Պարտէզի մը ստեղծումը
1958-ին երբ Անթոնիօ Վիանա Պարրէթոն եւ Կոնսալօ Ռիպէյրու Թէլլէսը սկսան Կիւլպէնկեան պարտէզը ստեղծել, անոնք նպատակադրած էին իրագործել նախագիծ մը, որ պիտի ընդլայնէր Փորթուկալի մէջ պարտէզի մասին եղած ընկալումներու սահմանները։ Իբրեւ Փորթուկալի կենսապատկերի ճարտարապետութեան առաջին սերունդի ներկայացուցիչներ, անոնք ստեղծեցին քաղաքային պարտէզ մը, որ պարզապէս գեղագիտական կանաչ տարածութիւն մը չէր, այլ մտածուած ովասիս մը, որ իր մէջ կը համադրէր Փորթուկալի ինքնատիպ բնապահպանական յատկանիշերը։
«Անոնք գործածեցին պարտէզին աշխարհագրական դիրքն ու մանրակլիմաները եւ որոշեցին, թէ ո՛ր բուսական համակեցութիւնը կատարելապէս պիտի համապատասխանէր իւրաքանչիւր հատուածին», կը նշէ Կիւլպէնկեան պարտէզի կրթական ծրագիրի համակարգող՝ Փօլա Քորթէ-Ռէալ։ Փոխանակ բնական միջավայրին տիրապետելու փորձ մը ընելու, անոնք նախընտրեցին կառուցել բնութեան հետ համահունչ՝ դնելով կենդանի պարտէզի մը հիմքերը, որ տասնամեակներու ընթացքին ինքնաբերաբար պիտի հարստանար կենսաբազմազանութեամբ։
Այսօր, աւելի քան 60 տարի ետք, անոնց սկզբնական տեսլականը ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանայ Երեւանի մէջ Մատենադարանի նոր պարտէզի նախագիծին համար։
Մատենադարանն ու Կիւլպէնկեանը՝ երկխօսութեան մէջ
Լիզպոնէն շուրջ 4,500 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, հայոց մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, Փօլա Քորթէ-Ռէալ միացաւ Մատենադարանի եւ «Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր»-ի (ATP) գործընկերներուն՝ քննարկելու համար Երեւանի նորագոյն պարտէզին ծնունդն ու ապագան։ Կառուցուած համագործակցութեան երկարամեայ աւանդոյթի մը վրայ, այս երկխօսութեան սերմերը կը տանին դէպի վերջին տարիներուն Մատենադարանի պարտէզի ծրագիրի ղեկավարներուն կողմէ Կիւլպէնկեան պարտէզ կատարուած բազմաթիւ այցելութիւնները, ուր անմիջական ճանաչումն ու հաղորդակցութիւնը խոր ներշնչում պարգեւած էին անոնց։
«Ես պարտէզին մէջ մոլորելու փորձառութիւնը ապրեցայ», կը հաստատէ «Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր»-ի Ռազմավարական գործընկերութիւններու եւ ազդեցութեան նախագիծերու տնօրէն Մարինա Մխիթարեան՝ հաւաստելով անցեալ ամառ Կիւլպէնկեան Պարտէզ կատարած իր այցելութեան մասին։
Տեղական բուսական ու կենդանական աշխարհի առկայութիւնը, բնական լուսաւորութիւնն ու ստուերները, ինչպէս նաեւ ոլոր-մոլոր արահետներու լաբիրինթոսը այցելուները կը հրաւիրեն հետազօտելու տարածութիւնը, որ կը ծառայէ իբրեւ թանգարանին եւ անոր լայնածաւալ մշակութային ծրագիրներուն ներդաշնակ շարունակութիւնը։ Կիւլպէնկեան պարտէզը կ’արտացոլէ Փորթուկալի ինքնատիպ բնապահպանական ինքնութիւնը, միաժամանակ մղելով այցելուները ամեն այցի հետ աւելի խոր հաղորդակից դառնալու միջավայրին, ինչ որ անմիջապէս գրաւած էր Մարինա Մխիթարեանի ուշադրութիւնը. «Յոյսով ենք, որ այս պարտէզն ալ նոյն ոգին եւ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Երեւան քաղաքին համար»։
