Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Կրթանպաստներու Ծրագիր

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 2026-ին կը տօնէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին արմատները կ՚երթան մինչեւ 1956, երբ ստեղծուած է Հիմնարկութիւնը, ներառեալ անոր մաս կազմող կրթանպաստի ծրագիրը։
22 Ապր 2026

Օրինակ՝ «Անվճար կրթաթոշակներ» նախաձեռնութիւնը հիմնուած է 1959-ին առիթ տալու համար որ աշխարհի տարածքին, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ աշակերտներ յաճախեն հայկական դպրոցներ։ Հազարաւոր մանուկներ օգտուած են տասնամեակներու վրայ շարունակուած այս ծրագիրէն։ Միաժամանակ՝ համալսարան յաճախելու կրթանպաստ տրամադրուած է հայ ուսանողներու։

Տարիներու ընթացքին, համայնքներու բարգաւաճումին զուգահեռ, դպրոցական աշակերտներու տրամադրուած զօրակցութիւնը աստիճանաբար դադրած է ի նպաստ համալսարանական ուսանողներու յաւելեալ նիւթական յատկացումներու։ Բաժանմունքը կրթանպաստներու իր ծրագիրը տեւաբար կը կարգաւորէ նկատի առնելով հայկական աշխարհի փոփոխուող իրականութիւնները։ Իբրեւ արդիւնք կրթանպաստի ծրագիրին ենթաբաժինները դարձած են աւելի թիրախային եւ կեդրոնացեալ։

Ներկայիս գոյութիւն ունին համալսարանական կրթանպաստներու չորս հիմնական ենթաբաժիններ։ Գլխաւոր երկուքը կը կազմեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հայագիտութեան կրթանպաստը» եւ «Զարգացող երկիրներու հայ ուսանողներու բարձրագոյն ուսմանց կրթանպաստները»։ Առաջինը կը վերաբերի յետ-ընթացաւարտ մակարդակի հայագիտական ուսմանց մէջ ներդրելու անհրաժեշտութեան, իսկ երկրորդը՝ տնտեսական մարտահրաւէրներ դիմագրաւող միջավայրերէ հայ ուսանողներու զօրակցութեան, անկախ իրենց ընտրած մասնագիտական նիւթերէն։ Համեմատաբար աւելի փոքր երկու ենթաբաժինները կը կազմեն «Հայաստանի ուսանողներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու համար կարճաժամկէտ ճամբորդութեան եւ գիտաժողովի մասնակցութեան նպաստներ»-ը եւ «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթանպաստներ»-ը որ տրամադրելի է հայագիտական նիւթեր, յատկապէս ժամանակակից հարցեր հետազօտողներուն։

Տարիներու ընթացքին հազարաւոր ուսանողներ կրցած են բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ այս կրթանպաստներուն շնորհիւ – ապագայի համար կատարուած ներդրում մը որուն պտուղները կը քաղուին ժամանակի ընթացքին։ Կրթանպաստներու յատկացումէն տասնամեակներ ետք է որ տեսանելի կը դառնայ անոնց դրական ներգործութիւնը: Այսօր Հայկական Սփիւռքի ղեկավարներէն եւ մտաւորականներէն շատերը, ըլլայ համայնքային թէ ընկերային լայն մակարդակի վրայ, Կիւլպէնկեանի կրթաթոշակառուներ եղած են։ Օրինակ՝ փրոֆ․ Տարօն Աճեմօղլուն 2024-ի հոկտեմբերին տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացաւ երկու այլ գործընկերներու հետ։ Փրոֆ․ Արտեմ Փաթափութեան 2021ին արժանացաւ բնախօսութեան եւ բժշկագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին։ Երկուքն ալ 1980-ական տարիներուն նախ-ընթացաւարտ ուսման կրթանպաստ ստացած են Հայկական Համայնքներու բաժանմունքէն։

2025-ին ընդհանուր հաշուով 262.490 եւրոյի նոր կրթանպաստներ տրամադրուած են հայագիտական ուսմանց ենթաբաժինին։ Դիմումներու երկուքուկէս ամսուան ժամանակահատուածին մէջ (մարտէն մայիս) ստացուած են 57 դիմումներ եւ 13 թեկնածուներ ընտրուած են Հայաստանէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն եւ Փորթուկալէն։ Ընդհանուր 13 կրթանպաստներէն հինգը շնորհուած են մագիստրոսի, վեցը՝ դոկտորայի եւ երկուքը՝ յետ-դոկտորայի աստիճաններու համար։ Եւ այս՝ նախորդ տարիներուն տրամադրուած բազմամեայ կրթանպաստներուն յաւելեալ երկարաձգումով։

Զարգացող երկիրներու հայ ուսանողներու բարձրագոյն ուսմանց կրթանպաստներու ենթաբաժինին մէջ շնորհուած են մօտաւորապէս 124 հազար եւրոյի նոր կրթաթոշակներ եւ 183.672 եւրոյի հասնող յաւելեալ երկարաձգումներ՝ ընդհանուր 307.672 եւրոյի գումարով։ Դիմումներու ընդունման ժամկէտը կ՚երկարէր մայիսէն 30 յունիս։ 2025-ին ստացուած են 190 դիմումներ․ 34 ուսանողներ ընտրուած են արժանիքներու եւ նիւթական կարիքներու նկատառումներու վրայ հիմնուած մրցակցային գործընթացով։ Կրթանպաստի այս ենթաբաժինը գլխաւորաբար պսակաւոր աստիճանի համար նախատեսուած ըլլալով հանդերձ երեք դիմումներ ընտրուած են մագիստրոսի աստիճանի համար։

Հայաստանի ուսանողներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու համար կարճաժամկէտ ճամբորդութեան եւ գիտաժողովի մասնակցութեան նպաստներու ենթաբաժինին մէջ ստացուած են 315 դիմումներ եւ տրուած են 93 դրամաշնորհներ։ Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթանպաստներու ենթաբաժինին մէջ 2025-ին ստացուած 153 դիմումներէն 78-ին դրամաշնորհներ տրամադրուած են։ Երկու ենթաբաժիններուն մէջ տրամադրուած դրամաշնորհներուն ընդհանուր գումարը կը հաշուէ 276.122 եւրօ։

Որոշ թիւով կրթանպաստներ շնորհուած են նաեւ Փորթուկալի մէջ ուսանող հայ համալսարանականներու։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ամեն տարի մէկ միլիոնէն մինչեւ 1.1 միլիոն եւրոյի կրթանպաստ կը շնորհէ մօտաւոր 30 երկիրներէ 290 ուսանողներու եւ հետազօտողներու օգտին։

2025-ի կրթանպաստներու ամբողջական զեկոյցը կարելի է կարդալ այստեղ։

տրամադրուած կրթանպաստներ

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։