արդ եւս-ի 2025-ի նպաստառուները

Տասը նոր նախագիծ բացայայտելու հայկական մշակոյթի հարուստ խաւերը՝ արեւմտահայերէնի միջոցով

15 Մյս 2025

Որպէս արեւմտահայերէնով յառաջադէմ մշակութային կիրարկութեան միակ նպաստի ծրագիր, արդ եւս իր առջեւ բարդ ճամփայ մը ունի։ Ան կը խրախուսէ հայերէնի նորարարական գործածութիւնը, կ՚ոգեշնչէ լեզուի եւ մշակոյթի նկատմամբ սեփականութեան զգացումը եւ կը խթանէ լեզուի փորձարկումներն ու ուսումնասիրութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, միջազգային հեռանկարի եւ ներգրաւուածութեան շնորհիւ, այս նպաստի ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ որ հայկական մշակոյթը մաս կազմէ համաշխարհային մշակոյթին։ Դառնալով ժամանակակից մշակութային պատումներու մաս՝ արդ եւս-ի նպաստառու ստեղծագործողները, արուեստագէտներն ու մտածողները արեւմտահայերէնը եւ հետեւաբար հայկական մշակոյթը կը բերեն համաշխարհային բեմ, եւ հակառակը՝ աշխարհը կը բերեն դէպի լեզու։

Այս ստեղծագործողներն ու մշակութային գործիչները կը նաւարկեն ազդեցութեան փոքր եւ անհատական ​​ոլորտներու մէջ, բայց անոնց հսկայական ներուժը կը կայանայ անոնց ամբողջ աշխարհով մէկ տարածումին մէջ։ Այս տարի նպաստ ստացան տասը նոր միջազգային նախագիծեր. միասին, անոնք կ՚ընդգծեն հայկական մշակոյթի հարուստ եւ բազմաշերտ բնոյթը՝ արեւմտահայերէնի միջոցով։

Անահիտ Եաղճեան

Անահիտ Եաղճեան (ԱՄՆ)՝ Նելլի. կարճ պատմողական գեղարուեստական շարժանկար՝ Լոս Անճելըս ապրող երեք հայ կիներու կեանքի մէջ գիշերուան մը մասին, որ փոխակերպող դեր կը խաղայ։ Երկխօսութիւնը կը սկսի անգլերէնով բայց աստիճանաբար կը փոխարինուի արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով։ Երեք լեզուներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Լոս Անճելըսի բարդ Սփիւռքին տարբեր կողմերը, եւ անոնց բախումը կը խորհրդանշէ ոչ դիտաւորեալ դասակարգային ուժն ու արտօնեալութիւնը, որոնք կը գործեն թէ՛ իսկական համայնքին մէջ, թէ՛ ալ կերպարներուն կեանքին մէջ։ Լեզուաճիւղերը, ենթամշակոյթներն ու ենթաինքնութիւնները կը բախին ծագումի, դասի եւ սեռի միջեւ։ Վտանգուած արեւմտահայերէնը կը դառնայ հզօր լեզու մը՝ ստանձնելով ֆիլմին պատմողական ոճին վերահսկողութիւնը եւ որոշ չափով կը վերականգնէ այն ինչ կորսնցուցած էր աւելի քան մէկ դար տեւող շարունակական ջնջումի ընթացքին։

Ծովինար Մկրտիչեան եւ Սերժ Մանուկեան

Ծովինար Մկրտիչեան (Ֆրանսա) եւ Սերժ Մանուկեան (Լիբանան)՝ Վայրեր. տեսալսողական փորձարարական շարժապատկեր/կահոնք (installation), որ կը ﬕախառնէ գեղարուեստ, երաժշտութիւն/ձայն եւ ժամանակակից բանաստեղծութիւն։ Նախագիծին հիմնական նպատակը Գրիգոր Պըլտեանի Վայրեր բանաստեղծական գործի ﬔկնաբանուﬓ է՝ տեսողական եւ ձայնային զգայնութիւններու դրդման ﬕջոցաւ։ Գոյներու, ձեւերու, ձայներու, ինչպէս նաեւ Պըլտեանի բանաստեղծութիւններուն պատկերաւոր ներկայացումին բազմախաւ յօրինուածքի մը ընդմէջէն, նոր ու խառնածին ստեղծագործական լեզու մը կը փնտռուի՝ ճիշդ այնպէս ինչպէս ինքը՝ բանաստեղծը կը ձգտի հնարելու իր գրական լեզուն կամ ապրելու վայրը։

