Մշակոյթը որպէս ընկերային ենթակառուցուածք
արդ եւս 2025-2026
2026 թուականին արդ եւս|in view նպաստի ծրագիրը կը հրաւիրէ ստեղծագործողներ եւ մտածողներ, հայկական սփիւռքի մշակութային դաշտը պատկերացնելու որպէս ընկերային ենթակառուցուածք մը, որուն վրայ կարելի ըլլայ հիմնել աւելի ուժեղ, կենսունակ եւ դիմակայուն ապագայ։ Նպատակն է ամրապնդել հայկական համայնքներու ընկերային եւ մշակութային շերտերը ստեղծագործութեան, գաղափարներու ձեւաւորումի եւ լեզուի միջոցով։
Մշակոյթը ընկալելը որպէս ընկերային ենթակառուցուածք, թոյլ պիտի տայ երեւակայել կապի եւ փոխազդեցութեան նոր ցանցեր, ամրապնդել համայնքային յարաբերութիւնները նորաստեղծ մշակոյթի մը միջոցով, որ միաժամանակ հասարակաց է ու հարազատ։ Այս ենթակառուցուածքը պիտի մշակէ նոր յարաբերութիւններ ու աջակցի անհատական եւ հաւաքական բարեկեցութեան՝ ստեղծագործութեան, ինքնութեան ուսումնասիրութեան ու ընդհանուր իմաստաւորումի միջոցով։
արդ եւս|in view ծրագիրը կը խրախուսէ մարդոց առատաձեռն ըլլալ իրենց գաղափարներով ու ստեղծագործութեամբ, որ լեզուի նորարար գործածութեան հետ միատեղ, թոյլ պիտի տայ ձեւաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակ ապագան։ Մշակոյթի գործիչներ հրաւիրուած են լուսարձակի տակ բերել արժէքներ ու տեսլականներ լեզուն կրող համայնքներուն համար՝ անոնց շնորհելու պատկանելիութեան զգացում։
Դիմումներու վերջնաժամկէտ՝ 28 փետրուար 2026։
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նկարազարդում՝ Նունէ Խիւդավերդեանի։