«Gulbenkian Prize for Humanity» մրցանակ 2023
Այս տարի «Gulbenkain Prize for Humanity»-ին շնորհուեցաւ երեք անհատներու՝ Պանտի «Ափայ Ճանկութ»-ին՝ համայնքային ղեկավար (Ինդոնեզիա), Սէսիլ Պիպիան Նճեբեթին՝ բնապահպանութեան ջատագով (activist) եւ գիւղատնտես (Քամերուն) եւ Լելիա Ուանիք Սալկատույին՝ բնապահպան, ձեւաւորող եւ բեմանկարիչ (Պրազիլ), կենսական բնահամակարգերու վերականգնումին եւ պաշտպանութեան ի խնդիր տասնամեակներու անոնց անխոնջ աշխատանքին համար։
Մրցանակին դատական յանձնախումբը կազմուած էր երկրագունդի համակարգի գիտութեան, բնապահպանութեան եւ կլիմայի պաշտպանութեան, վերականգնումի եւ արդարադատութեան, ինչպէս նաեւ գիտական, թեքնաբանական, քաղաքական եւ մշակութային ոլորտներէ եկող փորձագէտներէ՝ ղեկավարուած Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքէլին կողմէ։ Այս տարի դատական կազմը 55 երկիրներէ առաջադրուած 143 թեկնածուներէն ընտրեց երեք հոգի, կլիմայի եւ կենսական բնահամակարգերու վերականգումի երկարամեայ աշխատանքներուն համար (անտառներ, բնավայրեր եւ մանգլենիներ), ինչպէս նաեւ միջավայրը պաշտպանելու համար՝ տեղական համայնքներու համագործակցութեամբ ու ի շահ անոնց:
«Gulbenkian Prize for Humanity»-ն ստեղծուած եւ առաջին անգամ շնորհուած է 2020 թուականին՝ գնահատելու կլիմայի պաշտպանութեան աշխատանքներն ու կլիմայի պահպանումի հանգամանալից ներդրումները, որոնք յոյս եւ հնարաւորութիւն կը ներշնչեն մարդկութեան: Մէկ միլիոն եւրօ արժողութեամբ այս մրցանակը կը պարգեւատրուի հասարակութեան ջանքերը ուղղորդող անհատներու եւ կազմակերպութիւններու, որոնք կ՚աշխատին ի խնդիր մարդկութեան ամենամեծ մարտահրաւէրին՝ կենսոլորտի աղէտին:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կայունութիւնը կը նկատէ իր ողջ գործունէութեան հիմքը, եւ այս մրցանակը այդ յանձնառութեան դրսեւորումն է։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, Հիմնարկութեան բոլոր բաժանմունքներուն հետ մէկտեղ, գիտակից է կլիմայի պաշտպանութեան գործողութիւններու հրատապութեան եւ կը ջանայ իր գործունէութեան մէջ ներառել նաեւ կլիմայի պաշտպանութեան եւ բնապահպանական նախաձեռնութիւններ. մինչ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան վերոնշեալ մրցանակը համաշխարհային է ու մաս չի կազմեր Հայկական համայնքներու բաժանմունքին ծրագիրներուն եւ գործունէութեան, մեր Բաժանմունքը իր բնապահպանական գործունէութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Հայաստանի մէջ:
2023 թուականի մրցանակակիրներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել այստեղ, իսկ մրցանակին մասին՝ այստեղ: