Ցուցահանդէս. Հայերը եւ Երուսաղէմը

03 Հլս 2024
20 յունիսին սաղիմահայութեան եւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանին նուիրուած ցուցահանդէս մը բացուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ՝ Լիզպոն։

Համակազմակերպութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ու Կիւլպէնկեան Արուեստի Գրադարանին եւ Արխիւին՝ «Հայերէն եւ Երուսաղէմը» ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նիւթեր որոնց ընդմէջէն կ՛ուրուագծուի առաջին եւ ամենահին սփիւռքեան այս համայնքին պատմութիւնն ու ներկան. համայնք մը որ կը գոյատեւէ հազարամեակէ մը աւելի, ի հեճուկս մեծ փոփոխութիւններու, ցնցումներու եւ պատերազմներու։ Մինչ օրս, Հայոց Թաղը, ըլլալով Երուսաղէմի հին քաղաքին չորս թաղամասերէն մէկը, կը պարունակէ խիստ արժէքաւոր կրօնական եւ մշակութային կալուածներ։ Պատրիարքարանը խնամակալն է նաեւ աշխարհի Քրիստոնեայ ամենասուրբ վայրերէն մի քանիին։ Ցուցահանդէսը կ՚անդրադառնայ նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի ամուր կապին Սուրբ Քաղաքին հետ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանի մեկենասութեան եւ հիմնադրումին։

Պոլսոյ Ժամանակ թերթը եւ Փարիզի Նոր Յառաջը կ՚անդրադառնան ցուցահանդէսին բացումին։

Ժամանակ նոր յառաջ

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։