Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը կը մեկնարկեն կրթաթոշակներու ծրագիր մը
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Լիբանանի մէջ բարձրագոյն ուսման իր աջակցութեան նոր ձեւաչափին մասին՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (AUB) հետ համագործակցութեամբ։ Թէեւ Հիմնարկութիւնը տասնամեակներ շարունակ կրթաթոշակներ շնորհած է AUB-ի անհատ ուսանողներու՝ ճանապարհ հարթելով գիտնականներու, մասնագէտներու եւ ղեկավարներու ուսման եւ զարգացումին, վերջերս հաստատուած համագործակցութիւնը կը բանայ համակարգուած աջակցութեան նոր էջ մը։
AUB-ի եւ հայ համայնքին միջեւ կապը խոր արմատներ ունի, որ կը հասնի մինչեւ 19-րդ դարու Պէյրութի մէջ համալսարանին հիմնադրութեան շրջանին։ Ճոն Վարդապետ՝ հայ քահանայի մը որդին, AUB-ի եօթը հիմնադիրներէն մէկն էր եւ ծառայած է իբրեւ մարդակազմութեան եւ բնախօսութեան վաղ շրջանի պրոֆեսէօր։ Հայ ուսանողները ներկայացուած էին համալսարանական առաջին իսկ խումբերուն մէջ՝ յատկապէս աչքի իյնալով բժշկութեան եւ հիւանդապահութեան բաժանմունքներուն մէջ, ուր երկու հայուհիներ պատմութիւն կերտեցին 1908-ին՝ իբրեւ AUB-ի հիւանդապահութեան անդրանիկ հունձքի շրջանաւարտներ։
Հիմնուելով այս հարուստ ժառանգութեան վրայ՝ AUB-ի մէջ նորահաստատ «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Կրթաթոշակ»-ը կ’աջակցի տարբեր մարզերու մէջ մասնագիտացող ընթացաւարտ (undergraduate) ուսանողներու։ 2026 թուականին շնորհուեցաւ ընդհանուր եօթը կրթաթոշակ՝ 28,000 եւրօ գումարով։ Կրթաթոշակառուները կը ցոլացնեն այսօրուան լիբանանահայ երիտասարդութեան արտակարգ տաղանդը, դիմակայութիւնն ու ձգտումը։
AUB-ի Զարգացման հարցերով փոխ-նախագահ Սալմա Օուէյտա ողջունեց Հիմնարկութեան եւ Համալսարանին միջեւ համագործակցութեան այս նոր մակարդակը՝ աւելցնելով, որ անիկա «կենսական յոյս եւ հնարաւորութիւն կը բերէ համալսարանին»։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը նուիրուած կը մնայ հայ առաջնորդներու եւ համայնքի անդամներու յաջորդ սերունդի զօրացման՝ օժանդակելու որ խոստումնալից ուսանողներ գերազանցեն, նորարարեն եւ առաջնորդեն։
«Այս տարի Հիմնարկութեան 70-ամեակն է,» նշեց Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, «եօթը տասնամեակ շարունակ կրթաթոշակ կը շնորհենք հայ ուսանողներու. հպարտ ենք, որ AUB-ի հետ մեր գործընկերութիւնը մաս կը կազմէ այդ երկարամեայ աւանդոյթին»։