արդ եւս-ի 2023-ի նպաստառուները
Մշակոյթը, որպէս մարդկային ստեղծագործութեան եւ արտայայտութեան ընդհանուր միջարկ, սերտօրէն կապուած է իմաստի, տաղանդի, քաղաքակրթութեան եւ արժէքներու հետ։ Մշակութային գիտակցութիւնը եւ լեզուի միջոցով անոր արտայայտութիւնը երաշխիքն է լեզուին եւ զայն կրողներուն կենսունակութեան։
Մշակոյթի վրայ հիմնուած նորարարութիւնը լեզուի գործածութեան մէջ, եւ անոր մերձեցումը մեր ժամանակներուն առնչուող նիւթերու եւ խնդիրներու, ոչ միայն նախադրեալներ կը ստեղծէ որ լեզուն զարգանայ, այլեւ կը խթանէ նորարարութիւնն ու ստեղծագործ մօտեցումը՝ մտածելու եւ գործելու արարքին մէջ։
Արեւմտահայերէնը մշակութային ժամանակակցութեան եւ նորարարութեան առաջնագիծին բերելու նպատակով՝ 2021-ի աշնան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը մեկնարկեց արդ եւս-ը՝ որ արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւններու ուղղուած նպաստի առաջին եւ միակ ծրագիրն է։ 2022-ին Բաժանմունքը նպաստ շնորհեց ինը նախագիծերու։
2023-ին Բաժանմունքը ստացաւ վաթսուներեք դիմում, որոնցմէ ընտրուեցաւ տասը նախագիծ։
Ընտրուած տասը նախագիծերն են՝
Ալեքսանդր Վարատեան (Նորուէկիա)՝ «Թամզարա. ազգայնականութեան հետազօտում մը» թատրոնին համար. ինչպէ՞ս լեզուին բացակայութիւնը կը բարդացնէ հայկական ինքնութիւնը Սփիւռքի երիտասարդներու համար։ Թատրոնը կը պատմուի Արցախեան երկրորդ պատերազմին զուգահեռով։ Թատերգութիւնը գրուած է ճկուն կառուցուածքով, որպէսզի համապատասխանէ զայն բեմադրողներուն եւ անոնց Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու բնոյթին. բովանդակութիւնը պիտի կազմուի Սփիւռքէն արուեստագէտներու հետ համատեղ՝ իւրաքանչիւր տարբերակ համապատասխան միջավայրին յարմարեցնելու նպատակով: Նախագիծին շնորհիւ երիտասարդ գրողներ պիտի ստեղծեն թատերական գործին արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակները, իսկ ձայնային թատրոնի համար պիտի պատրաստուին կարճ հաղորդումներ:
Ալիք Պարսումեան (ԱՄՆ)՝ «Մշտատեւ» կարճ վաւերագրական ֆիլմին համար, որ կը պատմէ խումբ մը հայ վանականներու մասին, որոնք Վենետիկեան ծովածոցի կղզիին վրայ կը բնակին։ Մինչ այս փոքր համայնքը կը պայքարի դարաւոր մշակութային ժառանգութիւնը կենդանի պահելու համար, օտար հողի վրայ անոնց գոյատեւումը կասկածի տակ կը դրուի: Անծանօթ այս պատումը պիտի ներկայացուի արեւմտահայերէնով։ Վաւերագրական այս տեսանիւթը պիտի խթանէ սփիւռքահայ լսարանին մօտ երկխօսութեան, խոկալու հետեւեալ հիմնահարցին շուրջ. արդեօք կարելի՞ է հնագոյն մշակութային ժառանգութիւն մը օժտել նոր արժէքներով՝ առանց սպառնալու անոր գոյութեան:
Արա Մածունեան (ԱՄՆ)՝ «Թոմարզա փողոցի տունը» վաւերագրական ֆիլմին համար, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ նոյնինքն բեմադրիչը որ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կը փորձէ վերականգնել կտրուկ ձեւով մասնատուած իր անցեալը: Պղտորելով վաւերական եւ վիպական սինեմայի ընդունուած կանոնները, պատմութիւնը տեղի կ՚ունենայ մերօրեայ Պուրճ Համուտի մէջ՝ Պէյրութի ծայրամասը գտնուող հայաբնակ քաղաքը։ Հոս է որ լեզուն դարձած է սեփականութիւնը ժողովուրդի մը