Զօրացնել մշակոյթը, խթանել նորարարութիւնը եւ առաջնորդել փոխակերպումը

16 Նյմ 2026
արդ եւս|in view 2026–2027-ի դիմումնաշրջանը բաց է

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հրաւիրէ ստեղծագործ մտածողներ, մշակութային խմբակներ, անկախ արուեստագէտներ ու մշակութային գործիչներ՝ դիմելու արդ եւս|in view-ի 2026–2027 ծրագիրին. արդ եւս|in view արեւմտահայերէնով ստեղծագործական արտայայտութեան եւ փորձառական նախաձեռնութիւններու միակ նպաստի ծրագիրն է։

Հեռանալով արուեստի աջակցութեան աւանդական ձեւերէն՝ այս դիմումնաշրջանը մշակոյթը կը դիտարկէ իբրեւ ընկերային վերաստեղծումի գործուն աշխատանոց մը, ուր համարձակ արտայայտութիւնը ուղղակիօրէն կը հատուի քաղաքացիական երեւակայութեան եւ իրական աշխարհի վրայ ունեցած դրական ներգործութեան հետ։

Այսօրուան բարդ համաշխարհային իրականութիւնը կը պահանջէ համագործակցային մշակոյթի ստեղծում մը, որ կ՚անցնի սոսկ ներկայացուցչական սահմաններէն՝ գործուն ձեւով կերտելու մեր հասարակաց ապագաները։ Ներշնչուելով ընկերային ներգրաւուածութեան միջազգային փորձառութիւններէն եւ միջգիտակարգային փորձարկումներէն՝ արդ եւս|in view ծրագիրը կ՛ակնկալէ նախագիծեր, որոնք կը խախտեն կրաւորական դիտողի դերը եւ կը հրաւիրեն համաստեղծումի։ Կ՛ուզենք տեսնել նախաձեռնութիւններ, որոնք կը փորձարկեն ստեղծագործական նորագոյն արհեստագիտութիւնները, կը կիրարկեն ապակեդրոնացուած պատումի ձեւեր, կը կառուցեն իրաւահաւասար երկխօսութիւններ՝ ընկերային ճեղքերու միջեւ, եւ խիզախ ու մասնակցային մեթոտներով ձայն կու տան թերներկայացուած տեսանկիւններու։

Ինչպէ՞ս դիմել

  • Դիմելու չափանիշեր. բաց է անհատ ստեղծագործողներու, խմբակներու եւ ոչ-շահութաբեր մշակութային կազմակերպութիւններու։
  • Նպաստի ծրագիր. ընտրուած դիմումները (առաւելագոյնը տասը) պիտի ստանան մինչեւ 10,000 եւրոյի նպաստ։
  • Վերջնաժամկէտ. դիմումները բաց են մինչեւ 7 մարտ 2027 (կէսգիշեր՝ Լիզպոնի ժամով)։

Կ՚ողջունենք այն առաջարկները, որոնք մարտահրաւէր կը նետեն սահմանափակումներու եւ կը ստեղծեն փոխակերպիչ կապեր։ Ամբողջական ուղեցոյցին, դիմումներու չափանիշերուն եւ դիմումնագիրներուն ծանօթանալու համար այցելել՝

դիմումներ

Նկարազարդում՝ Նունէ Խիւդավերդեանի։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։