Մշակութային արտադրութեան նոր հոսանքներ

Արեւմտահայերէնը՝ ապագայի համար. արդ եւս 2023 – 2024

արդ եւս-ը արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրն է։
13 Նյմ 2023

Մշակոյթը էական միջոց մըն է ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին զարգացումին։ Մշակոյթը, ինչպէս ժառանգութիւնը, ինքնութեան եւ արժէքներու կերտումի համակարգ մըն է որ պարտինք զարգացնել՝ստեղծելու աւելի կայուն շրջանակներ եւ զանոնք ընդլայնելու, որպէսզի խթանենք երկարաժամկէտ, մարդակեդրոն եւ կենսոլորտային կայուն զարգացումի յարացոյցերը:

Որպէս արտայայտութեան, հաղորդակցութեան եւ մտածողութեան զարգացումի միջոց՝ մշակոյթը որոշիչ դեր մը կը խաղայ մտքի հրահրումի եւ գործողութիւններ ներշնչելու ընթացին վրայ՝ ինքն իրեն ձևաւորելով եւ անընդհատ թարմացնելով: Մշակոյթը լուսարձակի տակ կ՚առնէ իրականութիւններ, դիմակայութիւն կը ներշնչէ, նոր պատումներ կը ստեղծէ, մարտահրաւէր կը նետէ եւ կը հանգեցնէ ընկերային բարեփոխումներու: Մշակութային եւ արուեստի կիրարկութիւնները կ՚օգնեն լուծել կամ բարձրացնել զանազան հարցեր, ինչպէս՝ անհաւասարութիւնն ու խտրականութիւնը, եւ հանդէս կու գան որպէս մղօն դրական փոփոխութեան: Իբր իրազեկութեան հզօր միջոց՝ մշակոյթի եւ արուեստի գործածութիւնը ի շահ հայ ժողովուրդին կը դառնայ հրամայական մը, հայերէնո՛վ դիմակայելու տեղական եւ միջազգային խնդիրները:

Ընկերային դրական փոփոխութիւններու շարժիչ ուժը իրական կիրարկութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցող գաղափարներն ու գործողութիւններն են։ Մշակոյթը կը խթանէ դիմակայութիւնը եւ հաստատուածութիւնը՝ հնարաւորութիւն տալով համայնքային հզօրացումին եւ մասնակցութեան. արդ եւս-ի միջոցով՝ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը փորձէ, հայկական աշխարհին մէջ եւ հայերէն լեզուով, ասոր հասնելու անհրաժեշտ պայմանները ստեղծել։

Այս տարի, արդ եւս արեւմտահայ մշակոյթի նպաստի ծրագիրը կը ձգտի զարգացնելու այն հսկայական ներուժը որ մշակոյթը ունի՝ փոխակերպելու հասարակութիւնը եւ դիմագրաւելու զանազան մարտահրաւէրներ, միաժամանակ թարմացնելով լեզուն որմով ան կը փոխանցուի, նաեւ թարմացնելով ինքզինք, այսինքն նոյնինքն մշակոյթը: Արեւմտահայերէնը կը գործածուի ուրեմն ստեղծելու մշակոյթ մը որ կայուն յառաջընթացի շարժիչ ուժն է. իմաստի, կենսունակութեան եւ ստեղծագործութեան աղբիւրն է. մարտահրաւէրներ դիմակայելու միջոց մը: Նպատակն է ունենալ երկարաժամկէտ կենսունակ հայկական մշակոյթ մը, ինչպէս նաեւ աւելի կայուն համայնքներ՝ աւելի հզօր հիմնարկներով եւ անհատներով:

Արեւմտահայ մշակոյթի այս նպաստին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար կարդալ դիմումներու յայտ-փաստաթուղթը։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։