2026-ի արդ եւս-ի նպաստառուները յայտարարուած են

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-ի արդ եւս-ի տասը նպաստառուները: Այս տարի եւս, ժամանակակից մշակոյթ ձեւաւորողները զայն կը դիտարկեն որպէս ընկերային ենթակառուցուածք՝ կենդանի ու շնչող ցանց մը, որ արեւմտահայերէնը կը գործարկէ շարժապատկերի, թուային գործիքներու, երաժշտութեան եւ բեմականացման միջոցով:
24 Ապր 2026

Հայկական համաշխարհային բնապատկերին շարունակ զարգացումի պայմաններուն, արդ եւս նպաստի ծրագիրը կը մնայ կենսական հարթակ մը ժամանակակից ստեղծագործողներուն համար, որոնք արեւմտահայերէնը կը գործածեն որպէս նորարար արտայայտութեան գործուն միջոց: Այս փուլին ընտրուած ծրագիրները ցոյց կու տան թէ արուեստը ինչպէ՛ս կրնայ կամրջել սահմաններ՝ իրար միացնելով հայկական Սփիւռքի համայնքները, ձայներն ու յիշողութիւնները:

Այս տարուան ընտրութիւնը կը ներկայացնէ աշխարհագրական լայն տարածում՝ Լիբանանէն եւ Հայաստանէն մինչեւ Ֆրանսա, Գերմանիա, Գանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ արտացոլելով արեւմտահայ ստեղծագործական աշխարհի համաշխարհային բնոյթը:

Նպաստառուները եւ նախագիծերը.

Արման Փեշտմալճեան (Հայաստան/Ֆրանսա/ԱՄՆ)՝ 1001 ձայն

Երաժշտական նախագիծ մը, որ կը հետազօտէ համաշխարհային հայկական փորձառութեան բազմազան ձայնային արտայայտչաձեւերը։

Այս արեւմտահայ երաժշտական նախագիծին նպատակն է ստեղծել, կատարել եւ անդրազգային մակարդակով տարածել ինքնատիպ երաժշտական գործեր։ Նախագիծը կը քննէ թէ արեւմտահայերէնը ինչպէ՛ս կրնայ ծառայել որպէս հնչիւնային միջոց՝ խառնածին յօրինումներու, մասնակցային աշխատանքցներու եւ համայնքային երաժշտական գործունէութեան մէջ։

Այս նախագիծին ընդմէջէն պիտի յօրինուին հինգ նոր արեւմտահայերէն գործեր. ստեղծագործութիւնները պիտի հիմնուին նորագիր կամ ստեղծագործաբար թարգմանուած արդի բնագիրներու վրայ, որոնք կ’արծարծեն համաշխարհային թեմաներ, ինչպէս՝ գաղթը, թուային օտարացումը, բնապահպանական տագնապը եւ բեկորուած ինքնութիւնները։

Հայ ստեղծագործներ (ԱՄՆ/Խումբ)՝ Այն բառերը, որոնք մեզի կը նուիրեն. ցրուած դպրոցներ

Հաւաքածոյ մը, ուր իւրաքանչիւր ներդրում կ’առաջարկէ արեւմտահայերէնի թարգմանութեան եւ կիրարկումի փորձարական դպրոց մը։

Հրատարակութիւն մը, որ պիտի մէկտեղէ դասեր, նախագիծերու փաթեթներ, աշխատանքային տետրակներ եւ աւելին, ուր իւրաքանչիւր մասնակից պիտի ներկայացնէ ինքնատիպ մեկնաբանութիւն մը՝ հիմնուած իր հետազօտութիւններուն վրայ։ Մասնակիցները պիտի գործակցին իրենց ընտրութեամբ արխիւներու, հաստատութիւններու, թարգմանիչներու կամ կազմակերպութիւններու հետ՝ որպէսզի կարենան խորասուզուիլ նիւթերուն մէջ։ Թարգմանութիւնը գործողութիւն մըն է, որ կը բացայայտէ լեզուի բարդութիւնը, իսկ հրատարակութիւնները շօշափելի հարթակ մը կու տան այդ բարդութիւնը վերլուծելու եւ ընկալելու համար։

