«Սիվիլնեթ»-ի հարցարոյց «Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախագիծին մասին
«Սիվիլնեթ» հարցազրոյց մը վարեց Ռազմիկ Փանոսեանի հետ քննարկելու «Սփիւռքեան հեռանկարներ» (“Diasporan Perspectives – The Gulbenkian Initiative on Armenian Issues”) նախաձեռնութիւնը։
«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը վերլուծական հարթակ մըն է որ հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ նոր հետազօտութիւններ կը հրապարակէ՝ կեդրոնանալով Հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հանդիպումի վայր՝ առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ իրականացուած նախագիծերը պարարտ հող մը ստեղծեցին այս նախաձեռնութեան համար, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները անհրաժեշտ դարձուցին նման վերլուծական հարթակի մը ստեղծումը։
Հարցազրոյցը անգլերէնով է։
դիտել հարցազրոյցը