Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն

19 Հլս 2023

Փորթուկալ առաջին պաշտօնական այցին առիթով, 14 Յուլիս 2023-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ։ Միրզոյեան հանդիպեցաւ Հիմնարկութեան նախագահ Անթոնիօ Ֆէյժոյին, նախագահի գրասենեակի տնօրէն Միկէլ Մակալէյշին եւ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին։ Նախարարը այցելեց Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարանը, ուղեկցութեամբ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանին եւ նախարարութեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որոնց շարքին նախարարի խորհրդական Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան եւ արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Բադալեան։

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։