Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին նուիրուած ցուցահանդէս
Իւրայատուկ ցուցահանդէս, իւրայատուկ վայրի մը մէջ
Յունիս 2024-ին առաջին անգամ ըլլալով Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի պատմութեան եւ գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը տեղի ունեցաւ։
Հայկական Բաժանմունքը Հիմնարկութեան նպաստամատոյց բաժանմունքներէն մէկն է. ստեղծուած է 1956 թուականին եւ կը համարուի Հիմնարկութեան սիրտը: Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը միակն է որուն գործունէութեան թիրախը հայկական աշխարհն է:
Իր գոյութեան 68 տարիներուն եւ տասնամեակներու ազդեցիկ գործունէութեան ընթացքին առաջին անգամն է որ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի գործունէութիւնը ցուցադրութեամբ մը ներկայացուեցաւ տարբեր գործընկերներու։ Ցուցահանդէսին թիրախը Հիմնարկութեան հարիւրաւոր աշխատակիցներն էին, որոնք քիչ անգամ առիթ կ՚ունենան ճանչնալու մեր Բաժանմունքը եւ մեր գործունէութեան պարունակը, ինչպէս նաեւ առնչուելու հայկական աշխարհին հետ։
Ցուցադրութեան վայրը ընտրուած էր Հիմնարկութեան կեդրոնական շէնքի երրորդ յարկի ճաշասրահը, ուր անձնակազմը եւ շատ մը հիւրեր ամեն օր կը ճաշեն: Ճաշասրահին պատերը օժտուած էին համադրուած ցուցադրութեամբ մը՝ նկարներով ու ամփոփիչ տեղեկութիւններով եւ տուեալներով, պարզելու հայկական աշխարհին եւ Բաժանմունքին գործունէութեան ընդհանուր պատկերը։
Իւրաքանչիւր պատ կ՚անդրադառնար մեր գործունէութեան վերաբերող առանցքային նիւթի մը, ներառեալ՝ Բաժանմունքին կրթաթոշակներու ծրագիրը, արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ուղղուած աշխատանքը, մշակութային նորարարութեան բաժինը, Հայաստանի գործունէութիւնը եւ մարդասիրական օգնութիւնը։
Պատերէն մէկը նուիրուած էր հիմնադիրին՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանին, հայ բարերար, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին զանազան բարեգործական նախաձեռնութիւններով աջակցած է հայութեան։
Կէս տարի շարունակ փորթուգալցի եւ միջազգային գործընկերներ առիթը ունեցան կարդալու մեր աշխատանքին մասին եւ ծանօթանալու հայկական շրջարկին։ Ցուցահանդէսը հայկական պատումը բերաւ Հիմնարկութիւն անմիջական եւ առընչելի ձեւով՝ ներկայացնելով դիմակայութեան, յոյսի, համապրումի եւ դրական ներգործութեան պատմութիւններ։
Հետաքրքրական փորձառութիւն մը, որմէ ներշնչուելով Հիմնարկութեան այլ բաժանմունքներ ալ իրենց գործունէութեան մասին ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպեն։ Բնական էր որ այս աւանդոյթը Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ մեկնարկուէր՝ ընդգծելու Հիմնարկութեան կորիզին գտնուող հայկական պատումը եւ անցեալը: