ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ. նպաստառուները յայտարարուած են

Ստեղծագործութեամբ ձեւաւորել Լիբանանահայ համայնքի ապագան

17 Հկտ 2025

Մայիս 2025-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը մեկնարկեց նպաստի յատուկ ծրագիր մը՝ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ | INSPARK անունով։

ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ի ուղին հեզասահ չ՚ընթացաւ. Լիբանանի համար մշակուած ռազմավարութիւններու եւ յատուկ ծրագիրներու իրագործումը տարիէ տարի կը դանդաղէր ու կը լճանար՝ երկրին մէջ տիրող դժուար իրավիճակին բերումով։ Այս ծրագիրով Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը նորոգեց Լիբանանահայ համայնքին հանդէպ Հիմնարկութեան յանձնառութիւնը, կեդրոնանալով երիտասարդութեան վրայ։ Բաց հրաւէրով մը Բաժանմունքը առիթը ստեղծեց որ երիտասարդներ ստեղծագործ ճամբորդութիւններու ընդմէջէն ինքնաճանաչում եւ քննական հայեացքներ հետազօտեն։

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախ էր ստանալու բարձրորակ նախագիծերու առաջարկներ 19 դիմորդներէ, որոնցմէ 10-ը նպաստ ստացան։ Նախագիծերը սերտօրէն կ՚առնչուէին նպաստի ծրագիրին նպատակներուն. մարդաբանական հեռանկարներէ մինչեւ բազմագիտակարգային հետազօտութիւն, բանաստեղծական եւ ընկերային ոլորտներէ մինչեւ երկրաքաղաքական վերլուծութիւն, հիւմորէ մինչեւ պատմասացութիւն եւ մշակութային վերածնունդ՝ Լիբանանի հայ երիտասարդութիւնը ցոյց տուաւ իր ստեղծագործ ներուժն ու նուիրումը իր սեփական համայնքին, ընդունելու անոր բազմաթիւ շերտերն ու հարուստ ընկերային հիւսուածքը, ձգտելով հասկնալու զայն եւ մասնակցելու անոր ապագան ձեւաւորելու գործընթացին։

Հայերէնի գործածութիւնը նախապայման մը չէր ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ ծրագիրին համար, բայց եւ այնպէս բոլոր դիմորդները բնականաբար արեւմտահայերէնը ներառած էին իրենց նախագիծերուն մէջ որպէս միջոց եւ արժէք՝ հաստատելով լեզուին անքակտելի կապը Լիբանանահայ համայնքին հետ։

Նպաստառուներն են.

Արազ Գոճայեան, Շողակ Յովհաննէսեան, «Նոր նոր Սիս. սփիւռքեան տարածքի ստեղծումի ուսումնասիրութիւն»

Բազմագիտակարգային հետազօտական եւ գեղարուեստական նախաձեռնութիւն, որ կը հետազօտէ թէ հայկական հայրենակցական միութիւնները ինչպէ՞ս կը կառուցեն ինքնութիւն եւ «տեղ/տարածութիւն» Սփիւռքի մէջ։ Լիբանանի մէջ Սիսի համայնքը որպէս հիմնական ուսումնասիրութիւն գործածելով՝ բանաւոր պատմութիւնը եւ տարածական տեսութիւնը կը գործածուին «մերելու» կորսուած հայրենիքին եւ այսօրուան Պուրճ Համուտի բաղադրիչները։ Ծրագիրը պիտի ծառայէ սփիւռքեան յիշողութեան հետազօտութիւնը ընդլայնելու, միաժամանակ անմիջական ու շօշափելի աղբիւր մը ստեղծելով համայնքին համար, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն մը առաջացնելու տիրող իրավիճակին մասին։ Մարդաբանութիւնը նորարարական գեղարուեստական փորձի հետ խառնելով՝ նպատակն է սփիւռքեան պատկանելիութեան, դիմադրողականութեան եւ Լիբանանի ու անկէ դուրս հայկական մշակութային տարածութիւններու ապագային մասին քննարկում մը մեկնարկել։

Յակոբ Վարդապետեան, «Ո՞վ կը դառնաս երբ ոչ ոք կը նայի»

Ընկերային հիմքերով եւ տեսողական քնարականութեամբ նախագիծ մը, որ Լիբանանի հայ երիտասարդութեան հազուագիւտ «տարածութիւն» մը կը յատկացնէ՝ խորհելու, ստեղծագործելու եւ մշակութային սեփականութիւնը ուսումնասիրելու համար։ Գրելու աշխատանոցներով, նկարչութեան եւ բազմագիտակարգային ցուցահանդէսի ձեւաչափով՝ ծրագիրը կը հետազօտէ ինքնութիւնը՝ թէ՛ որպէս ժառանգուած, թէ՛ որպէս երեւակայուած հասկացութիւն մը, ձեւաւորուած նոյնքան լռութեամբ որքան որ ձայնով։ Դպրոցներու հետ ուղղակի առնչուելով, աշխատելով թէ՛ հաստատութենական եւ թէ՛ հանրային շրջարկներու մէջ՝ ծրագիրը կը խթանէ իսկական համայնքային երկխօսութիւն մը՝ միաժամանակ ստեղծելով մշտական գեղարուեստական եւ մշակութային արխիւ մը։

Գէորգ Եագուպեան՝ «Երկրաքաղաքական պատկեր»

Հարթակ որ կը քննարկէ յետպատերազմեան իրականութիւնները, գաղթը, սփիւռքեան կառոյցներու փոփոխուող դերակատարութիւնը եւ խոցելի բնակչութիւններու վրայ երկրաքաղաքական ազդեցութիւնները։ Blog-ի ձեւաչափով կայքէջ մը, որ կը ծառայէ որպէս երիտասարդութեան հիմնաքար՝ այս խնդիրները իրենց անձնական հեռանկարներով ուսումնասիրելու եւ հասկնալու։ Թուային գործող հարթակ մը, որ կը տրամադրէ բազմագիտակարգային բովանդակութիւն՝ ինքնութեան, հակամարտութեան եւ Սփիւռքի քաղաքականութեան մասին՝ դիտուած Լիբանանի հայ երիտասարդութեան ոսպնեակէն։ Տեղեկագրական տուեալներով եւ փոխներգործուն տեսողական նիւթերով, ինչպէս նաեւ ընկերային հարթակներու վրայ զգալի ներկայութեամբ, վերլուծական այս յօդուածները եւ հարցազրոյցները պիտի ընդգծեն գաղթի եւ դիմադրողականութեան անձնական պատմութիւնները, տարածաշրջանային հարցերու վերաբերեալ համայնքի ձայները եւ համայնքային երկխօսութիւնները՝ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մէջ նախատեսուած միջոցառումներով։ Նպատակն է համայնքին մէջ խթանել երկարաժամկէտ թուային պատումներու կարողութիւնը, միաժամանակ ստեղծելով մշտական աղբիւր մը մշակութային խորհրդածութեան եւ յանձնառութեան համար։

Լիլիթ Մէկրեան, «Պատահաբառ»

Լիբանանահայ համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ կարճ տեսանիւթերու շարք մը՝ նկարահանուած Լիբանանի մէջ։ Տարբեր ժողովրդագրական խաւերէ անհատներ պիտի մասնակցին չգրուած, հարցազրոյցի ոճով զրոյցներու՝ որոնց ընթացքին անոնք պիտի պատասխանեն հարցումներու, պիտի մասնակցին լեզուի վրայ հիմնուած խաղերու եւ փոխազդեն տեսողական խթաններու՝ մտածողութիւնը եւ երկխօսութիւնը քաջալերելու համար։ Մասնակիցները պիտի բաժնեն իրենց գիտելիքները, յայտնեն տեսակէտներ ու յայտնաբերեն նոր պատկերացումներ իրենց իսկ մշակոյթին եւ լեզուին մասին։ Վաւերական համայնքային միջավայրերու մէջ նկարահանուած այս տեսանիւթերը պիտի գործածեն հիւմոր, անկատարելութիւն եւ սովորական վայրեր ցոյց տալու մշակոյթը որպէս ապրուած բան մը։ Համայնքին ներսի իսկական ձայները, արձագանգները եւ մտածումները փաստագրելով՝ ծրագիրը պիտի կերտէ մշակութային ինքնութեան շուրջ վերակառուցելի ներկայութեան եւ հնարաւորութեան զգացում մը։

Մարտիկ Օդճեան, «Քուլիսներու ետին»

Փոտքասթ մը որ կ՚արժեւորէ ստեղծագործական ոլորտներու մէջ աշխատող Լիբանանահայու ձեռքբերումները։ Իւրաքանչիւր դրուագ պիտի ներկայացնէ հիւրեր որոնք նշանակալի ազդեցութիւն ունեցած են թէ՛ հայ համայնքին, թէ՛ Լիբանանի հասարակութեան մէջ։ Անձնական պատումներու միջոցով՝ փոտքասթը պիտի հետազօտէ յաջողութեան ճամփաները, ստեղծագործական փիլիսոփայութիւնները եւ խորհուրդներ պիտի տայ սփիւռքահայ երիտասարդութեան։ Նախագիծը պիտի ընդգծէ միջմշակութային յաջողութիւնները, անձնական պատմութիւններու ընդմէջէն կամուրջներ ստեղծելով երկու հարուստ ինքնութիւններուն միջեւ. ներկայացումներ՝ որոնք աւանդութենէն անդին կ՚երթան՝ ցոյց տալու թէ ինչպէ՛ս հայկական ձայները կը շարունակեն ձեւաւորել երկրին մշակութային դաշտը։ Անմիջական եւ մտերմիկ միջավայրի մը մէջ ձայնագրուած այս շարքին նպատակն է զրուցակիցներուն ապահովութեան զգացում մը փոխանցել՝ դուռ բանալով ազնիւ, յուզական եւ հարուստ խօսակցութիւններու։

Մեղրիկ Աճզաճեան, «Թէլիկ»

Մշակութային վերածնունդի նախագիծ մը՝ նուիրուած հայկական ասեղնագործութեան ու անոր վերաբերող մոռցուած արհեստներու պահպանութեան՝ ինչպէս նախշագծութիւնը եւ գործուածքի դրոշմները։ Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հայ կիներու կողմէ կիրարկուած «Թէլիկը» կը կապէ ժառանգութիւնը եւ թեքնաբանութիւնը, վերակենդանացնելու աւանդական արուեստները։ Հետազօտութեան, թուային վերականգնումի եւ լազերի վրայ հիմնուած վերարտադրութեան միջոցով՝ ծրագիրը պիտի փաստագրէ եւ վերանկարէ նախշեր, ստեղծէ վերագործածելի գործիքաշարեր (toolkit), կազմակերպէ համայնքային արհեստանոցներ եւ շրջիկ ցուցահանդէս մը։ «Թէլիկ»-ը կին արհեստաւորներու առիթներ կ՚ընձեռէ, կը խթանէ միջսերնդային գիտութեան փոխանակումը եւ կը վերակապէ երիտասարդութիւնը իրենց մշակութային ինքնութեան։ Աւանդական գեղարուեստը ժամանակակից թուային գործիքներու հետ համատեղելով՝ բնիկ արուեստները կը պահպանուին եւ աշխուժօրէն կը գործարկուին, մինչ ծրագիրին մէջ գործածուած միջոցները կ՚արտացոլեն հայ վարպետութեան պատմական խորքն եւ ճկունութիւնը։

Նաթալի Տէր Մեսրոպեան՝ «Տան համեր, սրտի խօսքեր»

Եռալեզու զեկոյց հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով, որ կ՚արժեւորէ տան ջերմութիւնը եւ ինքնութեան ուժը։ Նախագծուած մասնակցային ոճով եւ խորապէս արմատացած ամենօրեայ ապրուած փորձերու մէջ՝ ծրագիրը կը վերաբերի պատկանելիութեան, դարմանումին եւ գիտելիքի փոխանցումին, կը կեդրոնանայ Լիբանանի հայկական մշակոյթի եւ բազմաշերտ պատկանելիութեան ուսումնասիրութեան վրայ, ճաշի եւ լեզուի մէտարկներով՝ զգացական առումով ամենէն հաղորդակից եւ մտերիմ մշակութային միջոցները, որ կը խթանեն կապերն ու համատեղ պատկանելիութիւնները։ Խորհրդածական զեկոյցը պիտի հրատարակուի՝ մէկտեղելով մէջբերումներ, պատմութիւններ եւ պատկերացումներ արհեստանոցներու եւ լեզուական հանդիպումներու մասնակիցներէն։ Պիտի հետազօտէ թէ օրինակ ի՞նչ կը նշանակէ երկու տեղերու պատկանիլ, ինչպէ՞ս ճաշն ու լեզուն ինքնութիւն կը ձեւաւորեն, ի՞նչ կամուրջներ կրնան կառուցուիլ համատեղ փորձով։ Ծրագիրը նաեւ պիտի ստեղծէ վերարտադրելի գործիքաշար մը ընտանեկան լեզուական ուսմունքի եւ միջսերնդային խոհարարական նիստերու համար։

Սարգիս Սերոփեան, “ԲԵՄ”

Բաց խօսափողի միջոցառումներու եւ համագործակցային նիստերու շարք մը Պէյրութ մէջ՝ հրաւիրելով կատակաբաններ, երաժիշտներ, բանաստեղծներ, պարողներ եւ այլ ստեղծագործողներ՝ իրենց ձայները բաժնելու։ Այս նախագիծը կը նպատակադրէ ծառայել թէ՛ որպէս ստեղծագործ հարթակ եւ թէ՛ որպէս մշակութային պահպանման «տարածութիւն», խառնելով աւանդութիւնը ժամանակակից արտայայտութեան հետ եւ խթանելով միջսերնդային երկխօսութիւնը։ «Բեմ»-ը կը միտի Լիբանանի մէջ հայ ստեղծագործներու եւ արուեստագէտներու համար յատուկ հարթակի կամ տարածութեան բացը գոցելու. վայր մը ուր կրնան արտայայտուիլ հայերէնով եւ իրենց սեփական մշակութային հեռանկարներով եւ պատկերացումներով։ Նախագիծը պիտի ստեղծէ ապահով եւ մշակութային համապատասխնելիութեամբ տարածութիւն մը՝ հզօրացնելով համայնքային կապերը, խթանելով գեղարուեստական արտայայտութիւնը եւ ապահովելով որ հայկական ձայները լսելի ըլլան Լիբանանի բազմազան մշակութային դաշտին մէջ։

Վանա Ռըզեան, «Հաճըն, Նոր Հաճըն եւ Նոր Հաճն»

Ծրագիր մը որ անցեալի ու ներկայի պատկերներով կը փորձէ քարտեզագրել եւ հաշտեցնել երեք աշխարհագրութիւններ՝ մէկը միւսին տարբերակը ըլլալով։ Գիրքի եւ բացիկներու միջոցով ծրագիրը կը միաւորէ Հաճընի բոլոր երեք տարածութիւն-ծաւալները. աշխարհագրօրէն «ճիշդ» անցեալ մը՝ գործածելով դիմորդին մեծհօր պատկերները, եւ անոր ներկայ վերարտադրութիւնները։ Լուսանկարչական փաստագրութեան կողքին՝ պիտի ընդգծուի Հաճընի ինքնութեան մէկ կարեւոր մասնիկը, որն է Հաճընի բարբառը՝ որպէս սիւն մը համայնքը սահմանելու համար։ Անհետացած բարբառէն կտորներու «վերատիրանալով» եւ անցեալն ու ներկան հիւսելով՝ ծրագիրը կը միտի ինքնութեան համակողմանի ընթերցումի մը՝ կապուած վայրի մը որ թէպէտ աշխարհագրօրէն շարունակական չէ, բայց տակաւին կրնայ գոյութիւն ունենալ իր բուն տարողութեամբ։

Վիգէն Աւագեան, «Երկրի Մարմին»

Երկու-ալիքի տեսանիւթային կահոնք՝ փաստագրական, կատարողական եւ փորձարարական սինեմայի խաչմերուկին, կը խորհրդածէ արուեստի եւ կեանքի, ստեղծումի եւ մաշումի, պահպանումի եւ լուծարումի սեմերուն մասին։ Պուրճ Համուտի մէջ փոշիով բեռնաւորուած ստորգետնեայ արուեստանոց մը պատկերելով՝ քանդակագործ Գրիգոր Աւեսեանը կը դառնայ թէ՛ ստեղծող եւ թէ՛ նիւթ, միաձուլելով մարմինն ու կաւը՝ վերափոխումի, քայքայումի եւ գոյատեւումի բանաստեղծական հետազօտութեան մը մէջ։ Ծիսական շարժումներու միջոցով ան կը մարմնաւորէ գոյութեան տարրական շրջանակը։ Ծրագիրը կը խորհրդածէ հայ Սփիւռքի ինքնութեան եւ մշակոյթին մասին՝ ժառանգուած քանդակագործական փորձը վերածելով ժամանակակից տեսողական գեղարուեստական գործի։ Կը հաւասարակշռէ պահպանումը եւ նորարարութիւնը՝ արժեւորելով մարմնաւորուած վարպետութիւնը եւ Պուրճ Համուտի ընձեռած միջսերնդային գիտելիքը, միաժամանակ վերամեկնաբանելով այս աւանդութիւնները կատարողականութեան, տեսողական բանաստեղծութեան եւ փորձարարական ֆիլմի միջոցով։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։