Ճէյ Փի Մերզ

Ճէյ Փի Մերզ (ԱՄՆ)՝ Խազիկ երգեր. երգերու շարք եւ ուղեկցող հետազօտական ​​կայքէջ, որ կ՚անդրադառնայ տեղահանութեան, դիմակայութեան եւ մշակութային շարունակականութեան նիւթերուն՝ առաւելաբար մոռցուած հայկական երաժշտական ​​նօթագրութեան համակարգի՝ խազի միջոցով։ Գրուած է երաժիշտներու նոր խումբի մը համար, որոնք ծանօթ են հայկական մօտալ աւանդոյթներուն, յանկարծաբանութեան եւ արեւմտեան նօթագրութեան։ Նախագիծի համոյթին մաս կը կազմեն՝ Արմէն Ադամեանը (հայկական փողային գործիքներ), Անդրանիկ Կզիրեանը (ուտ), Նիլուֆար Շիրին (քամանչա) եւ Ճէյ Փի Մերզը (ալտ եւ ելեկտրոնային գործիքներ)։ Երգերը կը ներառեն Թենի Արլէնի արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւնները եւ Ճեսի Արլէնի հետ ընտրուած յաւելեալ գրութիւններ։ Խազը «վաւերական» ձեւով մեկնաբանելու փոխարէն, Խազիկ երգեր-ը այս խորհրդանիշերը կը զօրաշարժէ որպէս ժամանակակից նօթագրութեան միջոց եւ կորուստի ու հնարաւորութեան փոխաբերութիւն։

Քնար Ռիթա Կէօգճեան, Անի Դանէլեան եւ Մարիամ Արուշանեան

Քնար Ռիթա Կէօգճեան (Ֆրանսա/Հայաստան), Անի Դանէլեան (Ֆրանսա/Հայաստան) եւ Մարիամ Արուշանեան (Արցախ/Հայաստան)՝ չաթ-փաթ. անհատներու մասնակցութեամբ կազմուած փոտքասթ մը, որ արեւմտահայախօս համայնքներու տարբեր ձայներու միջոցաւ կը բացայայտէ մարդկային հաւաքական փորձառութիւններ։ Ութը դրուագներ, որոնք այսօրուան արեւմտահայախօսներուն գիտակցութեան հոսքը կը պատկերեն դիտարկելով համընդհանուր նիւթեր, ինչպէս՝ զգացումները, յարաբերութիւնները, կեանքի որոշումները եւ այլն: Այս ձայնային հարթակը պիտի խրախուսէ արտայայտութիւնը, ընդգծելով տարբեր առոգանութիւններ եւ շեշտադրումներ, անկախ լեզուի ձեւէն կամ իմացութեան մակարդակէն։ Լեզուն իր կենսալի եւ հաճելի երանգով պատմութիւններ ու միտքեր, զգացումներ ու խոհեր, իմաստութիւն ու բանաստեղծութիւն պիտի փոխանցէ առօրեայ կեանքին։ 

Մարի Եւքինէ Թիրար եւ Գոհար Մարտիրոսեան

Մարի Եւքինէ Թիրար (Ֆրանսա) եւ Գոհար Մարտիրոսեան (Ֆրանսա/Հայաստան)՝ Arcane Voices — If Only I Could Sing Her Words. ֆիլմի նախագիծ, որ կը ներառէ սազի համար նախատեսուած ինքնատիպ փորձարարական երաժշտութիւն ու ձայն. հիմնուած 1915-ին աքսորուած երիտասարդ կնոջ մը՝ Եւքինէ Տիարեանի քերթուածին վրայ։ Անոր արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւնները՝ վերապրելու գործիքներ եւ լուռ մնացած մասունքներ էին 100 տարի անց, երբ անոնք վերագտնուեցան։ Նախագիծը անոր չխօսուած գործերը կը վերածէ ամբողջական ֆիլմի ու հաւաքական հնչականութեան։ Լեզուին բանսատեղծականութիւնը կը վերամարմնաւորուի խորհրդաւոր աշուղի ժամանակակից տարբերակին մէջ, ուր կը միահիւսուին երաժշտութիւնը, պատմողականութիւնը եւ փիլիսոփայական խորհրդածութիւնը։ Սազը կը նուագուի որպէս ձայնի շարունակութիւն։ Տեսողականը եւ ձայնայինն ու երաժշտութիւնը կը ծաւալին Արեւմտեան Հայաստանի հետապնդող խորապատկերին, ուր տեսախցիկը կը շարժի ինչպէս շնչառութիւն։ Նախագիծը կը մերժէ կարօտը որպէս պարզ սուգ, փոխարէնը զայն կը վերածէ ստեղծագործական դիմադրութեան։

