Դիմումներու հրաւէր – «IMAS-ի Այցելու մասնագէտ» ամբիոն

Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկը (INALCO), Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ գործակցութեամբ, կը հրապարակէ դիմումներու հրաւէր մը՝ «Հայագիտական միջազգային մագիստրոսական» (IMAS) ծրագիրի «Այցելու մասնագէտ» ամբիոնի համար։
04 Մյս 2026

Այս ծրագիրին նպատակն է չորսէն-հինգ շաբաթուան տեւողութեամբ հիւրընկալել բարձրակարգ հետազօտող մը, որպէսզի իր մասնակցութիւնը բերէ IMAS մագիստրոսական ծրագիրի ակադեմական եւ կրթական աշխուժութեան, միաժամանակ բարձրացնելով հայագիտութեան միջազգային հեղինակութիւնը։

Ամբիոնի նպատակներ են.

  • Հայագիտութեան մասնագէտի մը տրամադրել խթանիչ ակադեմական միջավայր մը INALCO-ի մէջ, կեդրոնանալով նորարարական եւ առնչելի հետազօտական նիւթի մը վրայ։
  • Հայագիտութիւնը դնել մարդկային ու հասարակական գիտութիւններու, եւ մարդկային ուսմանց ու արուեստի ոլորտներու հետ արդիւնաւէտ երկխօսութեան մէջ։
  • Խթանել հետազօտական, դասաւանդումի եւ տարածումի միջազգային ցանցերու զարգացումը։
  • Նպաստել կրթական նիւթերու ստեղծումին, որոնք մատչելի ըլլան IMAS-ի ուսանողներուն եւ լայն հասարակութեան։

Դիմումներու պայմաններ.

Հրաւէրը ուղղուած է հայագիտութեան ոլորտի կայացած հետազօտողներու, որոնք կը մասնագիտանան հետեւեալ ճիւղերէն մէկուն մէջ՝ հասարակական գիտութիւններ, լեզուաբանութիւն, պատմութիւն, մարդկային գիտութիւններ կամ արուեստ։

Յատկապէս ողջունելի են այն դիմումները, որոնք.

  • Կը շօշափեն հայ աշխարհի արդի հարցերը՝ իրենց քաղաքական, մարդկային, մտաւոր եւ պատմական բարդութեամբ։
  • Կ’ուսումնասիրեն սփիւռքեան ուժականութիւնը, եւ Հայաստանի ու սփիւռքներու միջեւ հոսանքները (մարդոց, գիտելիքի, գործելակերպերու, համակարգերու փոխանակումներ եւ այլն)։
  • Կը ներառեն դասաւանդում արեւմտահայերէնով (նախընտրելի բայց ոչ պարտադիր)։

Դիմումները պիտի գնահատուին յանձնախումբի մը կողմէ, որ կը բաղկանայ IMAS մագիստրոսական ծրագիրի դասախօսական կազմի եւ INALCO-ի Հետազօտական յանձնախումբի ներկայացուցիչներէ, արտաքին ակադեմական փորձագէտներէ, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ներկայացուցիչէ մը՝ խորհրդատուի կարգավիճակով։

Յայտարարութիւնը կը բացուի 27 ապրիլ 2026-ին, իսկ դիմումներու վերջնաժամկէտն է 15 յունիս 2026։

Դիմումներու յայտը կարելի է գտնել հոս, նաեւ ֆրնասերէնով՝

դիմումներու յայտ

 

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ դիմելու համար, այցելեցէք INALCO-ի պաշտօնական կայքէջը։

Դիմում

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։