Շողեր Մարկոսեան նշանակուած Օգնական Տնօրէն

26 մայիս 2022

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Շողեր Մարկոսեանին նշանակումը որպէս Բաժանմունքի Օգնական Տնօրէն: Ան Հիմնարկութեան հետ կը գործակցի որպէս խորհրդատու՝ 2018 թուականէն ի վեր:

Շողեր Մարկոսեան ուսանած է Լիբանան եւ ապա Անգլիա ու Պելճիքա, մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ մշակութային գիտութիւններու մէջ: Աշխատակցած է հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի եւ այլ միջգիտակարգային ոլորտներու մէջ: Մշակած է նոր ռազմավարութիւններ ու ծրագիրներ, կեդրոնանալով ժամանակակից նիւթերու եւ մօտեցումներու վրայ:

«Շատ ուրախ ենք որ Շողերը պիտի միանայ մեր անձնակազմին: Իր հմտութիւնը, մասնագիտութիւնը եւ խանդավառութիւնը պիտի հարստացնէ հայ մշակոյթին եւ լեզուին զարգացման միտող մեր ծրագիրները եւ ամբողջացնէ անոնց վերաբերեալ մեր համապարփակ մօտեցումը», ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին տնօրէնը:

Շողեր Մարկոսեան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յունիս, 2022-ին:

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։