2022-ի կրթանպաստները

16 Սպտ 2022

Այս տարի Հայկական Բաժանմունքի կրթանպաստներու ծրագիրին 65-ամեակն է: Այս կրթանպաստներուն շնորհիւ տարիներու ընթացքին հազարաւոր ուսանողներ կրցած են եւ կը շարունակեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ: Ամեն տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 1.000.000 եւրոյի համալսարանական կրթանպաստներ կը տրամադրէ ուսանողներու եւ հետազօտողներու: Նպաստներուն մօտ մէկ երրորդը նոր դրամաշնորհներ են, իսկ մնացածը` ընթացիկ կրթաթոշակներուն շարունակութիւնը: 

2022-ին, նոր կրթանպաստներու յատկացուած է 385,763 ԱՄՆ տոլար, հետեւեալ երկու հիմնական անուանակարգերուն՝ «Հայագիտութիւն» եւ «Բարձրագոյն կրթութիւն զարգացող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար»: 2022-ին կատարուած է ընդհանուր 240 դիմում, եւ 83-ին յատկացուած են տարբեր չափի նպաստներ՝ 17-ը հայագիտութեան ոլորտին (մագիստրոս եւ դոկտորական) եւ 66-ը՝ զարգացող երկրներէ եկող հայ ուսանողներու բարձրագոյն կրթութեան (պսակաւոր արուեստից մակարդակ):

Ընդհանուր 231,263 ԱՄՆ տոլարի նոր նպաստներ տրամադրուած են հայագիտութեան կրթաթոշակներու ծրագիրին համար. 49 դիմումէն ընտրուած է 17-ը։ Կրթանպաստները մէկէն երեք տարի տեւողութիւն ունին. ութը դոկտորականի համար են, իսկ ինը` մագիստրոսի համար: Կրթաթոշակառուները իրենց ուսումը կը շարունակեն Միացեալ Նահանգներու, Մեծ Բրիտանիոյ, Գանատայի, Էսդոնիայի, Կիպրոսի, Ֆինլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ: Մագիստրոսի հետազօտութեան լայն նիւթերն են՝

  • Լիբանանի հայ համայնքը.
  • Միջազգային խաղաղութիւն  եւ անվտանգութիւն Լեռնային Ղարաբաղի առնչութեամբ.
  • Հայաստանի Խորհրդային անցեալը.

Ի շարս այլոց, դոկտորականներու հետազօտական նիւթերէն թուենք՝

  • Սփիւռքի հայկական համայնքներուն եւ դպրոցներուն մէջ լեզուի կորուստը, եւ լեզուի կենսունակութիւնը ապահովող մօտեցումներու ուսումնասիրութիւնը.
  • Եւրոպայի հայկական Սփիւռքը.
  • Արցախի պատերազմը.
  • Հայերը ուշ Օսմանեան կայսրութեան մէջ.
  • Հաշմանդամութիւնը եւ վերականգնումը Հայաստանի մէջ.

Յատկացուած է ընդհանուր 154,500 ԱՄՆ տոլարի նպաստ «Բարձրագոյն կրթութիւն զարգացող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար» ծրագիրին: 191 դիմումէն ընդունուած է 66-ը. կրթաթոշակառուները իրենց ուսումը կը շարունակեն Լիբանան, Հայաստան, Թուրքիա եւ այլ երկիրներ: Հետազօտութիւններուն նիւթերը կը ներառեն՝

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը շնորհաւորէ բոլորը։

Կրթաթոշակներու այս երկու բաժիններուն դիմումները արդէն փակ են.

դիմումները վերստին կը բացուին 2023-ի յունուարին, յաջորդ ուսումնական տարուան համար։ Կարճաժամկէտ դրամաշնորհները (ճամբորդութիւն եւ հայագիտութիւն) կը մնան բաց:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել Բաժանմունքին «Նպաստներ եւ կրթանպաստներ» էջը:

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։