Նորարար մշակոյթի ծրագիր | Լիբանան
2019 թուականին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը (այսուհետ՝ ԳԿՀ) մշակեց եւ հրատարակեց Լիբանանի մէջ իր գործունէութեան վերաբերող նոր ռազմավարութիւն մը, որ կը վերահաստատէ Հայկական Բաժանմունքին յանձնառութիւնը Լիբանանի հայկական կառոյցներուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հանդէպ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդներուն եւ արեւմտահայերէնին։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը կը հանդիսանայ ԳԿՀ-ի Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը։ Հիմնարկութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը, որ յատկապէս կը վերաբերի արեւմտահայերէնին, կը կեդրոնանայ նաեւ երիտասարդներուն վրայ եւ կը միտի քաջալերելու արեւմտահայերէնով ստեղծագործողները. ԳԿՀ «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը ուրեմն այն գործիքն է որ պիտի ձգտի ստեղծել պայմանները՝ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու եւ մշակութային նորարար փորձառութիւն մը ապրելու։
Այս նպաստին հիմնական նպատակն է խթանել ստեղծագործ մտքերը՝ մշակելու արեւմտահայերէնով յղացուած եւ կիրարկուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ։ Ուրեմն, այս ծրագիրը կը միտի առաջին հերթին երիտասարդներուն մէջ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու փափաք մը յառաջացնելու եւ սովորութիւն մը հիմնելու, ինչպէս նաեւ որոշ չափով մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու, միեւնոյն ժամանակ ապահովելով անոր շարունակականութիւնը։ Արեւմտահայերէնով նորարար աշխատանքներու զարկ տալուն զուգահեռ, ԳԿՀ «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ին նպատակն է նաեւ պայմաններ եւ առիթներ ստեղծել այս աշխատանքները մշակելու, արտադրելու եւ ցրուելու։
Նպատակ ունենալով արեւմտահայերէնի վերահաստատումը որպէս ստեղծագործութեան եւ նորարարութեան լեզու, ԳԿՀ «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ին առաջնահերթութիւններն են՝ քաջալերել երիտասարդները հայերէնով ստեղծագործելու՝ յայտնաբերելու համար իրենց մշակութային կարողականութիւնն ու կարելիութիւնները, առիթը ընծայել նորարարական մօտեցումներ ունեցողներուն՝ մշակելու միջգիտակարգային եւ բազմագիտակարգային աշխատանքներ, որոնք միտին արեւմտահայերէնը նոր ձեւերով գործածելու եւ մշակութային եւ ստեղծագործ արտադրութեան կարողականութիւնը բարձրացնելու, եւ գտնել երիտասարդ ուժեր եւ տաղանդներ, որոնք աշխատին արեւմտահայերէնը կապել մեր այժմու իրականութեան, լեզուն դարձնելով ժամանակակից։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ին ամբողջական փաստաթուղթը կարդալ հետեւելով այս յղումներուն՝ հայերէն տարբերակ կամ անգլերէն տարբերակ։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Լիբանանի ռազմավարութիւնը ամբողջութեամբ կարդալ հետեւելով այս յղումներուն՝ հայերէն տարբերակ կամ անգլերէն տարբերակ։