արդ եւս|in view

Արեւմտահայերէնի մշակոյթի ծրագիր - դիմումները կը վերաբացուին 2026-ի աշնան

Այս ծրագիրին նպատակն է խթանել ստեղծագործ միտքերը՝ մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու համար։

Դիմումները կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ։ Տասնըութ տարեկանէն վեր բոլորը կրնան դիմել։

արդ եւս կը քաջալերէ արեւմտահայերէնով յղացուած գաղափարներու, փորձառութիւններու, եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական բազմաբնոյթ դրսեւորումները, ներառեալ՝ բազմա/միջգիտակարգային ծրագիրները, տեսողական արուեստները, նոր գրականութիւնն ու նոր երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարողական արուեստները եւ ժամանակակից տեսանիւթերը եւ աւելին։

Առցանց դիմում ներկայացնելէ առաջ, պայման է ուշադիր կարդալ դիմումներու յայտ փաստաթուղթը, որ տրամադրելի է հայերէնով եւ անգլերէնով։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարդալ յօդուածը։

դիմումներ
Վերջին թարմացում՝ 22 Ապրիլի 2026

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։