որ կը փնտռէր ինքնութեան նշանակիչներ՝ ինքզինք սահմանելու համար. վայր մը՝ ուր արեւմտահայերէնը կը ծաղկէր հաղորդակցուելու պահանջքէն եւ լեզուին հարազատութեան մէջ ապաստան գտնելու մղումով։ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը ինքնապարտադրուած աքսորէ մը ետք, հեղինակը, բնիկ Պուրճ Համուտցի, կը վերադառնայ պատմելու թէ ինչպէ՞ս հասակ առած է այս երբեմնի բարգաւաճ համայնքին մէջ՝ որ օրին ճանչցուած էր որպէս Հայկական Սփիւռքի բազկերակը։
Կարին Պօղոսեան (ԱՄՆ)՝ «Ամայի դեռ բնակուած» նախագիծին համար, որ կը գծագրէ եւ տեղագրէ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող բնիկ հայկական թաղամասեր, գիւղեր ու քաղաքներ որպէս հայկական ապագայութեան վայրեր: Հիմնուելով 20-րդ դարու սկիզբի մտային քարտէզներու եւ լուսանկարներու հսկայական հաւաքածոներու վրայ, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հետազօտութիւններու վրայ՝ նախագիծը պիտի միաւորէ վայրեր եւ պատմութիւններ՝ արխիւային եւ ներկայ, դէպի նոր իրականութիւն մը՝ ուր «տուն»-ը ուրախութեան եւ ապրելու վայր է, բռնութենէ եւ ժխտումէ հեռու: Գիտակցօրէն մոռնալու եւ վերագտնելու գործընթացով, այս տեղագրութեան աշխատանքը կը կեդրոնանայ արեւմտահայերէնին վրայ, եւ երբեմն ալ տարածաշրջաններու բարբառներուն վրայ, վերականգնելու լեզուի եւ վայրի միջեւ կորսուած յարաբերութիւնը:
Գոհար Սարգսեան (Հայաստան)՝ «Արեւմտահայ բանաստեղծներու վերադարձը» նախագիծին համար, որ բազմագիտակարգային, փոխներգործուն արուեստի կահոնք (installation) մըն է` բաղկացած լսողական եւ տեսողական զանազան կահոնքներէ եւ գրային գծանկարներէ, որոնք անհատական ցուցահանդէսի տեսքով պիտի ցուցադրուին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ։ Նախագիծին նպատակն է ժամանակակից արուեստի ձեւաչափերով հանդիսատեսին ցոյց տալ արեւմտահայերէնի երգեցիկ եւ բանաստեղծական կողմերը, հետաքրքրութիւն առաջացնել լեզուին հանդէպ, երկխօսութիւն ստեղծել արեւմտահայ բանաստեղծներու եւ հանդիսատեսին միջեւ, ինչպէս նաեւ հարթակ ստեղծել նոր բանաստեղծներ յայտնաբերելու համար։
Հայկ Կրակեան (Զուիցերիա) եւ Էտուար Ռումուլեան (Լիբանան)՝ «Ալիք» նախագիծին համար, որ բաց եւ հասանելի ձայնային նմուշներու վրայ հիմնուած երաժշտութիւն ստեղծելու հարթակ մըն է: Նախագիծը հասանելի պիտի ըլլայ բոլորին եւ նպաստէ արեւմտահայերէնի գործածութեան՝ ձայնագրութիւններու եւ երաժշտութեան միջոցով: Հարթակին անդամները պիտի կարենան ներդրում ունենալ եւ ընդլայնել ձայնային նմուշներու թուային գրադարանը, աւելցնելով արեւմտահայերէնով ձայնագրուած նիւթեր: Հարթակը պիտի տրամադրէ նաեւ գործիքային եւ ձայնային նմուշներու լայն տեսականի, որոնք կրնան գործածուիլ երաժիշտներու եւ թուային երաժշտութիւն արտադրող մասնագէտներու կողմէ:
