«Սփիւռքեան հեռանկարներ» վերլուծական հարթակի մեկնարկ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնը՝ անդրադառնալու հայկական հիմնաhարցերու.

19 Նյմ 2025

«Սփիւռքեան հեռանկարներ» (“Diasporan Perspectives — The Gulbenkian Initiative on Armenian Issues”) նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 5 դեկտեմբեր 2025-ին, ժամը 17:30-ին: Միջոցառումին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ ուղիղ հեռարձակումով։

«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը վերլուծական հարթակ մըն է որ հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ նոր հետազօտութիւններ կը հրապարակէ՝ կեդրոնանալով Հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հանդիպումի վայր՝ առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ իրականացուած նախագիծերը պարարտ հող մը ստեղծեցին այս նախաձեռնութեան համար, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները անհրաժեշտ դարձուցին նման վերլուծական հարթակի մը ստեղծումը։

«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը նպատակ ունի հայկական իրականութիւնը հասկնալ աւելի լայն միջազգային շրջարկի մը մէջ: Սփիւռքի մէջ իսկ հիմնուած այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքեան տեսակէտները ազգային հարցերու վերաբերեալ՝ դուրսէն ներս մօտեցում մը բերելով, միաժամանակ հայկական Սփիւռքին հնարաւորութիւն տալով վերականգնել իր սեփական անկախ մտածողութիւնը ազգային հարցերու հանդէպ։ Անոր առաքելութիւնն է «խթանել նորարար հասարակագիտական ​​հետազօտութիւնները, վերլուծութիւնները եւ ռազմավարական մտածողութիւնը, որ փոխակերպող են, բաց են աշխարհին եւ որոնց թիրախը հայութիւնն է»։

«Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախագիծի պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ Հիմնարկութեան Նախագահ՝ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժոյի բացման խօսքով, որուն պիտի հետեւի քննական զրոյց մը որ պիտի անդրադառնայ հիմնական հարցերու՝ ինչո՞ւ հիմա՛ ստեղծել նման վերլուծական հարթակ մը,անիկա ինչո՞վ կը տարբերի նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւններէ, որո՞նք են նպատակներն ու խնդիրները, սփիւռքեան հեռանկար մը ունենալը ի՞նչ կ՚ենթադրէ ազգային խնդիրներու վերլուծութեան մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ հետազօտութիւնները հասցէագրել որոշում կայացնողներու…։ Բանախօսները նաեւ պիտի պատասխանեն լսարանի հարցումներուն։

Բանախօսներն են՝

  • Ռազմիկ Փանոսեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն։
  • Վիգէն Չըթըրեան, «Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախաձեռնութեան տնօրէն, Ժընեւի համալսարանի դասախօս, Զուիցերիա։
  • Արմինէ Իշխանեան, London School of Economics and Political Science-ի Ընկերային քաղաքականութեան Բաժինի դասախօս։

Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ անգլերէնով՝ առանց համաժամանակեայ թարգմանութեան։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։