Նայիրի Խաչատուրեան

Նայիրի Խաչատուրեան (Հայաստան)՝ Գորգագործութեան մշակոյթԱննա Պողիկեան. երկլեզու հրատարակութիւն (արեւմտահայերէն եւ անգլերէն), որ կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի ժամանակակից գորգագործութեան մշակոյթը՝ եգիպտահայ ժամանակակից արուեստագէտ Աննա Պօղիկեանի ոսպնեակէն դիտուած: Գիրքը պիտի փաստագրէ հետազօտութեան եւ համագործակցութեան գեղարուեստական ​​գործընթացը՝ սփիւռքահայ նկարիչին, AHA Collective-ի համադրողին եւ Հայաստանի ու Արցախի վարպետ կին գորգագործերուն միջեւ, ընդգծելով գորգագործութեան, ժամանակակից արուեստի եւ համդրողական կիրառումի (curatorial practice) հատումի կէտը: Գորգագործութիւնը, որպէս պատմողական համատեղ միջոց, կ՚առաջարկէ պատմական յիշողութեան, ընկերային-քաղաքական մարտահրաւէրներու եւ մշակութային նորարարութեան անդրադառնալու ազդու միջոց: Նախագիծը կը նպաստէ լեզուի կենսունակութեան՝ զայն ներառելով ժամանակակից տրամասումներու (discourse) եւ գեղարուեստական ​​արտայայտչաձեւերու մէջ: Երկու ոչ նիւթական ժառանգութիւններու՝ լեզուի եւ արհեստի համադրումը, կը բերէ ուսումնասիրութեան ենթակայ նոր ստեղծագործական տեսանկիւն մը:

Ռաֆֆի Ճօ Վարդանեան

Ռաֆֆի Ճօ Վարդանեան (ԱՄՆ)՝ Լեզուի երաժշտութիւնը. ուտը որպէս քերթուածի անօթ. երիտասարդներու կողմէ գրուած եւ ուտի ինքնատիպ ստեղծագործութիւններէ ոգեշնչուած այս նախագիծը պիտի ստեղծէ նոր արեւմտահայ բանաստեղծական հաւաքածոյ մը: Շարք մը սեմինարներու միջոցով, մասնակիցները պիտի համագործակցին յայտնի արեւմտահայ բանաստեղծներու հետ՝ ընթերցումներու, քննարկումներու եւ ուտի երաժշտութեան արձագանքելու ուղղորդուած գրաւոր վարժութիւններու միջոցով: Նախաձեռնութիւնը պիտի կենտրոնանայ համաշխարհային մասնակցութեան վրայ, մասնաւորապէս ԱՄՆ-էն դուրս, եւ պիտի եզրափակուի համաշխարհային բանաստեղծական մրցոյթով: Ընտրուած աշխատանքները պիտի հրապարակուին տպագիր եւ թուային շարքով մը, պիտի ներկայացուին միջգիտակարգային կայքէջի մը մէջ եւ մաս պիտի կազմեն երաժշտական ​​տեսահոլովակի, որ պիտի համատեղէ յաղթող քերթուածը եւ ուտի ինքնատիպ ստեղծագործութիւն մը՝ խթանելով աւանդոյթի եւ նորարարութեան հետաքրքրական միաձուլումը:

