Հանդիպում Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ

25 Հնվ 2024

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը մեկնարկէ երկօրեայ քննարկումներ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ, որոնք տեղի պիտի ունենան փետրուար 2-ի եւ 3-ի շաբաթավերջին, Կլէնտէլ՝ Hero House-ի մէջ։

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան պիտի ներկայացնէ Հիմնարկութեան ծրագիրները, ռազմավարութիւնները եւ նպատակները, եւ պիտի զրուցէ ակադեմականներու եւ մասնագէտներու հետ:

Ուրբաթ 2 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7-էն 8։30, Փանոսեան պիտի ներկայացնէ Բաժանմունքին անցեալ տասնամեակի գործունէութիւնը ու խօսի ներկայի եւ ապագայի ուղղութիւններուն մասին։ Այս կարճ ներկայացումին պիտի յաջորդէ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկում՝ Սալբի Ղազարեանի (USC Institute of Armenian Studies) եւ Դոկտ. Հուրի Պէրպէրեանի (Մեղրունի ընտանիքի հայագիտութեան նախագահական ամպիոնի վարիչ եւ UC Irvine-ի հայագիտական ծրագիրի տնօրէն) մասնակցութեամբ: Քննարկումին պիտի յաջորդէ հարցումներու եւ մեկնաբանութիւններու նիստ մը:

Շաբաթ 3 փետրուարին, առտուան ժամը 11.30-էն մինչեւ յետմիջօրէի 4։30-ը, տեղի պիտի ունենան երեք իրերայաջորդ երկլեզու զրուցասեղաններ քննարկելու (ա) հայկական աշխարհի մէջ բարերարութեան փոփոխական բնոյթը, (բ) Սփիւռքի մէջ հայ լեզուի, մշակոյթի եւ կրթութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ (գ) քննական մտածողութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքեան կառոյցներու մօտ։

Աշխարհի տարբեր հայ համայնքներու մէջ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ ունենալ իր աշխատանքային ներգրաւուածութիւնը. միեւնոյն ժամանակ Հիմնարկութիւնը կը ձգտի աւելի սերտօրէն աշխատիլ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ՝ մնալով հաւատարիմ իր ռազմավարական ուղղութիւններուն, որոնք կը թարմացուին ամեն հնգամեակի, հաշուի առնելով փոփոխուող մարտահրաւէրները, թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակի։

Այս միջոցառումները կը կազմակերպուին USC Institute of Armenian Studies-ի հետ համագործակցաբար: «Այս առաջին անգամը չէ, որ մենք կը համագործակցինք Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ. մեր տեսակէտերն ու մօտեցումները նման են, եւ մենք կ՚ողջունենք հայութեան յուզող նիւթերու շուրջ զրոյցները ընդլայնելու այս հնարաւորութիւնը», կ՚ըսէ Սալբի Ղազարեան, որ Հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Շուշան Կարապետեանի հետ պիտի մասնակցի քննարկումներուն։ Միւս մասնակիցներէն են՝ USC-ի Փրոֆեսոր Տոնալտ Միլլեր, UCLA-էն Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան եւ Դոկտ. Շանթ Շըխըրտմեան, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն Շողեր Մարկոսեան։

Բոլորը հրաւիրուած են մասնակցելու ծրագիրներ նախագծողներու, հովանաւորողներու եւ համայնքին միջեւ այս զրոյցին: Ի՞նչ են հայկական կազմակերպութիւններու դիմագրաւած ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրները: Ինչպէ՞ս կրնանք ամրապնդել լեզուն եւ մշակոյթը սփիւռքեան միջավայրերուն մէջ. փափաքն ու կամքը կա՞յ այս մէկը ընելու։ Արդեօ՞ք հաստատութիւններու ծաւալած ծրագիրները օգտակար, տեղին եւ ազդեցիկ են. թէ՞ կրկնուող ու հինացած յարացոյցերու հիման վրայ կը յարատեւէն: Ինչպէ՞ս որոշումներ կ՚ընդունուին եւ նախագիծեր կը գնահատուին: Կը փոխո՞ւի արդեօք որոշումներ կայացնելու եղանակը եւ նպաստատուութիւնը. արդեօք պէ՞տք է փոխուի, իսկ եթէ այո, ինչպէ՞ս:

«Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութիւնը հայ համայնքներուն սկսած է Միջին Արեւելքէն, ուր Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ իր ներկայութիւնը ապահովել: Այնուամենայնիւ, ժամանակի ընթացքին անոր գործունէութիւնը ուղղուած է դէպի արեւմուտք՝ բերելով մեզ Լոս Անճելըս: Մենք դասեր ունինք քաղելիք Լոս Անճելըսի հայկական համայնքէն, միեւնոյն ժամանակ կ՚ուզենք նպաստել անոր, յատկապէս մշակոյթի, կրթութեան եւ լեզուի ոլորտներուն մէջ: Այս երկօրեայ զրոյցը էական է մեզի համար՝ մշակելու համապատասխան ծրագիրներ, որոնք կ՚առնչուին այս կարեւորագոյն համայնքին, որ շատ կը տարբերի ուրիշներէ», կ՚ըսէ Փանոսեան:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել [email protected] հասցէին։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։