ երկու հիմնական անուանակարգերուն՝ «Հայագիտութիւն» եւ «Բարձրագոյն կրթութիւն զարգացող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար»: 2022-ին կատարուած է ընդհանուր 240 դիմում, եւ 83-ին յատկացուած են տարբեր չափի նպաստներ՝ 17-ը հայագիտութեան ոլորտին (մագիստրոս եւ դոկտորական) եւ 66-ը՝ զարգացող երկրներէ եկող հայ ուսանողներու բարձրագոյն կրթութեան (պսակաւոր արուեստից մակարդակ):
Ընդհանուր 231,263 ԱՄՆ տոլարի նոր նպաստներ տրամադրուած են հայագիտութեան կրթաթոշակներու ծրագիրին համար. 49 դիմումէն ընտրուած է 17-ը։ Կրթանպաստները մէկէն երեք տարի տեւողութիւն ունին. ութը դոկտորականի համար են, իսկ ինը` մագիստրոսի համար: Կրթաթոշակառուները իրենց ուսումը կը շարունակեն Միացեալ Նահանգներու, Մեծ Բրիտանիոյ, Գանատայի, Էսդոնիայի, Կիպրոսի, Ֆինլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ: Մագիստրոսի հետազօտութեան լայն նիւթերն են՝
Ի շարս այլոց, դոկտորականներու հետազօտական նիւթերէն թուենք՝
Յատկացուած է ընդհանուր 154,500 ԱՄՆ տոլարի նպաստ «Բարձրագոյն կրթութիւն զարգացող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար» ծրագիրին: 191 դիմումէն ընդունուած է 66-ը. կրթաթոշակառուները իրենց ուսումը կը շարունակեն Լիբանան, Հայաստան, Թուրքիա եւ այլ երկիրներ: Հետազօտութիւններուն նիւթերը կը ներառեն՝
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը շնորհաւորէ բոլորը։
Կրթաթոշակներու այս երկու բաժիններուն դիմումները արդէն փակ են.
դիմումները վերստին կը բացուին 2023-ի յունուարին, յաջորդ ուսումնական տարուան համար։ Կարճաժամկէտ դրամաշնորհները (ճամբորդութիւն եւ հայագիտութիւն) կը մնան բաց:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել Բաժանմունքին «Նպաստներ եւ կրթանպաստներ» էջը: