Մխիթարեան Միաբանութեան գրադարանի հանդէսները այժմ հասանելի են առցանց

Մխիթարեան Միաբանութեան հանդէսներու թուային գրադարանը եւ կայքէջը թողարկուած են. անոնք կը ներկայացնեն 1794-էն 1920-ի միջեւ տպուած հայ մամուլէն հաւաքածոներ՝ թուայնացուած ու անվճար։
28 Հնվ 2022

Առ այժմ, Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի Աւագ Մենաստանի գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն թուայնացուած է աւելի քան 400.000 էջ։ Թուայնացումի եւ հանրութեան անվճար տրամադրելի դարձնելու այս ծրագիրը համագործակցութեան արդիւնքն է՝ Մխիթարեան Միաբանութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գիտական Գրադարանին միջեւ։

Թուային գրադարանի կայքէջը կը ներկայացնէ Միաբանութեան գրադարանէն հաւաքածոներ, անոր նպատակն է մէկ հասցէով կամ յղումով ընթերցողն ու հետազօտողը առաջնորդել դէպի թուային նիւթերը, որոնք ամբարուած են Հիմնարար Գիտական Գրադարանին շտեմարաններուն մէջ, եւ ցանկագրուած Ակադեմիային կողմէ։ Թուայնացումի աշխատանքը շարունակական է, իսկ նիւթերը համապատասխան կայքէջերուն եւ շտեմարաններուն մէջ հասանելի պիտի դառնան իրենց պատրաստութեան կարգով։

Այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան եւ մեծածաւալ աշխատանքին շնորհիւ, հայ ժողովուրդի մշակութային գրաւոր ժառանգութիւնը հասանելի պիտի դառնայ հանրութեան՝ առցանց, անվճար ու բաց ձեւաչափով։

Ծանօթանալու համար ծրագիրին նպատակներուն, եւ կարդալու թուայնացուած մամուլը, կարելի է այցելել թուային գրադարանին կայքէջն ու շտեմարանները՝

Mekhitarist Congregation Library’

 

Digital Library

 

Bibliographic Database

 

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։