արդ եւս-ի 2024-ի նպաստառուները

Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտնէ արդ եւս արեւմտահայերէն մշակութային դրամաշնորհի տասը յաղթողներուն անունները
30 Ապր 2024

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնած այս տարուան արդ եւս|in view արեւմտահայերէնի մշակութային ծրագրին մէջ յստակօրէն ներկայ էին մշակոյթն ու մտաւոր ստեղծագործութիւնը՝ որպէս զարգացումի եւ առաջընթացի ուղիներ։ Հայերէնի միջոցով մշակութային նորացումի եւ դիմակայութեան մեր «հրաւէրը» ընդունուեցաւ ոգեւորութեամբ եւ բուռն ստեղծագործութեամբ:

Հիմնարկութիւնը ստացաւ 76 դիմում։ Ընտրութեան գործընթացը բաւական մրցակցային էր, քանի որ կային աննախադէպ թիւով որակաւոր նախագծեր, որոնք մշակոյթը գործածած էին որպէս լեզուի կենսունակութեան միջոց եւ որպէս ժամանակակցութեան արտայայտութիւն: Դիմումները նաեւ ցուցիչ են խոստմնալից թափի մը, ուր նոր տաղանդներ եւ մտածողներ կը ստեղծագործեն արեւմտահայերէնով, իսկ կայացած ստեղծագործողներ կը շարունակեն հարստացնել մշակութային միջավայրը՝ քայլ պահելու աշխարհին հետ:

Ընդունուած նախագիծերու հեղինակները մշակութային ստեղծագործութիւնը կը գործածեն որպէս մնայուն արժէքներ փոխանցելու մէտարկ՝ ընդլայնելով այն ներուժը, որ մշակոյթը ունի մարտահրաւէրներ նետելու եւ համայնքներ փոխակերպելու, միաժամանակ նորացնելով լեզուն: Ժամանակակից եւ առնչելի միջոցներու կիրարկումը կը միտի հին յարացոյցերը նոր արժէքներով օժտելու, ագուցելով զանոնք մշակութային գործիչներու իրականութիւններուն ու աշխարհընկալումներու՝ ժառանգութեան առընթեր. այդպիսով անձնական մշակութային յիշողութեան հետ ներգրաւուածութիւնը կարելի կը դառնայ եւ զարգացումի նախադրեալներ կը ստեղծէ։

Ընտրուած տասը նախագիծերն են՝

  • Արմանդ Երուանդ Թիւֆէնքեան եւ Թամեր Հասան (ԱՄՆ). «Կապ կար»։

Ֆիլմ-կահոնք, որ բաղկացած է մէկ սենեակի մէջ ներկայացուող կարճ շարժապատկերներէ եւ ուրիշ սենեակի մը մէջ՝ քանի մը կարճ անձայն 16 մմ ժապաւէններէ: Գորգագործ արհեստաւոր Հայկօ Օլթաճիի հետ արեւմտահայերէն զրոյցները կը տատանուին անոր անձնական պատմութենէն՝ Պոլիս մեծցած հայ, մինչեւ գորգերու վերանորոգումի արհեստագիտական գործընթացները, եւ անոնց կրած խորհրդանիշերուն եւ զարդանախշերուն նշանակութիւնները: Խանութին մէջ վերանորոգուող գորգերուն հետ երկխօսութեան միջոցով՝ նախագիծը հաւաքական մշակոյթի գոյատեւումի վկայութիւն մըն է, մշակոյթ մը, որ անյապաղ կը պահպանուի լեզուի գործածութեան միջոցով: Ան հանդիսատեսը կը կապէ ընդհանուր պատմութեան հետ՝ ներգրաւելով սեփական մշակութային յիշողութիւնը:

  • Աւետիս Գաբրիալեան (Գերմանիա). «Ըլլալ նամակ մը»:

Շարժապատկերի նախագիծ, որ կը ներառէ թատերական տեսարաններ, կատարողական արուեստ, վաւերագրական, գեղարուեստական եւ արխիւային նիւթեր, ներկայացնելով Ռուբէն Սեւակի եւ իր կնոջ՝ Հելէն Ափելի եւ մերօրեայ հայ-գերմանացի զոյգի մը սիրոյ պատմութիւնը եւ կեանքի զուգահեռները. երկու խորհրդանշական ճամբորդութիւններու միջոցով, իրական մը՝ դէպի Հայաստան, եւ երեւութական մը դէպի Արեւմտեան Հայաստան։ Միահիւսուած ողբերգութեան, կորուստի, սիրոյ, պատերազմի, քաղաքական ներգրաւուածութեան, ինքնութեան ճգնաժամի եւ դաժան ու փոփոխուող իրողութիւններու հետ հաշտուելու մարտահրաւէրով, ֆիլմը ստեղծագործական ճամբորդութիւն մըն է անցեալի եւ ներկայի միջով՝ վերլուծելով սփիւռքեան ինքնութիւնները, եւ լեզուն գործածելով որպէս ինքնաճանաչումի բնական գործիք։