Ի՞նչ է պարտէզի մը էութիւնը Հայաստանի մէջ
Մատենադարանի պարտէզի նախագիծին առանցքը կը կազմէ համատեղ ստեղծագործութեան գործընթացը, որուն առաջնորդն է համադրող եւ «AHA Collective»-ի հիմնադիր-տնօրէն Նայիրի Խաչատուրեան։ «Սկիզբէն իսկ մշակուեցաւ քաղաքային եւ հանրային տարածքի շուրջ մտածելու ներառական եւ մասնակցային հայեցակէտը», կը պարզաբանէ Նայիրի Խաչատուրեան։ 2025-ի նոյեմբերին, Խաչատուրեան համախմբեց 36 տարբեր մասնագէտներ՝ արուեստագէտներ, ճարտարապետներ, կենսապատկեր ձեւաւորողներ, բուսաբաններ, անկախ հետազօտողներ, թանգարանի աշխատակիցներ եւ տեղացի բնակիչներ, իրականացնելու համատեղ աշխատանոց-քննարկում մը, թէ ինչպէս լաւագոյնս նախագծել պարտէզ մը, որ հարազատօրէն արտացոլէ Մատենադարանին մէջ պահպանուող հայկական ձեռագրական ժառանգութիւնը, համարկէ տեղական բնապահպանութիւնը, եւ հակազդէ Երեւանի քաղաքային եւ կանաչապատումի պահանջքներուն։
Միասնաբար անոնք առաջադրեցին հիմնական հարցումներ. «Որո՞նք են պարտէզին վերաբերեալ մեր հասարակաց արժէքները։ Ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ որպէս Երեւանի բնակիչներ։ Ի՞նչ է պարտէզի էութիւնը Հայաստանի մէջ»։ Բաժնուելով վեց խումբերու, մասնակիցները ներկայացուցին պարտէզի տեսլականի վեց նախագիծեր. AHA-ն երեք պարտէզի տեսլական համադրեց, որոնք ապա դրուեցան հանրային քուէարկութեան Մատենադարանին մէջ ցուցահանդէսի մը ընթացքին։ Ընտրուած ծրագիրը, որ կը ներառէր բնիկ յատուկ բուսատեսակներ եւ ջրային տարրեր, այնուհետեւ ներկայացուեցաւ պելճիքական «Kollectif Landscape» կենսապատկերի ճարտարապետական ընկերութեան՝ նախագիծին տարածքային գլխաւոր յատակագիծը ձեւաւորելու եւ յառաջիկայ քայլերը առաջնորդելու համար։
Գտնուելով Երեւանի կեդրոնական զարկերակներէն մէկուն՝ Մեսրոպ Մաշտոց Պողոտայի հիւսիս-արեւելեան զառիվեր լանջին վրայ, պարտէզին դիրքը խորապէս խորհրդանշական է։ «Լանջը ինքնին ազատութիւն կը խորհրդանշէ», կը նշէ Նայիրի Խաչատուրեան։ Կապելով քաղաքային կանաչապատ այլ տարածքներ եւ պատմական հանգուցային կէտեր, ինչպէս «Մայր Հայաստան» արձանը եւ Երեւանի «Քասքատ» համալիրը, պարտէզը կը գտնուի քաղաքային կարեւոր առանցքի մը վրայ, որ կ’արտացոլէ թէ՛ խորհրդային շրջանը եւ թէ՛ Հայաստանի անկախութիւնը՝ դառնալով ազդեցիկ խորհրդանիշ մը Երեւանի քաղաքաշինական յատակագիծին մէջ։
Հայկական աւանդութիւններու կենդանի արխիւը
Մատենադարանը հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի կենդանի արխիւն է, ուր կան աւելի քան 17,000 հայերէն ձեռագիրներ. թանգարանը կը ներկայացնէ Հայաստանի իմացական ինքնութեան ոչ-նիւթական ժառանգութիւնը՝ մարմնաւորուած դարերու ընթացքին ստեղծուած կրօնական, գիտական ու մշակութային բնագիրներու եւ այլ նշխարներու միջոցաւ։ Հիմնադրուած ըլլալով Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ նոյն տասնամեակին, անոր հաստատութենական պատմութիւնը խորապէս հիւսուած է Հայաստանի պատմութեան հետ եւ ան լայնօրէն կը նկատուի որպէս ազգին թանգարանը։
Հայաստանի կենսաբազմազանութեան ներկայութիւնը կ՚արտացոլայ ոչ միայն անոր հին ձեռագիրներուն մէջ, այլ նաեւ՝ նիւթապէս, իբրեւ անոնց բաղադրութեան մաս՝ մագաղաթի, թանաքներու եւ այլ նիւթերու միջոցով։
Ձեռագիրներու անոր հնամենի հաւաքածոն, որ ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ցանկին մէջ, կը բացայայտէ Հայաստանի պատմութեան եւ անոր հարուստ կենսաբազմազանութեան միջեւ եղած խոր կապը։ «Հայաստանը, իր փոքր տարածքով հանդերձ, ունի շատ հարուստ կենսաբազմազանութիւն, որ ակնառու է նաեւ մեր ձեռագիրներուն մէջ։ Օրինակ, մեր մանրանկարչական ձեռագիրներուն մէջ կան աւելի քան 350 տեսակի թռչուններ», կը նշէ Մատենադարանի Միջազգային կապերու աւագ պատասխանատու Սոնա Պալոյեան։
Զանազան ձեռագիրներ եւ բժշկարաններ կը պարունակեն գիտական մանրամասն գիտելիքներ եւ դեղագիրեր, ներառեալ Միջնադարէն աւանդուած արքայական սպեղանի մը (էլիկսիր), որ կը պարունակէ շուրջ 54 տեսակի դեղաբոյսեր. ան վերջերս վերծանուեցաւ Մատենադարանի հետազօտողներուն կողմէ։ «Պարտէզին մէջ կը փափաքինք տնկել ճիշդ այն բոյսերը, որոնք նկարագրուած են մեր միջնադարեան ձեռագիրներուն մէջ», կը պարզաբանէ Սոնա Պալոյեան։ «Այնպէս որ, այցելուները թանգարանին մէջ պիտի տեսնեն ձեռագիրները… ապա դուրս գան պարտէզ եւ հոն զգան ու ապրին այն ինչ որ սորվեցան ներսը»։
Հնամենի ժառանգութեան կենդանացումը՝ սերմ առ սերմ
Անցեալ հինգշաբթի կայացած խորհրդանշական ծառատունկի մը ընթացքին, «Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիր»-ը տնկեց իր 10-միլիոներորդ ծառը Մատենադարանի տարածքին՝ անմիջապէս Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին առջեւ։
«Սօսին Հայաստանի ամենախորհրդանշական ծառերէն մէկն է», կը նշէ Մարինա Մխիթարեան։
«Ըստ աւանդութեան, Մեսրոպ Մաշտոց հայոց այբուբենը ուսուցանած է… ա՛յս ծառին տակ, եւ այն կը կոչուի իմաստութեան ծառ», կը յաւելէ ան։ Այս խորհրդանշական ծառատունկը ATP-ի եւ Թանգարանին միջեւ լայն համագործակցութեան մէկ մասն է՝ նոր Մատենադարանի պարտէզի նախագիծին համար ծառեր ապահովելու նպատակով։
ATP-ի կողմէ տնկուած ծառերու տասնեակ տեսակներու շարքին, Մարինան կը նշէ որ սօսին յատկապէս բացառիկ է անով, որ կրնայ ապրիլ միջին հաշուով 500-էն մինչեւ 2,000 տարի։ Այս զարմանալի կեանքի տեւողութիւնը եւս մէկ պատճառ է, որ սօսի ծառերը հայ համայնքին մէջ հանդիսանան որպէս հաւաքական յիշողութեան, դիմակայութեան եւ յոյսի կենդանի խորհրդանիշ։
Մէկ այլ կարեւոր ծառատեսակ եւս մեծ նշանակութիւն ունի Թանգարանին համար. թթենին։ Մատենադարանի Վերականգնումի ընդարձակ բաժանմունքը, որ ժամանակին կախեալ էր Ճափոնէն ներկրուող թթենիի թանկարժէք թուղթերէն, այժմ կրնայ տեղական միջոցներով ապահովել այդ նիւթը՝ ATP-ի շնորհիւ։
«Մենք հայկական վերականգնումի թուղթ կը պատրաստենք բացառապէս թթենիի ճիւղերէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ծառը չենք կտրեր։ Այսինքն՝ միայն ճիւղերը կ’օգտագործուին, եւ արդէն իսկ բազմաթիւ ձեռագիրներ վերականգնուած են հայկական այս թուղթով։ Քիչ-քիչ սկսած ենք նաեւ արտահանել զայն», կը յայտնէ Սոնա Պալոյեան։
Տեղական նախաձեռնութիւն, համաշխարհային ազդեցութիւն
Տեղի ունենալով COP17-ի՝ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովի ծիրին մէջ (որ տեղի ունեցաւ Երեւանի հոկտեմբեր 19-էն 30-ին), Կիւլպէնկեանի եւ Մատենադարանի միջեւ երկխօսութիւնը կ’արտացոլէ տեղական ազդակներով առաջնորդուող գործողութիւններու եւ աւելի լայն բնապահպանական ազդեցութեան շուրջ երկուստեք կարեւորութիւնը։ Քունմինկ-Մոնրէալի Կենսաբազմազանութեան Համաշխարհային Շրջանակին կողմէ սահմանուած 30 նպատակակէտերուն շարքին, որոնք պէտք է իրագործուին մինչեւ 2030 թուականը, 12-րդ նպատակը՝ «Բարելաւել կանաչ տարածքները եւ քաղաքաշինութիւնը՝ մարդկային բարօրութեան եւ կենսաբազմազանութեան համար», այս քննարկումին հիմնաքարն է։ Անիկա պետութիւններու կը հրահանգէ կայուն կերպով էապէս աւելցնել կանաչ եւ ջրային տարածքներու մակերեսը, որակը, հասանելիութիւնն ու օգուտները քաղաքային եւ խիտ բնակեցուած շրջաններուն մէջ…։
Թէ՛ Կիւլպէնկեան եւ թէ՛ Մատենադարան պարտէզներու նախագիծերը կը լուսարձակեն ոչ միայն նոր կանաչ տարածքներ ստեղծելու, այլեւ մշակութային հէնք ունեցող, բնապահպանօրէն հարուստ միջավայրեր կերտելու ուժն ու ներուժը, որոնք կը միահիւսուին զբօսայգիներու աւելի լայն համակարգի մը հետ՝ բարելաւելով ինչպէս տեղական բնաշխարհի, այնպէս ալ բնակիչներու բարօրութիւնը։ Քանի որ քաղաքային միջավայրերը հետզհետէ աւելի մեծ դեր կը խաղան բնապահպանական համակարգերու վերականգնումին, կենսաբազմազանութեան պահպանումին եւ աղտոտուածութեան նուազեցումի գործին մէջ, քաղաքային պարտէզները կը հանդիսանան կենսունակ քաղաքներու վճռորոշ յատկանիշ մը։
Կիւլպէնկեան պարտէզի հիմնադրումէն 60 տարի ետք, անիկա կը շարունակէ զարգանալ Փորթուկալի հասարակութեան կողքին եւ ներշնչել միջազգային նախագիծեր։ Իսկ Մատենադարանի նորաստեղծ պարտէզի պարագային, նորատունկ բուսականութիւնը շատ աւելին է, քան պարզ քաղաքային կանաչապատում. անիկա ներդրում մըն է գալիք սերունդներու ապագային մէջ, զգացում մը, որ արտայայտեց Մարինան, ըսելով. «Դուն սերմ մը կը տնկես, որ վստահաբար իբրեւ ծառ կամ իբրեւ անտառ պիտի չվայելես, բայց ատիկա բան մըն է որ կ՚ընես եկող սերունդներուն համար»։
Յօդուածի հեղինակ՝ Մայլզ Պուլօք։