Ոգեշնչուած թարգմանական գործընթացներու բազմազանութենէն՝ նպատակն է ցոյց տալ այն զանազան ձեւերը, որոնցմով կրնայ տեղի ունենալ թարգմանութեան գործընթացը, եւ հետեւաբար՝ արեւմտահայերէնի կիրարկումը։ Փաստելով որ լեզուն բազմաշերտ է եւ ունի ստուգաբանական, հասարակական-պատմական ու անհատական իմաստներու խորքեր՝ թարգմանութիւնը պիտի բացայայտէ հենց այդ բազմաշերտութիւնը։

Քրիստոֆըր Ադամեան, Թամար Յովսէփեան, Նանէ Դաւթեան (ԱՄՆ/Հայաստան/Խումբ)՝ Աննա Պօղիկեան. վաւերագրական ֆիլմ

Շարժապատկերային դիմանկար մը՝ հանրայայտ արդի արուեստագէտ Աննա Պօղիկեանի մասին, որուն գործերը զգալիօրէն ձեւաւորած են ինքնութեան, յիշողութեան, նիւթականութեան եւ մշակութային շարունակականութեան շուրջ ծաւալած տրամասումները արդի արուեստի աշխարհին մէջ։

Այս նախագիծը թէ՛ մարտահրաւէր է, թէ՛ նախակարապետ իր ջանքերուն մէջ՝ թարգմանելու բարդ եւ մտաւորական առումով խիստ արուեստի մը կիրարկումը՝ վերածելով զայն համոզիչ շարժապատկերային պատումի մը։ Ան ունի նաեւ կրթական բնոյթ՝ արուեստագէտին գործը թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համաշխարհային արդի արուեստի պատմութեան պարունակին մէջ դնելու իր յանձնառութեամբ, միեւնոյն ժամանակ մեծարելով ապրող մշակութային դէմք մը, որուն ազդեցութիւնը կը գերազանցէ ազգային սահմանները։

Ֆիլմը պիտի միախառնէ բարձրորակ պատկերային արուեստ, արխիւային նիւթեր, արուեստանոցէն կատարուած նկարահանումներ, ցուցահանդէսներու վաւերագրումներ եւ հարցազրոյցներ՝ արուեստագէտին, համադրողներու, գիտնականներու եւ գործակիցներու հետ։ Խնամքով մշակուած տեսողական լեզուի մը միջոցով՝ ֆիլմը պիտի հետեւի արուեստագէտին ստեղծագործական ընթացքին եւ անոր արուեստի մտաւորական հիմքերուն՝ արձանագրելով անոր գործը մշակութային եւ պատմական աւելի լայն շրջարկի մը մէջ։

Յակոբ Մանուկեան (Լիբանան/Հայաստան)՝ Լիբանանի հայկական հնչիւնապնակը

Նախագիծ մը, որ «կ՚որսայ» ու կը ներկայացնէ Լիբանանահայ համայնքի ինքնատիպ հնչիւնային համայնապատկերը եւ երաժշտական ժառանգութիւնը։

Ֆիլմը պիտի վաւերագրէ Պէյրութի երաժշտական ուղեծիրն ու ժառանգութիւնը՝ քննելով թէ արուեստն ու լեզուն ինչպէ՛ս կ’արտացոլեն իրենց ժամանակը, եւ թէ ինչպէ՛ս պատմական, քաղաքական ու տնտեսական ուժերը կը ձեւաւորեն արուեստի ուղղութիւնն ու արտայայտչաձեւերը։

Լիբանանը, որպէս Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի կենսական հանգրուան, այստեղ կը ներկայացուի որպէս մշակութային եւ երաժշտական զարթօնքի վայր մը, ուր հայերու պատմութիւնը կը ծաւալի լիբանանեան պետութեան պատմութեան զուգահեռ՝ կազմաւորում, աճ, ծաղկում, տագնապ եւ վերանորոգումի մշտական ձգտում։ 1960-70-ական թուականներուն, մշակութային վերածնունդին զուգահեռ, արեւմտահայերէնը կ’ապրի մեծ վերակենդանացում, եւ կը ձեւաւորուի երաժշտական զարթօնք մը, ուր նոր ձայնագրութեան սթիւտիոներ կը հիմնուին, նուագախումբեր կը կազմուին, եւ մարդիկ կը փորձարկեն երաժշտութեան հետ՝ ստեղծելով կայտառ երաժշտական մթնոլորտ մը, որ դուրս կու գայ աւանդական ձեւերու սահմաններէն։ Լիբանանահայ երաժիշտները կը տատանին հայկական ժողովրդական, արաբական եւ միջինարեւելեան այլ երաժշտութիւններու ու միջազգային արդի հոսանքներու միջեւ։

