Հրակ Պագարեան կը նուիրաբերէ ուսանողական կրթաթոշակի ծրագիրին

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Հրակ Պագարեան առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագիրին։
06 Փտր 2026

Այս նուիրատուութիւնը թոյլ պիտի տայ որ արժանաւոր հայ ուսանող մը Լիբանանի մէջ երեք տարի շարունակէ համալսարանական ուսումը՝ բժշկութեան ոլորտին մէջ։

Կիւլպէնկեանի կրթաթոշակ ստացողները յաճախ կը դառնան առաջնորդներ եւ մասնագէտներ իրենց համապատասխան բնագաւառներուն մէջ։ Ուրախ ենք որ պարոն Պագարեան որոշած է նպաստել Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագիրին՝ ուրիշ փայլուն ուսանողներու օգնելու համար։ Երեք տարիներու (2011-2013) ընթացքին Հրակ կրթանպաստ ստացած էր՝ Պէյրութի Լիբանանեան Միջազգային Համալսարանին մէջ դեղագործութիւն ուսանելու համար։

Հրակ Պագարեան կապ հաստատեց Հիմնարկութեան հետ՝ յայտնելով. «Ես Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացած եմ համալսարանական օրերուս, հիմա կ՚ուզեմ իմ հերթիս նուիրատուութիւն մը ընել Հիմնարկութեան՝ ուրիշ ուսանողներու օգնելու համար»։ Պարոն Պագարեան այժմ դեղագործ է եւ համահիմնադիրը՝ մասնագիտացած դեղատան մը Օրանճ Քաունթիի մէջ, Քալիֆորնիա, որ 2025-ին շահած է ազգային «Տարուան դեղատուն» մրցանակը։

Հիմնարկութեան նախագահ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժօ յայտնեց. «Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կրթանպաստ կը շնորհէ իր հիմնադրութենէն ի վեր (1957)։ Մեր շահառուներուն մէջ կան բազմաթիւ ականաւոր համայնքային առաջնորդներ, գործարարներ եւ մտաւորականներ, ներառեալ երկու հայ Նոպէլեան մրցանակակիրներ։ Սոյն նուիրատուութիւնը կը նպաստէ այս երկար աւանդութեան՝ արտացոլելով մեր Հիմնադիրին առատաձեռնութիւնը»։

Շնորհակալ ենք Հրակ Պագարեանին՝ առատաձեռնութեան համար. ի՛նքն իսկ կապ հաստատեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ՝ համաշխարհային հայ համայնքին նպաստելու, ուսանողական կրթանպաստի մը միջոցով։  Նուիրատուութեան ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Միջին Արեւելքի արժանաւոր ուսանողներու։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։