Լուսարձակներ ականաւոր սփիւռքահայերու հետ
2024-ի յուլիսին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Լիզպոնի մէջ կազմակերպեց յատկանշական հաւաք մը, որ համախմբեց 14 երկիրներէ 36 հայ մտաւորականներ։ Երեք օրուան ընթացքին, Հաւասարում նորոգ-ը անդրադարձաւ հայկական Սփիւռքի մտաւորական ժառանգութեան՝ միաժամանակ ստեղծելով սերունդներու միջեւ բովանդակալից երկխօսութեան համար անհրաժեշտ տարածք մը։
Ներշնչուած՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի 1968-ի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» ազդեցիկ յօդուածէն, հաւաքը առիթ մը ստեղծեց վերագնահատելու անցեալը եւ հայեացք մը նետելու դէպի ապագայ։ Մշակոյթի, կրթութեան եւ սփիւռքեան քաղաքականութիւններու մասին ծաւալուեցան բազմաշերտ քննարկումներ, ուր հայերէնը հանդիսացաւ խօսքի եւ մտածողութեան հիմնական լեզու։
Ձեռնարկին առանցքային պահերէն եղան Լուսարձակ զրոյցները, որոնց ընթացքին երիտասարդ ձայներ զրուցեցին Սփիւռքի յառաջատար մտաւորականներէն՝ Յարութիւն Քիւրքեանի, Ժիրայր Լիպարիտեանի, Խաչիկ Թէօլօլեանի, Գրիգոր Պըլտեանի, Մարկ Նշանեանի, Սիլվա Գույումճեանի եւ Վեհանոյշ Թէքեանի հետ։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Հաւասարում նորոգ-ի Լուսարձակ զրոյցները այժմ հասանելի են հանրութեան։ Խնամքով պատրաստուած զրոյցները բացառիկ առիթ մը կը տրամադրեն ծանօթանալու այս ականաւոր անձերու անձնական ճանապարհներուն եւ մտաւորական ներդրումներուն, որոնցմով կերտուած է Սփիւռքի պատմութիւնն ու պատումը։
Այս տեսանիւթերը պիտի համալրուին հաւաքի ոգին արտայայտող վաւերագրական ֆիլմով եւ վերլուծական զեկոյցով մը, որ պիտի լուսաբանէ հայկական Սփիւռքի արդի պատումները:
Հետեւեցէք մեզի եւ միացէք այս կարեւոր զրոյցին: