Ակնարկ մը «արդ եւս»-ի զարգացող աշխարհին վրայ
«արդ եւս» ժամանակակից մշակոյթի նպաստի ծրագիրին միջոցով, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը շարունակէ արեւմտահայերէնը ճանչնալ իբրեւ կենդանի ընկերային ենթակառոյց: Ծրագիրը կը հրաւիրէ մտածողներ, ստեղծագործողներ եւ թուային նորարարներ՝ ընդլայնելու գեղարուեստական արտայայտութեան սահմանները՝ լեզուով արծարծելու այսօրուան թեմաները:
Մինչ այս նորարարական նախաձեռնութիւնները իրականութիւն կը դառնան, ուրախ ենք հակիրճ ակնարկի առիթ մը տալու կարգ մը նորարարական նախագիծերու վրայ, որոնք ներկայիս սփիւռքի եւ արեւմտահայերէնի թուային ու մշակութային համայնապատկերը կը վերակերտեն:
1. Ձայնաւորը պատկերին մէջ. սփիւռքահայ նկարիչի եւ գրողի ստեղծագործական երկխօսութիւնը
Ի՞նչ կը պատահի երբ տեսողական արուեստի վարպետի մը փորագրութիւններն ու կտաւները կը հանդիպին գրական հսկայի մը արձակին: Այս առցանց ներկայացումը կը ստեղծէ շարժուն տարածք մը, ուր կը խաչաձեւուին Ասատուրի արուեստի գործերն ու Գրիգոր Պըլտեանի գրութիւնները: Կեդրոնանալով Սփիւռքի, ցրուածութեան եւ պայթումի թեմաներուն վրայ՝ այս թուային ցուցադրութիւնը լոյս կը սփռէ արդի հայ գրականութեան եւ տեսողական արուեստին միջեւ գոյութիւն ունեցող ստեղծագործական համակեցութեան ու փոխազդեցութեան վրայ: Գեղանկարչութիւնն ու գրականութիւնը կողք-կողքի դնելով՝ ձեւն ու բովանդակութիւնը կը հաղորդակցին փոխլրացուցիչ հայեացքներով: Նախագիծը կը քննէ թէ ինչպէ՛ս ինքնութիւնը, յիշողութիւնը եւ վայրի ուժը կը գրուին ու կը նկարուին, հարուստ ներշնչումի աղբիւր հանդիսանալով այսօրուան գրողներուն, արուեստագէտներուն եւ մտածողներուն համար:
Ի՞նչ է.
Գեղարուեստական առցանց ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ ժամանակակից հայ նկարիչ Ասատուր Պզտիկեանի գործերը՝ ժամանակակից հայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի գրութիւններու կողքին, ինչպէս նաեւ անոնց գործակցութիւնը՝ պատկերազարդ գիրքերու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւններու առիթով:
Ո՞վ է ետին կանգնող ստեղծագործ միտքը.
Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ (Ֆրանսա, Պելճիքա), Նունէ Խուտավերտեան (Հայաստան, ԱՄՆ):
2. Աշխարհացոյց. ապրուած աշխարհագրութիւններու քարտէզագրում
Ինչպէ՞ս կրնանք այսօր յիշել, հասկնալ եւ նորովի իմաստաւորել արեւմտեան Հայաստանի տարածքները: «Աշխարհացոյց»-ը՝ ընթացիկ, փոխներգործուն հակաքարտէզագրումի ծրագիր մըն է, որ կը յենի ցեղասպանութենէն վերապրածներուն կողմէ գծուած թաղամասերու եւ քաղաքներու յիշողութեան քարտէզներուն վրայ՝ զանոնք երկխօսութեան մէջ դնելով արբանեակային պատկերներու, արխիւային ու ժամանակակից լուսանկարներու եւ 20-րդ դարու ճարտարապետական ու քաղաքային պատմութեան հետ: Ծրագիրը կը դիմադրէ ցեղասպանութեան ժխտման եւ պատմութեան նենգափոխման պատումներուն՝ վերականգնելով կորսուած տարածական պատմութիւնները եւ կերտելով հայկական պատկանելիութեան հակաքարտէզագրութիւն մը, որուն կ’օժանդակէ արեւմտահայերէնի տարածական եւ քաղաքային բառամթերքի աճող բառարան մը: Հիւսելով աշխարհագրութիւնը, լուսանկարչութիւնը, լեզուն եւ յիշողութիւնը՝ նախագիծը վերստին կը կապէ մարդն ու վայրը, միաժամանակ ուղի հարթելով դէպի վերականգնողական ապագայ մը:
Ի՞նչ է.
