Հայերը եւ Երուսաղէմը

Ցուցահանդէս նուիրուած սաղիմահայութեան եւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանին։
19 յունիս 2024

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքն ու Կիւլպէնկեան Արուեստի Գրադարանը եւ Արխիւները կը ներկայացնեն՝ «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ցուցահանդէսը։

2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկան Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանի կառուցումին վերաբերող արխիւներ. անոնք մեկնակէտը եղան ներկայ ցուցահանդէսին, որ կ՚անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ Քաղաքին հետ անձնական կապին։ 

Ներկայացուած նիւթերուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծուի առաջին եւ ամենահին սփիւռքեան համայնքին պատմութիւնն ու ներկան. համայնք մը որ կը գոյատեւէ հազարամեակէ մը աւելի, ի հեճուկս մեծ փոփոխութիւններու, ցնցումներու եւ պատերազմներու։ Մինչ օրս, Հայոց Թաղը, ըլլալով Երուսաղէմի հին քաղաքին չորս թաղամասերէն մէկը, կը պարունակէ խիստ արժէքաւոր կրօնական եւ մշակութային կալուածներ։ Պատրիարքարանը խնամակալն է նաեւ աշխարհի Քրիստոնեայ ամենասուրբ վայրերէն մի քանիին։  

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նորայայտ արխիւային նիւթեր, ներառեալ Գրադարանին ճարտարապետական յատակագիծերը, Կիւլպէնկեանի եւ օրուան պատրիարքին նամակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ եկեղեցական արժէքաւոր նմուշներ եւ Երուսաղէմէն բերուած խեցեգործական կտորներ։ Ցուցահանդէսը ամփոփ ներկայացում մըն է Սուրբ Քաղաքին մէջ սաղիմահայութեան պատմութեան եւ մշակութային կեանքին։

Հայոց թաղի դարաւոր պատմութիւնն ու հարուստ ժառանգութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ աշխարհին վրայ. Գալուստ Կիւլպէնկեանն ալ ունեցած է ամուր կապ մը Սուրբ Քաղաքին հետ եւ ձեռնարկած է նշանակալի բարեսիրական ծրագիրներ, ուղղուած Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ անոր զարգացումին. Կիւլպէնկեան գրադարանի կառուցումը վառ արտայայտութիւնն է իր այդ կապին եւ նուիրումին։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը հետեւաբար կը շարունակէ իր հիմնադիրին աւանդը՝ աջակցելով Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանին եւ պատրիարքութեան:

Ցուցահանդէսը բացուեցաւ 20 յունիսին, Հիմնարկութեան մէջ՝ Լիզպոն, եւ պիտի տեւէ մինչեւ 22 սեպտեմբեր 2024։

Լուսանկար՝ Հրայր Բազէ Խաչերեան։ 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։