Վաւերագրական ֆիլմը կը ձգտի այս երաժշտական արուեստի աշխարհը հետազօտելու եւ զայն հայ մշակութային քննարկուներուն վերադարձնելու։

Հրանդ Գալեմքէրեան (Ֆրանսա/Լիբանան)՝ ՕԴԱԲԵՐԻԿ

Երեւակայական օդապարիկ մը, որ կը ճամբորդէ աշխարհով մէկ՝ նոր պատմութիւններ եւ տեսանկիւններ բերելով արեւմտահայերէնի լեզուական արտայայտութեան։

Երկու մասէ բաղկացած այս նախագիծը նախ պիտի ներկայացնէ վաւերագրական-յորինովի շարք մը՝ «Վառվռե՞մ կամ ձգձգե՞մ» խորագրով։ Օգտագործելով արխիւներ, լուսանկարներ, նամակներ, բանաւոր պատմութիւններ եւ մտերիմ շրջանակներու մէջ պատմուած դէպքեր՝ անիկա պիտի վաւերագրէ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու պատմութիւնները եւ զանոնք պիտի բերէ Պուրճ Համուտ՝ վերստին պատմուելու համար։

Երկրորդ բաժինը «Լուրիկ-բերիկ»-ն է, որ պիտի հաւաքէ լուրեր տարբեր հայ համայնքներու առօրեայ կեանքէն։ Ինչպէս սրամիտ ու դիպուկ ձայնասփիւռի հաղորդում մը, անիկա պիտի սփռէ սփիւռքեան պատմութիւններ, որոնք կը միախառնեն երեւակայական եւ իրական տարրեր։ Շեշտելով հայկական տարբեր համայնքներու կենցաղային սովորականութիւնն ու ներքին ուժականութիւնը՝ այս նախագիծը պիտի գործածէ «stop-motion» թեքնիքը՝ պատմութիւնները կարճ տեսանիւթերու միջոցով ներկայացնելու համար։

Մարլէն Ետոյեան (Գանատա/Հայաստան)՝ Լեզուի հոգե-աշխարհագրութիւնը

Հետազօտութիւն մը թէ շրջապատն ու մեր բնակած տարածքները ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն ընկալումներ, վարքագիծեր ու փորձառութիւններ։

Փորձագրական խառնածին ֆիլմ մը, որ լեզուին կը մօտենայ հոգե-աշխարհագրութեան պրիսմակով։ Ֆիլմը կը քննէ թէ լեզուն ինչպէ՛ս կը գոյատեւէ երբ կը զրկուի կայուն աշխարհագրութենէ, եւ թէ ինչպէ՛ս կը վերաձեւաւորէ ինքնութիւնը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ։ Ֆիլմը կը ծաւալի երկու վայրերու մէջ՝ Մոնրէալ եւ Հայաստան։ Տպաւորապաշտ փորձագրութիւն մը՝ ոգեշնչուած Փարաջանովի արուեստէն։

Նախագիծը կը քննէ լեզուի, վայրի եւ ինքնութեան միջեւ եղած փխրուն, բայց յարատեւ կապը՝ հարց տալով, թէ ինչպէ՛ս կը ձեւաւորուի, կը բեկանուի եւ վերստին կը պատկերացուի պատկանելիութիւնը տեղաշարժի միջոցով։ Անիկա հարցադրումներ կը կատարէ թէ լեզուն ինչպէ՛ս կը փոխադրէ յիշողութիւնը տարբեր տարածքներու վրայ, թէ ինչպէ՛ս ինքնութիւնը տարբեր ձեւով կը շնչէ կախուած իր բնակած միջավայրէն, եւ թէ ինչպէ՛ս մշակոյթը կը զարգանայ թէ՛ հայրենի հողի վրայ եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Լեզուն կը դիտարկուի որպէս կենդանի տարր, պատմութեան, յոյզերու եւ հաւաքական յիշողութեան անօթ։ Լեզուները մեկուսի գոյութիւն չունին. անոնք կախեալ են կենսահամակարգերէ։ Ի՞նչ կը պատահի, երբ լեզուն կը կտրուի իր աշխարհագրական արմատներէն։ Ինչպէ՞ս կը դիմանայ, կը փոխակերպուի կամ կը քայքայուի անծանօթ միջավայրերու մէջ։ Այս գործը կը հետազօտէ պահպանումի եւ փոփոխութեան, անցեալին կառչած մնալու եւ շարունակական վերայայտնագործումին միջեւ եղած լարուածութիւնը։

