Մշակութային ստեղծագործութիւն եւ զարգացում
Լեզուն եւ մշակոյթը անքակտելիօրէն շղթայուած են: Ի լրումն լեզուի վրայ կենդրոնացած ծրագրաւորման, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կ’աջակցի նաեւ նախաձեռնութիւններու, որոնք կը վերաբերին արեւմտահայերէնով մշակութային արտադրութեան: Բաժանմունքի մօտեցումը մշակոյթին, անդին է լոկ հինին ու դասականին պահպանումէն: Աւելին, 21-րդ դարու պայմաններուն, ան կը կենդրոնանայ ստեղծարարութեան, նորարարութեան եւ մշակոյթի փոխակերպող ուժին վրայ: Սփիւռքի համայնքներու երկարաժամկէտ կայունութիւնը ապահովելու համար, նոր սերունդը պէտք է ստեղծէ իր ուրոյն մշակոյթը ի՛ր իսկ լեզուով, յատկապէ՛ս Սփիւռքի մէջ:
Հետեւեալ չորս հիմնական յղացքները մեզ կ’առաջնորդեն նոր նախագիծերու ընտրութեան մէջ.
- Ստեղծում եւ նորարարութիւն. այստեղ շեշտը դրուած է հայերէնով նոր մշակոյթ ստեղծելու վրայ՝ արեւմտահայերէնի մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներուն մէջ նորութիւն եւ արդիականութիւն ներշնչելու եւ անոր աջակցելու համար:
- Ընկերային եւ հասարակական փոխակերպում. մշակոյթի դերը կենդրոնական է դրական ներգործութիւն բերելու ընկերային կեանքին մէջ: Հարկ է աջակցիլ ու քաջալերել մշակութային յառաջընթացները՝ նոր նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն, որոնք մարտահրաւէր կ’ուղղեն ներկայ իրողութիւններուն, եւ կը խթանեն այլընտրանքային պատկերացումները, զարգացնելով ժողովրդավարական արժէքներ, ներարառութիւն, բազմազանութիւն եւ արդարութիւն:
- Կայուն փոփոխութիւններ եւ ապագաներ. մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտները կրնան նպաստել կեցուածքներու եւ գործելակերպի դրական փոփոխութիւններու՝ կենսոլորտի եւ աւելի կայուն ապագայի մը հանդէպ: Արուեստը եւ մշակոյթը կարեւոր տարրեր են կենսոլորտի աղէտին դէմ պայքարելու համար:
- Մշակութային ժառանգութեան վերականգնողական մօտեցումներ. մշակութային ժառանգութեան ապագայահայեաց ըմբռնումը կ’առաջնորդէ թարմացած տեսլականի, որ կը միացնէ անցեալը, ներկան եւ ապագան: Մշակութային ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից ստեղծագործութիւնը հաստատապէս կ՚առնչուին իրարու եւ ի վերջոյ, միասնաբար կը ստեղծեն ապագայի ժառանգութիւնը:
Այս հիմնասիւնին տակ, նպաստի դիմումները կրնան ըլլալ հաղորդակցութեան բոլոր ծանօթ ձեւաչափերով, ներառեալ արուեստները, միջ եւ բազմագիտակարգային արտայայտչամիջոցները, գրականութիւնը, փորձագրութիւնը եւ այլ քննական աշխատութիւններ, գծանկարչական աշխատանքներ, նոր երաժշտութիւն, տեսանիւթեր, շարժանկարներ, ստեղծագործական հեռարձակման/հաղորդումի բոլոր ձեւերը, ինչպէս նաեւ մշակութային արտայայտութեան այլ ձեւեր, մասնաւորապէս՝ արեւմտահայերէնով: