Իւրայատուկ ցուցահանդէս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ
Հայերը եւ Երուսաղէմը
Ցուցահանդէսները ընդհանրապէս հաճոյք պարգեւող փորձառութիւններ են, յատկապէս երբ այցելուն անմասն կը մնայ անոր կազմակերպութեան եւ համադրումի խրթին աշխատանքներէն՝ արուեստի գործերու փոխադրութիւն, ապահովագրութիւն, մաքսազերծում եւ այլն. իսկ ցուցահանդէսներու ժամկէտները գրեթէ միշտ շատ սեղմ են։
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը սովորաբար ցուցահանդէսներ չի կազմակերպեր. սակայն 2024 թուականը բացառութիւն էր։ Բաժանմունքը երկու հետաքրքրական բայց իրարմէ շատ տարբեր ցուցահանդէսներ ներկայացուց Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ: Առաջինը նուիրուած էր Հայկական Բաժանմունքի պատմութեան ու գործունէութեան, արտասովոր վայրի մը՝ Հիմնարկութեան ճաշարանին մէջ, իսկ երկրորդը նուիրուած էր սաղիմահայութեան եւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանին։ Այս ցուցահանդէսները կազմակերպելու պատճառները շատ տարբեր էին, բայց երկուքն ալ եզակի իրադարձութիւններ էին Բաժանմունքին, բովանդակ Հիմնարկութեան եւ ընդհանուր առմամբ այցելու հանրութեան համար։
Ուրախ ենք այս առիթով ներկայացնելու «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ցուցահանդէսին պատրաստութեան քուլիսներու ետին աշխատանքները, որ ի յայտ կը բերեն Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարանի փորձագէտներու կողմէ ցուցադրութեան տեղադրումի գործընթացը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին եզակի եւ արժէքաւոր իրեր. անոնց ճամբորդութիւնը Սուրբ քաղաքէն մինչեւ Լիզպոն թէեւ հետաքրքրական, բայց միաժամանակ մտահոգիչ էր, յաճախ լի անկանխատեսելի մարտահրաւէրներով:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տաճարէն բերուած 1756 թուականի ձեռակերտ ասեղնագործ խորանի վարագոյրը մանրակրկիտ ուսումնասիրուեցաւ Հիմնարկութեան մասնագէտին կողմէ՝ կարգավիճակի զեկոյցի մը համար, այնուհետեւ վարագոյրը ամենայն զգուշութեամբ ամրացուեցաւ պաշտպանիչ ապակիին ետեւը։ Յատկապէս դժուար էր հաւկթաձեւ կախազարդերը ամրացնելը՝ հաշուի առնելով անոնց փխրուն եւ կոր բնոյթը. պէտք էր անոնց կայունութիւնը ապահովել: Այցելուները կրցան տեսնել 18-րդ դարու Կուտինա շինուած հաւկթաձեւ եկեղեցական զարդը Պալեան ընտանիքի հաւաքածոյէն, մինչ կը հնչէին հայկական հոգեւոր երաժշտութեան նմուշներ՝ ստեղծելով խորհրդաւոր մթնոլորտ մը։ Ցուցադրուած էին գիրքեր եւ արխիւային փաստաթուղթեր, ներառեալ՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի անձնական օրագիրին բնօրինակը, ուր պատկերուած է անոր այցը Պաղեստին։ Ցուցահանդէսի տարածքը սահմանող պատերուն կ՛ամրացուէին բացատրագիրները, որոնց ուշադիր կը հետեւէր ցուցահանդէսի ձեւաւորողը. անոր կեդրոնացած աշխատանքին եւ խստապահանջ մօտեցումին շնորհիւ ամեն ինչ կը վերահսկուէր ճշգրտութեամբ, անհամար լուծումներ գտնելով անսպասելի խնդիրներու:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանի կառուցումին վերաբերող նորայայտ արխիւներ, ներառեալ գրադարանին ճարտարապետական յատակագիծերը, Կիւլպէնկեանի եւ օրուան պատրիարքին նամակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անձնական գրադարանէն Երուսաղէմի մասին գիրքեր:
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախ է նաեւ տրամադրելու կարճ տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէ առաջին եւ ամենահին սփիւռքեան այս համայնքին պատմութեան ու ներկային նուիրուած ցուցահանդէսը. համայնք մը որ կը գոյատեւէ հազարամեակէ մը աւելի, ի հեճուկս մեծ փոփոխութիւններու, ցնցումներու եւ պատերազմներու։
«Հայերը և Երուսաղէմը» ցուցահանդէսի մասին կրնաք կարդալ մեր կայքէջին յօդուածը եւ յայտարարութիւնը։
Ցուցահանդէսին գրքոյկը (անգլերէն եւ փորթուկալերէն) նոյնպէս տրամադրելի է:
ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ
Ցուցահանդէսը համադրեց
Շողեր Մարկոսեանը։
Ցուցահանդէսը նախագծեց/ձեւաւորեց
Սոֆիա Մէնտէշը։
Ցուցադրուած պատմական լուսանկարները՝
Կիւլպէնկեան արխիւէն եւ Քոնկրէսի գրադարանէն:
Ժամանակակից լուսանկարները՝
Հրայր Խաչերեանի եւ Գայիանէ Անդրէասեանի:
Ցուցադրուած գիրքերը եւ արխիւային փաստաթուղթերը՝
Կիւլպէնկեանի արխիւէն։
Ցուցադրուած խեցեղէն կտորները՝
Երուսաղէմի Պալեան ընտանիքի հաւաքածոյէն:
Խորանի վարագոյրը եւ եկեղեցական զարդը՝
Երուսաղեմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Արուեստի գրադարանի եւ արխիւի հետ համագործակցութեամբ։
Տեսանիւթի պատրաստութիւն՝
Արա Մածունեանի եւ Հրայր Քալեմքէրեանի։