Թուային քարտէզագրումի նախագիծ մը, որ կը վերանշէ պապենական գիւղերը, թաղամասերն ու քաղաքները արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն մէջ՝ յիշողութեան, արխիւային վաւերագիրներու, լուսանկարչութեան եւ արդի տարածական տուեալներու միջոցով: Ծրագիրը կը վերականգնէ լեզուն, պատմութիւններն ու մոռացութեան մատնուած քաղաքային պատմութիւնները:
Ո՞վ է ետին կանգնող ստեղծագործ միտքը.
Կարին Պօղոսեան (Լիբանան, Հայաստան, ԱՄՆ):
3. Վազրիկ Լուցկի. Պուրճ Համուտի վերաիմաստաւորումը պատկերապատումի եւ տեսողական պատմողականութեան միջոցով
Արդի պատմողականութիւնը կը նկատուի որպէս զգացական արձագանգումի միջոց: «Վազրիկ Լուցկի»-ն շարանկար մըն է, որ կը քննէ, թէ ինչպէս կարելի է այս արձագանգումը ստեղծել՝ գործածելով յիշողութիւնը, քաղաքային տեսարաններն ու լեզուն: Սեւ ու ճերմակ պատկերազարդումներու, միջավայրային պատմողականութեան եւ Պուրճ Համուտէն ու անոր համայնքէն քաղուած յղումներու միջոցով՝ նախագիծը կը պատկերացնէ այլընտրանքային ապագայ մը, որ միաժամանակ թէ՛ տարօրինակ է, թէ՛ ծանօթ: Այս ծիրին մէջ, արեւմտահայերէնը կը դառնայ գործուն միջոց մը, որ կը ստեղծէ զգացական արձագանգում մը, բնակելով պատմութեան ամեն մէկ խաւին մէջ՝ երկխօսութիւններէն ու կատակներէն մինչև ցուցանակները, մշակութային յղումներն ու առօրեայ կեանքը:
Ի՞նչ է.
Ձեռքով գծուած, առաջապահ շունչով գիտաերեւակայական շարանկար մը, որ գլխաւոր հերոսին փորձառութիւններուն ընդմէջէն կ’անդրադառնայ Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող շարք մը անհեթեթ իրադարձութիւններու: Պատումը կը շօշափէ քաղաքի մեր ընկալումը եւ անոր առանցքային ազդակները, ինչպէս նաեւ կը ձեւաւորէ մեր առնչութիւնը քաղաքին ու զայն յիշելու ձեւին:
Ո՞վ է ետին կանգնող ստեղծագործ միտքը.
Արուեստագէտներու, ճարտարապետներու եւ մարդաբաններու «Լուցկի» խմբակը. Շողակ Յովհաննէսեան, Վարագ Գարագաշեան, Սերժ Մանուկեան, Արազ Գոճայեան (Լիբանան):
Ներշնչել արեւմտահայերէնի ապագան
Այս նախագիծերը պարզ ստեղծագործական փորձերէ աւելի են. անոնք նոր ձեւաւորուող մշակութային համակարգի մը հանգոյցներն են: Զուգորդելով արեւմտահայերէնը արդիական ձեւաւորումի, փոխներգործուն քարտէզագրութեան եւ թուային պատմողականութեան հետ՝ «արդ եւս»-ի մրցանակակիրները կ’ընդլայնեն այն տիրոյթները, ուր լեզուն կ’ապրի ու կը շնչէ:
Հետեւեցէ՛ք մեզի, մինչ այս հարթակները կը զարգանան եւ յառաջիկայ ամիսներուն նորանոր նախագիծեր կեանքի կը կոչուին: Անոնք մեզ կը հրաւիրեն ո՛չ միայն նայելու թէ ուրկէ՛ եկած ենք, այլեւ նայելու «արդ եւս»-ին՝ ներկային եւ թէ դէպի ո՛ւր կ’երթանք:
«արդ եւս»-ի նպաստները էական աջակցութիւն կը տրամադրեն արեւմտահայերէնով ժամանակակից մշակութային գործունէութեան՝ խթանելով նորարարութիւնը, քննական մտածողութիւնն ու բնական կապերը Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: