Ռազմիկ Փանոսեան “Ճակատաբաց”-ի հիւր
Խօսակցութիւնը կ՚անդրադառնայ Ռազմիկ Փանոսեանի անձնական ուղիին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աշխատանքին, յատկապէս արեւմտահայերէնի պահպանումին եւ զարգացումին, որ կը ներառէ լեզուի կենսունակութիւնը, կրթական մեթոտները, Սփիւռքի վարժարաններուն հետ սերտ գործակցութիւնը եւ լեզուի փոխանցումը նոր սերունդներուն: Հարցազրոյցի ընթացքին Փանոսեան կը քննարկէ նաեւ Մատենադարանին հետ վերջերս հաստատուած գործընկերութիւնը, որ կը ներառէ հայերէն առցանց բովանդակութեան ընդլայնումը եւ Մատենադարանի ծրագիրներու թուայնացուած ներկայացումը՝ յատուկ շեշտ դնելով հայերէնի վրայ: Փանոսեան կը ներկայացնէ նաեւ «Սփիւռքեան Հեռանկարներ» նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է հիմնուիլ նախկին ծրագիրներուն վրայ, ազգային հարցերը վերաձեւակերպել Սփիւռքի տեսանկիւնէն՝ որդեգրելով «դուրսէն դէպի ներս» մօտեցումը, եւ առիթ ընծայել Սփիւռքին վերագտնելու իր անկախ մտածողութիւնը:
“ճակատաբաց” podcast