Շամիրամ Խաչատրեան

Շամիրամ Խաչատրեան (Հայաստան)՝ ԱՐԽԻՒԱԿԱՆ. հինգ դրուագէ բաղկացած գլանաձեւ շարանկար՝ animation-ի պարբերական ցնցումներով։ Ան կը հետեւի ստեղծողի թափառող ներկայութեան՝ Երեւանի, Պոլիսի, Վիեննայի, Փարիզի, Աթէնքի, Թիֆլիսի ու Վենետիկի գրադարաններուն մէջ, ուր հայկական պատկերազարդ պարբերականները «կը փտին» այն ժամանակներէն ի վեր, երբ տպագրութիւնը դեռեւս արդիական էր ու պահանջուած։ Մասամբ հետազօտական ​​նախագիծ, մասամբ քօղարկուած անձնական էսսէ. ծաղրանկարիչ, որ կը թափառի ուրուականներու մէջ, թերթատելով մոռցուած էջեր։ Ստեղծուած անշարժ պատկերներէ, համեստ շարժումներէ եւ հանգիստ ներքին մենախօսութիւններէ, շարանկարը վար կը գլորուի ժամանակի պէս որ կը ցուցադրէ բազմաթիւ արխիւներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ չեն բացուած…։

ԱՐԽԻՎԱԿԱՆ-ը շերտաւոր բառախաղ է, որ կ՚արձագանքէ Ոդիսականին, միաձուլելով Արխիւը, մինչդեռ Ականը, կը նշանակէ ռումբ եւ նախագիծին կու տայ պայթուցիկ երանգ՝ արխիւներուն մէջ թաղուածը կրնայ պայթիլ, ան կը պարունակէ անկայուն, հզօր եւ խորապէս անձնական բաներ…։

Տիգրան Ամիրեան, Արսէն Աբրահամեան

Տիգրան Ամիրեան, Արսէն Աբրահամեան (Հայաստան)՝ Հասցէ` որբախնամ մարմին Պալաթու. պատկերազարդ եռալեզու գիրք (արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ անգլերէն), որ արդիւնքն է տարիներու միջգիտակարգային հետազօտութեան՝ նուիրուած Պոլիսի բազմամշակոյթ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող Խորենեան վարժարանին մշակութային յիշողութեան։ Երբեմնի վարժարանը, որ հետագային ապաստան դարձաւ ցեղասպանութենէ փրկուած հարիւրաւոր որբերու, այժմ լքուած է՝ իր լռութեան եւ դատարկութեան մէջ ամփոփելով դիմադրութեան, կորուստի ու հաւաքական յիշողութեան շերտերը։ Արխիւային ուսումնասիրութիւններու, դաշտային աշխատանքներու եւ բանաւոր պատումներու հաւաքագրումի միջոցով, այս նախագիծը կրկին կը միահիւսէ բեկորներու վերածուած պատմութիւնները՝ կամրջելով լեզուներ, սերունդներ ու ջնջուած մշակութային տարածութիւններ։ Երկխօսութիւն մը կը ստեղծէ բացակայութեան ու ներկայութեան, մոռացութեան ու դիմակայութեան միջեւ՝ կրելով Թուրքիոյ հայ համայնքի մշակութային յիշողութեան փխրուն շերտերը։ Վերականգնելով ստուերուած պատումներ եւ ստեղծելով պատկերային ու գրաւոր համայնապատկերներ՝ գիրքը կը վերադարձնէ վայրը եւ յիշողութիւնը՝ վերակենդանացնելով ժամանակի մէջ մոռացութեան մատնուած հայկական ժառանգութիւնը։

Ելենա Ներսեսեան

Ելենա Ներսեսեան (Հայաստան)՝ Մխիթարանք. միջնադարեան գաղտնի ոստիկանական շարանկար վէպ, որ կը հրատարակուի որպէս գիրք։ Այս շարանկարը գեղարուեստական ​​պատմութիւն է՝ իրական պատմական կերպարներով ու վայրերով։ Այստեղ գլխաւոր հերոսներն են Մխիթար Հերացին եւ Մխիթար Գոշը։ Վերջիններս, ի մխիթարութիւն իրենց պրպտող մտքի եւ հոգիի, կ՚երթան խորհրդաւոր մարդասպանութեան հետքերով…։ Մխիթարանք-ը նաեւ լեզուական փորձարկութիւն է՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի խառնուրդ։ Մխիթար Հերացին պատկերուած է որպէս արեւմտահայ գիտնական, որ իր արկածախնդրութիւնները սկսած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս՝ Կիլիկիա, մինչդեռ Մխիթար Գոշը կը ներկայացնէ Արեւելեան Հայաստանը։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։