«Gulbenkian Prize for Humanity» մրցանակ 2025

«Հակարջային եւ Հարաւային ովկիանոսի դաշինք»-ը (The Antarctic and Southern Ocean Coalition) կը շահի այս տարուան մրցանակը։
17 Հլս 2025

Հակարջային եւ Հարաւային ովկիանոսի դաշինք (The Antarctic and Southern Ocean Coalition, այսուհետ՝ ASOC) կազմակերպութիւնը աւելի քան 40 տարի եղած է Հակարջայինի պահպանութեան ռահվիրան: 2025 թուականի յուլիս 9-ին անոր ջանքերը արժեւորուեցան «Gulbenkian Prize for Humanity» մրցանակի պարգեւատրումով։  

ASOC-ը հիմնուած է 1978-ին, 25 հիմնադիր անդամներով՝ ներառեալ Greenpeace-ը եւ The World Wide Fund for Nature-ը (WWF): Դաշինքը կ՚աշխատի աշխարհի ամենազգայուն շրջաններէն մէկուն՝ Հակարջայինի եւ շրջակայ Հարաւային ովկիանոսի պաշտպանութեան համար։  

Որպէս միակ բնապահպանական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը որ Հակարջային Պայմանագիրի (The Antarctic Treaty) նիստերուն մասնակցելու իրաւունք ունի, ASOC-ը կը ներկայացնէ Հակարջայինի պահպանութեան համայնքը համաշխարհային գետնի վրայ եւ ազդեցութիւն ունի այն որոշումներուն վրայ որոնք կը կայացուին Հակարջայինի կառավարումի կառոյցներուն կողմէ։  

Գերմանիոյ նախկին վարչապետուհի Անկելա Մերքէլի նախագահութեամբ անկախ դատակազմը մրցանակակիրը ընտրեց 115 երկրներէ եկած 212 թեկնածուներու մէջէն։ Մրցանակը ստացան ASOC-ի ներկայացուցիչներ Քլէր Քրիստիանը (գործադիր տնօրէն), Ճիմ Պարնզը (հիմնադիր), Ռիքարտօ Ռոուրան (աւագ խորհրդատու) եւ Իւնհի Քիմը (ծովային պահպանութեան փորձագէտ): Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ։  

«Gulbenkian Prize for Humanity»-ն, որ առաջին անգամ շնորհուեցաւ 2020 թուականին, կը պարգեւատրէ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու, որոնք կ՚առաջնորդեն հասարակութեան ջանքերը՝ մարդկութեան առջեւ այսօր ծառացած ամենամեծ մարտահրաւէրին՝ կլիմայի աղէտին դէմ պայքարելու համար: Մրցանակը մէկ միլիոն եւրօ կ՚արժէ: 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։