Հայկական աշխարհը վերլուծելու նոր նախագիծ

«Սփիւռքեան հեռանկարներ» – Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան վերլուծական նոր հարթակը
02 Փտր 2026

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 5 դեկտեմբեր 2025-ին մեկնարկեց նոր վերլուծական հարթակ մը՝ «Սփիւռքեան հեռանկարներ» անունով (“Diasporan Perspectives — The Gulbenkian Initiative on Armenian Issues”). նախագիծ մը որ ունի ամուր հիմքեր՝ երկար տարիներու մշակում, եւ առկայ ծրագիրներու հաւաստի արդիւնքներ։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Անգլիոյ մասնաճիւղը հիւրընկալեց մեկնարկի միջոցառումը, որուն ներկայ էին հիւրեր, համայնքային առաջնորդներ, գիտնականներ, փորձագէտներ եւ նախագիծով ու անոր ապագայի ազդեցութեամբ հետաքրքրուած անձեր։

Հիմնարկութեան նախագահ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժոյի իր խօսքով բացաւ միջոցառումը. Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին գործունէութեան մասին նախագահի նշումները հիմք հանդիսացան յաջորդող զրոյցին, ուր Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն), Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան (Ժընեւի համալսարան) եւ Փրոֆեսոր Արմինէ Իշխանեան (London School of Economics and Political Science) անդրադարձան վերլուծական հարթակին տարաբնոյթ կողմերուն։

Զրուցավար Ժօաու Սաւետրա (Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն) քննարկումը առաջնորդեց անդրադառնալով տարբեր նիւթերու, որոնց շարքին «ինչո՞ւ հիմա» նիւթին, նկատի առնելով աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային փոփոխութիւնները որոնք մեծապէս կ՚ազդեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի վրայ, եւ անոնց պատշաճ վերլուծութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ասոր առընթեր զրուցակիցները բացատրեցին այս հարթակին առանձնայատկութիւնը եւ տարբերութիւնը գոյութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններէ։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ հետազօտութիւններու եզրակացութիւնները հասանելի դարձնելու կարեւորութիւնը քաղաքական աշխարհին, զանոնք մատչելի դարձնելը որոշում կայացնող պաշտօնատարներու, ազդելու համար անոնց վրայ։

Լսարանէն հնչած հարցումներուն պատասխանելով՝ բանախօսները պարզաբանեցին վերլուծական հարթակի կառավարման ձեւը, թուեցին առաջին հետազօտելի նիւթերը եւ նշեցին 2026-ին սպասուած արդիւնքներն ու միջոցառումները՝ հայկական Սփիւռքին վերաբերող սեմինարներու շարքէն մինչեւ 44-օրեայ պատերազմին վերաբերող հետազօտութիւններու եւ գիրքերու հրատարակութիւններ։ «Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը պիտի ըլլայ հարթակ մը որ հայկական փորձառութիւնը կը դնէ միջազգային պարունակին մէջ, կապելով սփիւռքեան տեսակէտները համազգային հարցերու եւ ամրապնդելով դուրսէն-ներս մօտեցումը։

Իր տասնամեակներու գործունէութեամբ եւ աշխարհի տարբեր հայկական համայնքներու հետ երկարաժամկէտ համագործակցութեամբ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը հանդիսանայ այսպիսի նախաձեռնութեան մը համար բնական հաստատութենական վայր մը։ «Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը ծրագիր մըն է որ պիտի վերլուծէ, հրատարակէ եւ տարածէ նոր հետազօտութիւններ հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ, կեդրոնանալով հայկական Սփիւռքի ու Հայաստանի վրայ. ան պիտի գործէ որպէս հասարակաց հարթակ մը առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու համար։ Ծրագիրին տնօրէնն է Վիգէն Չըթըրեան։

Խորհրդաժողովին տեսագրութիւնը հասանելի է այստեղ։

 

«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը ունի կայքէջ մը որ հաղորդակցութեան հիմնական միջոցն է. հոն պիտի հրապարակուին նորութիւններ, հետազօտութիւններ եւ այլն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք կայքէջը։

Սփիւռքեան հեռանկարներ՝ կայքէջ

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։