Կիւլպէնկեան կրաթաթոշակառուն կը ստանայ 2024-ի Տնտեսագիտութեան Նոպէլեան Մրցանակը
Յայտնի տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու արժանացաւ 2024-ի տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին, իր գործընկերներուն՝ Ճէյմզ Ռապինսընի եւ Սայմըն Ճանսընի հետ։ Անոնց հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ «երկրի մը բարգաւաճումին համար ընկերային եւ հասարակական հիմնարկութիւններուն կարեւորութիւնը»։
Աճէմօղլու ծնած է Պոլիս 1967-ին. մայրը՝ Իրմա Աճէմեան, բանաստեղծ եւ մանկավարժ, 1960 եւ 70-ականներուն եղած է Պոլսոյ Արամեան վարժարանի տնօրէնուհին. իսկ հայրը՝ իրաւաբան Գէորգ Աճէմեանն էր։ Աճէմօղլու նախնական ուսումը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճուեան վարժարանին մէջ. Պոլսոյ Կալաթասարայի երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակած է Անգլիոյ «Եորք» համալսարանը, մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան մէջ. այս ընթացքին է որ 1989-ին եւ 1990-ին Աճէմօղլու կրթանպաստ կը ստանայ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն։ Քսանհինգ տարեկանին Աճէմօղլու դոկտորականը կը ստանայ Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան Համալսարանէն (London School of Economics)։ 1993-էն սկսեալ կը դասաւանդէ համաշխարհային տնտեսագիտութիւն Մեսեչուսցի MIT համալսարանին մէջ:
Աճեմօղլու, Ռապինսըն եւ Ճանսըն հեղինակաւոր մրցանակին արժանացան քաղաքական համակարգերու եւ տնտեսական աճի միջեւ յարաբերութիւնը լուսաբանող իրենց հետազօտութեան համար, ընդգծելով որ ««Այն հասարակութիւններուն մէջ ուր օրէնքի գերակայութիւնը տկար է եւ հիմնարկները կը շահագործեն բնակչութիւնը, աճ կամ դրական փոփոխութիւն չ՚արձանագրուիր». դափնեկիրներուն հետազօտութիւնը կը բացատրէ ասոր պատճառները։
Աճէմօղլու Կիւլպէնկեանի երկրորդ նպաստառուն է որուն կը շնորհուի Նոպէլեան մրցանակ. 2021-ին լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեան ստացած էր Բժշկութեան Նոպէլեան մրցանակը։