Զօրակցութիւն արցախահայութեան
Արցախահայութեան ֆիզիկական, հոգեբանական եւ տնտեսական վնասները մեղմելու նպատակով, անյապաղ օգնութեան եւ երկարաժամկէտ վերականգումի ջանքեր արդէն իսկ կը գործադրուին զանազան մակարդակներու վրայ: Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումին հետեւանքով աւելի քան հարիւր հազար հայ բռնի տեղահանուելով՝ դարձած է փախստական։
Աղէտին հետեւանքները կարելի եղածին չափ ամոքելու համար, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը մշակած է երեք մասէ բաղկացած ռազմավարութիւն մը. ցուցաբերել հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն, իրականացնել մշակութային ժառանգութեան վերահսկում, եւ կատարել Արցախի ժողովուրդին կրած կորուստներուն վերաբերեալ հետազօտութիւններ։
Հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւնն ու ապրուստի միջոցներու վերականգնումը պիտի իրականացուի այս ոլորտներուն մէջ փորձառութիւն ունեցող երեք կազմակերպութիւններու կողմէ: Հիմնարկութիւնը նպաստներ պիտի յատկացնէ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամին (COAF), «Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ»-ին (Near East Foundation, NEF) եւ «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան՝ որպէսզի անոնք տեղւոյն վրայ օգնութիւն ցուցաբերեն փախստականներուն:
Դէմ դնելու համար Արցախի հայկական նիւթական ժառանգութեան ոչնչացումին եւ կեղծումին, Հիմնարկութիւնը նաեւ պիտի օժանդակէ ժառանգութեան վերահսկումի աշխատանքներուն: Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկի (INALCO) հետազօտական խումբը, Հայաստանի իր գործընկերներուն հետ, պիտի պատրաստէ փորձագիտական փաստաթուղթեր, հայկական նիւթական ժառանգութիւնը համակարգուած ներկայացնելու համար: Նախագիծը պիտի ներառէ վտանգուած աւելի քան 2000 յուշարձան, ինչպէս հնագոյն եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր։
Հետազօտական աշխատանքը եւ ուսումնասիրութիւնները Հիմնարկութեան գործունէութեան երրորդ ոլորտն են: Պատերազմին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վերաբերեալ ընթացիկ վերլուծական հետազօտական նախագիծը պիտի շարունակուի եւ զարգանայ. անոր պիտի աւելնայ բանաւոր պատմութեան հետազօտութեան բաղադրիչը: Նպատակն է յիշողութեան փաստագրումի միջոցով արձանագրել կորուստները եւ գրանցել յիշողութիւնները, ներառեալ գիւղերու նկարագրութիւնները, տեղական նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, սովորոյթներն ու աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ Արցախի եզակի բարբառը:
Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս բարեգործական հիմնադրամը նոյնպէս պիտի միանայ մեր աշխատանքին, նպաստ յատկացնելով հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն եւ ապրուստի միջոցները վերականգնող նախաձեռնութիւններ իրականացնող կազմակերպութիւններու: