«Լեզուն Սփիւռքով մէկ» գիտաժողովի անդրադարձ
Գիտաժողովը համախմբեց բազմազան մասնակիցներ՝ քննարկելու կեդրոնական հարցում մը՝ հայերէնը ինչպէ՞ս կրնայ բարգաւաճիլ Սփիւռքի մէջ։ Փոխանակ կեդրոնանալու կորուստի կամ նահանջի պատմութիւններու վրայ, գիտաժողովը շեշտը դրաւ նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ յաջողութեան օրինակներու վրայ։ Լուսարձակի տակ առնուեցան այն նախաձեռնութիւնները, ռազմավարութիւններն ու նպատակաուղղուած ջանքերը, որոնք կը պահպանեն ու կ’աշխուժացնեն հայերէնը՝ թէ՛ իր գրական չափանիշերով եւ թէ՛ խօսակցական ու բարբառային ձեւերով, տարբեր սերունդներու եւ աշխարհագրական վայրերու մէջ։
Ամբողջական յայտագիրը կրնաք գտնել հոս։
Գիտաժողովի ընդհանուր ամփոփումը ներկայացուած է «Ասպարէզ»-ի յօդուածին մէջ։ Իսկ «Նոր Յառաջ»-ի հայերէն յօդուածը կը փոխանցէ որոշ դրուագներ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Արեւմտահայերէնի եւ կրթական հարցերու պատասխանատու Անի Կարմիրեանի փակման խօսքը ամբողջութեամբ։
փակման խօսք Ասպարէզի յօդուած