Քամի Աբրահամեան (Գանատա)՝ «Անյիշատակ մարմիններ» նախագիծին համար, որ կ՚անդրադառնայ արեւմտահայ «քուիր» եւ «ֆեմինիստ» պատկերներու բացակայութեան եւ անոնց զետեղումին իրենց իսկ ծագումի բնապատկերներուն մէջ: Նախագիծը յաւելեալ իրականութեան (augmented reality) հսկայական յուշարձաններ պիտի տեղադրէ այն վայրերուն մէջ, ուրկէ անոնք սեռած են, բայց ուր այլեւս մուտք չունին: Այս նախագիծը կը նպատակադրէ ստեղծագործ ձեւով վերականգնել բնիկ հայերու յարաբերութիւնները իրենց նախնիներու բնապատկերներուն հետ՝ անդրադառնալով բնիկութեան, պատկանելիութեան եւ ինքնորոշման բարդութիւններուն. դրոշմներու համաստեղութիւն մը պիտի ձեւաւորուի նախնիներու ապաքինումի, ստեղծագործական վերականգնումի, եւ սփիւռքեան ապագաներ ստեղծելու համար: Մասնակիցներու հետ համագործակցաբար, լայնածաւալ եւ բազմագիտակարգային յուշարձաններ պիտի ստեղծուին ներառելով հայրենիքի ոգիները, պատմութիւնները, բուսական ու կենդանական աշխարհը եւ բնապատկերները։
Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ (Ֆրանսա)՝ «Ձայնաւորը պատկերին մէջ» նախագիծին համար՝ առցանց գեղարուեստական եւ բացմագիտակարգային ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ ժամանակակից ստեղծագործ դէմքերու՝ նկարիչ Ասատուր Պզտիկեանի եւ գրող Գրիգոր Պըլտեանի աշխատանքները. բացայայտելու թէ ի՞նչ ստեղծագործ եղանակներով կ՚արծարծուին սփիւռքահայը յուզող թեմաները, ինչպէ՞ս ինքնութեան, անցեալի, վայրերու ուժի կամ գոյութենական հարցեր կը գրուին, կը նկարուին, եւ առնչելի կը դառնան արուեստի միջոցով։ Նորարար եւ գեղարուեստական համադրումով մը պիտի ցուցադրուի փորագրութիւն եւ քերթուած կողք-կողքի, ձեւի եւ բովանդակութեան յարաբերութեամբ, թեմաները ընկալելու տարբեր բայց փոխլրացուցիչ դիտանկիւններէ, երկու կրթանքներու պարունակին մէջ, տարբեր զգայարանքներով։
Նուարդ Տալեան (Գանատա) եւ Սոնիա Սանան Քիլէճեան (Գանատա)՝ «Շղարշէն անդին» նախագիծին համար, որ կը փորձէ բանաստեղծութիւնը ներկայացնել տարբեր լոյսի տակ՝ մեծցուած լուսանկարներու օգնութեամբ զայն տանիլ դէպի տեսողական արուեստի ձեւին։ Այստեղ ստեղծագործական բազմալար ու բազմաձեւ մշակութային մօտեցում մը կ՚օգտագործուի փորձարկելու համար երկու արտայայտչամիջոցներով, ու անոնց հետ միատեղ լեզու մը ու ապագայ մը կառուցելով։ Արեւմտահայերէնով արտայայտուող բանաստեղծական տողը կը միախառնուի լուսանկարչութեամբ արտայայտուող տեսողական արուեստին հետ առիթ տալով որ անցուղիներ ստեղծուին մէկէն միւսը, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն ընթերցման ու ընկալումի ետ ու դարձ շարժում մը։
Վարդան Աւագեան (Լիբանան / Գերմանիա)՝ «Այս դաշտը չի կրնար պարապ ըլլալ» նախագիծին համար, որ պիտի ստեղծէ ծածկագրեր պարունակող գորգ մը, որ միաժամանակ կը ծառայէ որպէս կորսուած գիւղի մը քարտէզը: Գիւղը Ֆընտըճագն է՝ այն բազմաթիւ հայկական գիւղերէն որոնք բնաջնջումի եւ ոչնչացումի ենթարկուեցան։ Քարտէզը ինքնին արխիւը պիտի ըլլայ գիւղին բուսական եւ կենդանական աշխարհին, աշխարհագրութեան, մշակոյթին, ինչպէս նաեւ արխիւը՝ գրեթէ մոռցուած բարբառին: Նախագիծը պիտի ներառէ հետազօտութիւն մը, եւ պիտի հարստանայ արուեստի եւ արխիւային աշխատանքներու վերաբերեալ զրոյցներով, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսներու մասնակցութեամբ:
Ներկայ եւ նախորդ տարուան նախագծերուն աւարտէն ետք, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը զանոնք հանրութեան պիտի ներկայացնէ առցանց ցուցահանդէսի մը ձեւաչափով։
Նկարազարդում՝ Նունէ Խիւդավերդեանի։