  • Կարէն Տարաքճեան եւ Սուրէն Խըտշեան (Լիբանան). «Լիբանանահայ թատրոնը»:

Վաւերագրական ֆիլմ լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան մասին՝ արխիւային նիւթերու եւ հարցազրոյցներու վրայ հիմնուած։ Անցած տասնամեակներու Լիբանանի հայկական թատրոնի պատմութիւնը հիւսելով, վաւերագրական այս ֆիլմը կ՚անդրադառնայ նաեւ այսօրուայ մարտահրաւէրներուն՝ արծարծելով լայն նիւթեր, ինչպէս՝ արուեստի, եւ յատկապէս թատրոնի դերը հայ երիտասարդները համախմբելու մէջ: Անցեալի հանդէպ յուզականութիւնը միախառնուած է թատրոնին ունեցած ներուժին՝ լեզուն կենսունակ պահելու եւ ընդհանուր արժէքներն ու պատմութիւնը ընդգծելու: Թատրոնը կը դիտարկուի որպէս դիմակայութեան մէտարկ՝ համայնքի մը համար, որ դիմագրաւած է պատերազմ եւ յաղթահարած անասելի դժուարութիւններ:

  • Գոհար Մարտիրոսեան (Հայաստան). «Ա. լեռ»։

Հրատարակութիւն եւ իրացուցական եւ երեւութական իրականութեան (virtual reality) ֆիլմ, որ պիտի ստեղծուի փոխներգործուն եռաչափ ծրագիրի կիրարկութեամբ. յառաջապահ շարժաբանական ձեռնարկութիւն մը, որ կը կրկնէ տարածական եւ շրջակայ միջավայրի փորձառութիւնները՝ հանդիսատեսին առաջարկելով ամբողջական/ընկղմուող ոդիսական մը: Ֆիլմին առանցքը Արարատ լեռն է՝ ստանձնելով անձնաւորուած դեր եւ գործելով որպէս խորհրդաւոր կերպար՝ հանդիսատեսին հետ արեւմտահայերէնով առնչուելով եւ գիտելիքի բացայայտումի մէտարկ դառնալով։ Շարժապատկերին պատմութիւնը ներշնչուած է Ռենէ Դաումալի «Mount Analogue» գիրքէն, գործ մը՝ արուեստի եւ փիլիսոփայութեան խաչմերուկին, որ պիտի թարգմանուի արեւմտահայերէնի:

  • Յասմիկ Ղազարեան եւ Քրիստիան Բատիկեան (Հայաստան/Ֆրանսա). «Պարտէզը որ քեզ երազեց»։

Վաւերագրական ֆիլմ ժամանակակից գրող Գրիգոր Պըլտեանի մասին։ Գրողին կեանքին եւ ստեղծագործութեան այս համադրուած աշխատանքը պիտի ներկայացուի երեք փուլով. «Փարիզը», որ մեծ նշանակութիւն ունի հեղինակին, անոր գրական ստեղծագործութիւններուն եւ հայ նշանաւոր այլ գրողներու համար. «Գրողին ծննդավայրը», գրողին ծագումի երկիրը եւ վաղ պատումները, որ խորապէս ներշնչուած են Պէյրութէն. եւ «Շարունակական կեանքը», երրորդ փուլը, որ կեդրոնացած է գրողին կեանքին եւ զանազան իրադարձութիւններուն վրայ: Աշխատանքին նպատակն է նաեւ անդրադառնալ արխիւային տեսանիւթերու կամ ֆիլմերու բացակայութեան հարցին, յատկապէս անոնք որոնք կը փաստարկեն յետ-եղեռնեան գրողներու առաջին եւ երկրորդ սերունդներու ձայները:

  • Լուսինէ Գալստեան եւ Էլիզա Բաղդիեան (Հայաստան/Շուէտ). «Լեռները կը կանչեն. արեւմտահայ(երէն) ճամբորդութիւն մը»:

Համերգաշար եւ ինքնատիպ երաժշտական ստեղծագործութիւններ. «Տիեզերք» երաժշտական խումբը պիտի անդրադառնայ արեւմտահայ բանաստեղծութեան հարստութեան ու ժամանակակից հայ երաժշտութեան իւրայատկութիւններուն։ Ներշնչուած Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան» բանաստեղծութենէն՝ նախատեսուած են չորս համերգային համագործակցութիւններ աշխարհի տարբեր մասերը արտացոլող երաժշտական չորս տարբեր ոճերով, ներառեալ՝ Indie Folk երաժշտութիւնը, ելեկտրոնային երաժշտութիւնը, Folk Rock-ը եւ երգչախումբ ու դասական քառեակը: Պիտի ստեղծուին նոր երգեր համագործակցութեամբ զանազան երաժիշտներու, արուեստագէտներու եւ ստեղծագործողներու։

