«Սփիւռք. քննական անդրադարձներ»
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախ է անդրադառնալու «Սփիւռք. քննական անդրադարձներ» հաղորդաշարին, որ նախագիծն է Բուն TV-ին, եւ կ՚ուսումնասիրէ ու կը քննէ արեւմտահայ գրական մշակոյթն ու աւանդը: Ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներու եւ հեռատեսիլի միջոցով տարածուող այս շարքը կ՚անդրադառնայ այն հիմնական ձեռքբերումներուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք ձեւաւորած են Հայկական Սփիւռքը վերջին հարիւրամեակին ընթացքին:
«Սփիւռք. քննական անդրադարձներ»-ը հանդիսատեսին կ՚առաջնորդէ դէպի յետեղեռնեան Սփիւռքի գրականութիւնը, բացայայտելու արեւմտահայ գրողներու եւ մտաւորականներու ներդրումը հայ իրականութեան մէջ: Շարքը գրականութեան նեղ սահմանումէն անդին կ՚երթայ եւ կը շօշափէ Սփիւռքի մշակոյթին առնչուող զանազան նիւթեր, ինչպէս լեզուի կենսունակութիւնը, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի փոխազդեցութիւնները եւ Սփիւռքի գրողներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Իւրաքանչիւր դրուագ կը բացայայտէ թէ ժամանակի ընթացքին ինչպէ՛ս զարգացած են հայ լեզուն եւ մշակոյթը Սփիւռքի մէջ, թէ անոնք ինչպէ՛ս պահպանուած, համարկուած եւ տարածուած են սերունդներու ու մայրցամաքներու վրայ:
Շարքը նորութիւն էր նաեւ Բուն TV-ին համար. նոր ձեւաչափով եւ թեքնաբանական վերազինումով կարելի եղաւ ուղղակի ներգրաւել Հայաստանէն դուրս ապրող փորձագէտներ, գիտնականներ եւ գրողներ: Ասիկա նպաստեց ստեղծելու եզակի հարթակ մը, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագիտական շրջանակները կը կապէ՝ խթանելով աւելի ամուր համագործակցութիւն եւ բովանդակալից քննարկում մը:
«Սփիւռք. քննական անդրադարձներ» շարքը շարունակութիւնն է 2022 թուականին հեռարձակուած եւ Հայկական Սփիւռքին նուիրուած նախաձեռնութեան. վերջինս «Սփիւռք» վերնագիրով 20 դրուագներէ բաղկացած տեղեկատուական եւ վերլուծական հաղորդում մըն է, որ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի միջոցով, ինչպէս նաեւ առցանց հրապարակուող շարք մըն է Հայկական Սփիւռքի մասին։
Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ «Բուն գիտամշակութային հիմնադրամ»-ին հետ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին համագործակցութիւնը կը շարունակուի՝ Սփիւռքի մասին որակեալ, տեղեկատուական եւ հետաքրքրական բովանդակութիւն ստեղծելու համար։ 2024-2025-ին պիտի իրականացուի (animation) շարժապատկերի շարք մը, նուիրուած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան։ Առաւելաբար երիտասարդ հանդիսատեսին ուղղուած այս շարքը, անմիջական եւ առընչելի ձեւաչափով, պիտի ըլլայ աւելի հանրամատչելի եւ դիւրութեամբ տարածուող: Այս կարճ շարժապատկերային դրուագները պիտի անդրադառնան Սփիւռքի յայտնի գրողներուն եւ անոնց արտադրութեան:
«Սփիւռք. քննական անդրադարձներ» արեւմտահայ գրականութեան նուիրուած շարքը կրնաք դիտել հետեւելով յղումին: Շարքը համակարգած է Կարէն Ջալլաթեան. ան նաեւ հաղորդումին զրուցավարն է եւ հմտօրէն երեւան կը հանէ սփիւռքեան կեանքի առանցքային կողմերը:
«Սփիւռք» տեղեկատուական եւ վերլուծական հաղորդումը կրնաք դիտել հետեւելով յղումին: