49 սփիւռքահայ ուսուցիչներ արժանացան հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակին

07 Հլս 2020

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Սփիւռքի ուսուցիչներուն ուղղուած մրցանակ մը յայտարարեց Ապրիլ 2020-ին: 

«Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին նպատակն էր քաջալերել Պսակաձեւ ժահրին պարտադրած ինքնամեկուսացումին պատճառաւ առցանց հարթակներ տեղափոխուած կրթական ընթացքին մէջ հայերէնով իրենց ներդրումը ունեցող ուսուցիչներուն անհատական աշխատանքները:

Ուսուցիչները պէտք է դիմէին ներկայացնելով իրենց պատրաստած նիւթերը, իրենց աշակերտներուն հետ ունեցած հաղորդակցութեան օրինակները, եւ իրենց օգտագործած առցանց հարթակին վրայ իրականացուած ուսուցողական տուեալ աշխատանքին ընթացքն ու նպատակակէտերը բացատրող գրութիւն մը:

Մրցանակը դիմումներ ընդունեց վեց շաբթուան ընթացքին: Դիմումներուն արժեւորումի աշխատանքները կատարուեցան երկշաբաթեայ դրութեամբ, եօթը հոգիէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ, եւ նկատի ունենալով հետեւեալ չափանիշերը.-

  • Առցանց համակարգերու գործածութեան մէջ առաջարկուած նորարար մօտեցումները:
  • Մանկավարժական մեթոդաբանութեան կիրարկելիութիւնը եւ ճկունութիւնը։
  • Աշակերտներուն մասնակցութիւնը եւ անոնց համար «հաճելի»-ի ազդակը։
  • Գործադրութեան եւ հայերէնի գործածութեան որակը:
  • Ուրիշներուն կողմէ ծրագիրին գործածելիութեան հեռանկարը։

Այս վեց շաբաթներուն ընթացքին, Հիմնարկութիւնը 13 երկիրներէ 106 դիմումներ ստացաւ՝ ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական դպրոցներու մէջ աշխատող ուսուցիչներէ: Դիմողներուն մեծամասնութիւնը հայոց լեզուի դասատուներ էին, բայց մրցանակը սահմանափակուած չէր իրենցմով: Պատմութեան, կրօնի, թուաբանութեան, գիտութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ մարզանքի ուսուցիչներ դիմեցին իրենց տարբեր բնոյթի աշխատանքներով՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը բացայայտելով իր եւ իր աշակերտներուն ունեցած փորձառութիւնը հեռավար ուսումնառութեան աշխարհին մէջ: Դիմողներուն միջին տարիքը 44-ն էր:

Հիմնուելով դիմողներու մեծ թիւին վրայ եւ հնարաւորին չափ շատ ուսուցիչներ քաջալերելու նպատակով, նախապէս յայտարարուած 30 մրցանակին փոխարէն Հիմնարկութիւնը տրամադրեց 500 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ 49 նպաստ, քաջալերելով դիմողներուն 46 %-ը:

«Դժբախտաբար չէինք կրնար մրցանակ տրամադրել բոլոր մասնակիցներուն, այնուամենայնիւ կը գնահատենք բոլորին ջանքերը եւ ընդհանրապէս հայերէնի դասաւանդումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց անոնց կատարած մեծ աշխատանքը՝ մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն», նշեց Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաք գտնել կցուած աղիւսակներուն մէջ: Մրցանակին յայտարարութիւնն ու մասնակցութեան պայմանները կարդալ այստեղ:

«Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին 49 մրցանակակիրներն են.-

1.Աբրահամ Աբրահամեան

28.Նաթալի Պաղտատ Գոճապայ

2.Ալինա Հաճեան Ալիսիա Ներկիզեան (խմբային դիմում)

29.Թալին Աշիքեան

3.Ալիք Արզումանեան

30.Թալին Ճռճըռեան Պերեճիքլեան

4.Անահիտ Հովհաննիսյան

31.Թամար Մանկասար

 5.Անի Մալճեան Կէօքկէօզեան

32.Թամար Յակոբեան Եալմանեան

6.Անի Չափարեան Մոսկոֆեան

33.Թամար Չափարեան Քէշիշեան

7.Անի Պիլալեան

34.Նայիրի (Նանոր) Փանոսեան Պետրոսեան

8.Անի Գարասապան

35.Նորա Սարաֆեան Թաշճեան

9.Ատրինէ Մալխասեան

36.Շողեր Աշըգեան

10.Արտեմիս Մկրտիչեան

37.Պելէն Ստեփանեան

11.Գայանե էրզրումյան

38.Պէթի Պէրպէրեան

12.Գարին Աքալ

39.Սանտրա Համամճեան

13.Գոհար Մանճեան

40.Սեւան Պօղոս Տէր Պետրոսեան

14.Գոհար Սաֆարեան
Գարինա Սիլվիա Պալեան (խմբային դիմում)

41.Սոնիա Պաղտասարեան

15.Լենա Գույումճեան Արապօղլեան

42.Սօսէ Պայրամեան

16.Լեռնա Գարագիւթիւք

43.Սօսի Գարօղլանեան Չիլինկիրեան

17.Լիզա Ճիկէրեան Մանոյեան

44.Սօսի Կարճիքեան

18.Լիւսի Տէօքմէճեան

45.Վահան Սաղտըճեան

19.Ծովինար Կիւմիւշեան Պոյաճեան

46.Վարդուկ Ռոզ Ֆռնըզլեան

20.Հայկանուշ Մինասեան
Անի Աբիկեան Արաքսի Միքայէլեան
Անուշ Ֆենդեան (խմբային դիմում) 

47.Վիվիանա Պասմաճեան

21.Հերա Իսքենտերօղլու

48.Ցոլինէ Էլմայեան

22.Հռիփսիմէ Նալպանտեան

49.Փոլին Նազարեան Մերտխանեան

23.Ճորճ Արապաթլեան

 

24.Մանուշակ Ալեքսանեան

 

25.Մարինա Դանոյան

 

26.Մարօ Այնթապեան

 

27.Նաթալի Գէորգեան

 

Մեր սրտագին շնորհաւորանքները բոլոր մրցանակակիրներուն:

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։