  • Մարալ Դաւիթեան (ԱՄՆ). «Մնացողները»։

Բազմագիտակարգային նախագիծ՝ պոլսահայութեան պատմութեան ու ժամանակակից կեանքին մասին. համայնք մը, որ կերտած է իր լեզուն եւ մշակոյթը երկրի մը մէջ, ուր կը փորձեն անցեալը թաղել: Նախագիծը պիտի արտադրէ պատմողական ոչ-գեղարուեստական յօդուած մը եւ կարճ ֆիլմ, որ կը լուսաբանէ բոլոր մարտահրաւէրներով հանդերձ գոյատեւող այս համայնքը, միեւնոյն ժամանակ ուսումնասիրելով աւելի լայն թեմաներ ինչպէս՝ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հարցը եւ աշխարհին քիչ յայտնի խումբերու մշակութային կիրարկումները, առաջարկելով գոյատեւումի եւ կերտումի հետաքրքրական պատմութիւն մը, ի հակադրութիւն այսօրուան աշխարհին մէջ առկայ ահռելի աւերներուն եւ ցնցումներուն:

  • «Նորարար փորձառական արվեստի կենտրոն» (ՆՓԱԿ)) (Հայաստան). «ԱրեւմտաՀայ տարրալուծարան»։

Արուեստի տարրալուծարան մը որ կը ներառէ հետազօտութիւններ, քննարկումներ, դասախօսութիւններ եւ արուեստի գործերու ստեղծում: Նախագիծը կոչուած է արեւմտահայ մշակոյթը ժամանակակից արուեստի տեսանկիւնէն հետազօտելու եւ ցուցադրելու, ներառելով բազմագիտակարգային միջոցներ՝ տեսողական արուեստ, տեսանիւթերու արուեստ, ներկայացումներ, եւ բանաստեղծութիւն. պիտի կազմակերպուին հանրային միջոցառումներ, կլոր սեղաններ եւ զանազան ընթերցումներ՝ համայնքը ներգրաւուելու համար: Նախագիծը պիտի ստեղծէ շարք մը նորօրինակ աշխատանքներ եւ քննարկումներու արխիւ մը՝ տեսաձայնագրութիւններու տեսքով, որ հասանելի պիտի ըլլան ՆՓԱԿ-ի կայքէջին փոխներգործուն արխիւի բաժինին մէջ: Արուեստի կեդրոնին մէջ պիտի ստեղծուի նաեւ գեղարուեստական ուսումնասիրութեան տարածք մը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ համակողմանի զրոյցներ ունենալ հաւաքական մշակոյթի լեզուի եւ մնայունութեան մասին:

  • Օլիվիա Մելքոնեան (Մեծն Բրիտանիա). «Յարութիւն».

Ժողովրդական երգերը ելեկտրոնային պարային երաժշտութեան մէջ ներառող երաժշտական շարք. ձուլում, աւանդական գործիքներու նմուշներով եւ արեւմտահայ ձայնային կենդանի ձայնագրութիւններով, ներառելով բնիկ հայկական երգարուեստ եւ ձայնեղանակներ: Երաժշտական պահպանումէն եւ Կոմիտասէն ներշնչուած՝ արեւմտահայ երգերը կը հանդիսանան այս նախագծին հիմքը։ Նախագիծը գեղարուեստական մարտահրաւէր է մշակութային երեւակայութեան, յարգելով անցեալը՝ միաժամանակ ուսումնասիրելով, թէ ինչպէ՞ս ժառանգուած գիտելիքներն ու հմտութիւնները կրնան կայուն կերպով փոխանցուիլ, ներգրաւուածության միջոցով:

  • Շողակ Յովհաննէսեան, Վարագ Գարագաշեան, Սերժ Մանուկեան, Արազ Քոճայեան (Լիբանան). «Վազրիկ Լուցկի»։

Արեւմտահայերէն գիտաերեւակայական շարանկար-վէպ՝ յառաջապահ ոճով, որ կ՚անդրադառնայ Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող շարք մը անհեթեթ իրադարձութիւններու՝ գլխաւոր հերոսին փորձառութիւններուն միջոցով: Վէպը, որ հիմնուած է Պէյրութ ապրող հայ համայնքին վրայ, ամբողջութեամբ ձեռքով նկարազարդուած է։ Պատմուածքը կ՚անդրադառնայ այն հիմնական երեւոյթներուն, որոնք կը ձեւաւորեն քաղաքի մը ըմբռնումը, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը վերաբերին անոր եւ թէ ինչպէ՞ս կը յիշեն զայն: Նախագիծը առնչելի պատմութիւն հիւսելու վարժանք է գործածելով կենսամիջավայրը՝ տեղական համայնքի մշակութային եւ լեզուական սովորութիւններուն առընթեր:

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։