Նիակարա Արմինէ Նէժ Թոնոլի (Ֆրանսա)՝ Երկու անգամ մեկնածները

Յուզիչ հայեացք մը տեղահանութեան շերտերուն եւ ինքնութեան դիմակայութեան։

52 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ֆիլմ մը Ֆրանսայի Ռոնի հովիտի (Décines, Valence, Vienne) հայ ընտանիքներուն մասին, որոնք մասնակցեցան դէպի Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան՝ 1936-ին եւ 1947-ին։ Վաւերագրութիւնը կը բաղկանայ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի այդ ընտանիքներու սերունդներուն հետ կատարուած հարցազրոյցներէն։ Անոնց պատմութիւններուն միջոցով ֆիլմը պիտի քննէ հայրենադարձութեան փորձառութիւնը, մեկնումը քաջալերող յոյսերը, Խորհրդային Հայաստանի մէջ հանդիպած դժուարութիւնները եւ այս իրադարձութիւններուն երկարաժամկէտ հետեւանքները՝ ինքնութեան, ընտանեկան յիշողութեան եւ լեզուին վրայ։

Ֆիլմի կեդրոնական առանցքներէն մէկն է արեւմտահայերէնի զարգացումը։ Որոշ պարագաներու մայրենի լեզուն պահպանուած է, իսկ այլ պարագաներու՝ աստիճանաբար փոխակերպուած կամ նոյնիսկ կորսուած։ Օգտագործելով հարցազրոյցներ, պատմական ու անձնական արխիւներ եւ կարեւոր վկայութիւններ՝ գլխաւոր արդիւնքը պիտի ըլլայ վաւերագրական շարժանկար մը՝ ֆրանսերէնով ու արեւմտահայերէնով, իսկ նկարահանուած հարցազրոյցները պիտի կազմեն բանաւոր պատմութեան փոքր արխիւ մը։

Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան (Գերմանիա)՝ Լեզուներ

Փորձարական հետազօտութիւն մը՝ գիրքը որպէս Սփիւռքն ու բազմալեզուութիւնը հասկնալու միջոց։

Բազմալեզու, փորձարական գիրք մը՝ հիմնուած Գրիգոր Պըլտեանի համանուն արեւմտահայերէն բնագիրին վրայ։ Նախագիծը կը համադրէ ընտրուած հատուածներ եւ Սփիւռքի ու բազմալեզուութեան շուրջ փորձագրական խորհրդածութիւններ՝ լուսանկարչական աշխատանքի հետ։ Որպէս արուեստի եւ քննութեան առարկայ՝ «Լեզուներ»-ը կ’օգտագործէ գիրքը որպէս միջոց հետազօտելու լեզուական համակեցութիւնը, թարգմանութիւնը եւ սփիւռքեան փորձառութիւնը։

Ընտրուած հատուածները պիտի ներկայացուին իրենց թարգմանութիւններուն կողքին, ուր թարգմանութիւնը կը դիտուի որպէս նիւթական եւ գաղափարական տարր, եւ ոչ թէ երկրորդական գործընթաց։ Միաժամանակ, լուսանկարչական աշխատանքը կ’առնչուի Սփիւռքի եւ բազմալեզու գոյութեան տարածքներուն, հետքերուն եւ նիւթական նշաններուն։ Պատկերները կը գործեն որպէս տեսողական բեկորներ՝ արձագանգելով բնագիրի կառուցուածքին եւ գիրքին մէջ ստեղծելով զուգահեռ, ոչ-խօսուած լեզու մը։

Սէրլի Խաչիկօղլու (ԱՄՆ)՝ Լեզուներու միջեւ. յիշողութեան լեզուն

Բազմազգայական ցուցահանդէս մը եւ անոր ընկերակցող կայքէջ մը, որ կը հետազօտէ հայկական միջսերնդային ինքնութիւնը՝ արեւմտահայերէնը դիտելով որպէս հոգածութեան, գոյատեւումի եւ պատկանելիութեան լեզու։

Այս գործը արմատաւորուած է անձնական եւ ընտանեկան պատմութիւններու մէջ՝ զանոնք հիւսելով տեսողական արուեստի, գրութեան, ձայնային եւ արխիւային նիւթերու միջոցով։

Հետեւելով թէ ինքնութիւնը ինչպէ՛ս կը վերակազմաւորուի միջավայրի փոփոխութեան հետ՝ նախագիծը կը հրաւիրէ խորհրդածելու թէ լեզուն ինչպէ՛ս կը ձեւաւորէ ինքնութիւնը, յիշողութիւնը, նախնիներու հետ կապը եւ մշակութային առնչութիւնը՝ որպէս ապրուած եւ մարմնաւորուած փորձառութիւն։ Անիկա ցոյց կու տայ, թէ անձնական պատմութիւնները ինչպէ՛ս կը փոխադրուին, կը բաժնեկցուին եւ կը վերաձեւաւորուին ժամանակի ու տարածութեան մէջ։ Անդրադառնալով բազմաշերտ փորձառութիւններու եւ բեկորայնութեան՝ արեւմտահայերէնը կը գործէ որպէս շաղկապող հիւսուածք երկիրներու եւ սերունդներու միջեւ՝ լեզուն պահելով թէ՛ որպէս տուն եւ թէ՛ որպէս կամուրջ։ Այս մտերիմ պատմութիւնները կը թարգմանուին զգայական, տարածական եւ թուային ձեւերու, որոնց միջոցով նախագիծը կը միացնէ արդի արուեստի կիրարկումը մշակութային պահպանումի հետ։

Ցոլակ Գալստեան (Հայաստան)՝ Մարմնաւորուած լեզու

«Նուար» (noir) ոճի պարային ֆիլմերու եռերգութիւն մը, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան ներքին ուժը կը թարգմանէ շարժումի եւ ստուերի լեզուով։

Միջգիտակարգային մշակութային նախագիծ մը, որ կը ստեղծէ պարային երեք կարճ ֆիլմեր՝ շարժապատկերային «նուար» ոճով, իւրաքանչիւրը ոգեշնչուած արեւմտահայ մեծանուն բանաստեղծի մը գործէ։ Ֆիլմերը պիտի վերամեկնաբանեն դասական արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը արդի պարի, շարժապատկերային գեղագիտութեան եւ փորձարարական ձայնային ձեւաւորումի միջոցով՝ հայերէնը գործածելով որպէս պատումի եւ բնագրային ներկայութեան լեզու։

«Film noir»-ի գեղագիտութեան կիրառումը պիտի բերէ ստուեր, բեկորայնութիւն, հակադրութիւն, բարոյական երկդիմութիւն եւ հոգեբանական լարուածութիւն։ Այս տարրերը կ’օգնեն անդրադառնալու արդի թեմաներու, ինչպէս՝ ինքնութիւնը, աքսորը, յիշողութիւնն ու պատկանելիութիւնը, որոնք սերտօրէն կ’արձագանգեն արեւմտահայ պատմական եւ արդի վիճակին՝ ցեղասպանութիւն, բռնի տեղահանութիւն, բազմաշերտ ինքնութիւն, յիշողութիւն եւ գոյատեւում։ Համադրելով դասական արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը, արդի պարարուեստը, «նուար» շարժապատկերային գեղագիտութիւնը եւ երիտասարդակեդրոն տեսալսողական արտադրութիւնը՝ նախագիծը գրական ժառանգութիւնը կը վերածէ կենդանի, մարմնաւորուած մշակոյթի։

Ներդրում լեզուի ապագային ուղղութեամբ

Այս նախագիծերուն սատարելով՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ մշակոյթը դիտել որպէս հիմնարար ենթակառուցուածք: Այս գործերը աւելին կ’ընեն, քան պարզապէս լեզուն պահպանելը. անոնք կը նորարարեն լեզուով՝ ապահովելով արեւմտահայերէնի մնայուն կապը քննական մտածողութեան հետ, արուեստի գերազանցութեան եւ ընկերային կապի միջոց:

արդ եւս|in view նպաստներ կը տրամադրէ՝ մինչեւ 10,000 եւրօ, իւրաքանչիւր նախագիծի համար: Անհամբեր կը սպասենք այս նախագիծերուն իրականացումին. անոնց յառաջիկայ տարիներուն պիտի ներկայացուին թուային հարթակներու, ցուցադրութիւններու եւ կահոնքներու միջոցով:

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։