100.000 եւրոյի արտակարգ կրթանպաստ Lիբանանի հայ ուսանողներուն
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը քառասունմէկ արտակարգ կրթանպաստ տրամադրեց Լիբանանի հայ համալսարանականներուն:
Հայ ուսանողները կը կրեն Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր վիճակին հետեւանքները: Ճանչնալով անոնց կարողականութիւնը եւ հաւատալով անոնց ներուժին՝ հիմնարկութիւնը որոշեց անյապաղ աջակցութիւն ցուցաբերել՝ ապահովելու համար հայ ուսանողներու բարձրագոյն կրթութեան շարունակականութիւնը:
Ապրիլ 2023-ին բաժանմունքը յայտարարեց արտակարգ կրթանպաստի նոր ծրագիր մը, որ լրացուց հիմնարկութեան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կրթանպաստներու այլ ծրագիրները:
Հիմնարկութիւնը Լիբանանի տարբեր համալսարաններու մէջ ուսանող հայ երիտասարդներէ ստացաւ հարիւր քսանինը դիմում: Հարցազրոյցի հրաւիրուեցան անոնցմէ վաթսունինը հոգին, որոնցմէ քառասունմէկին շնորհուեցաւ իւրաքանչիւրը 2.500 եւրօ արժողութեամբ կրթանպաստ: Այս նախաձեռնութենէն ոգեշնչուած, հիմնարկութեան նախկին նպաստառու մը Ֆրանսայէն կատարեց նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ ուսանող մը եւս կրթանպաստ ստացաւ:
«Մենք տեղեակ ենք Լիբանանի համալսարանականներուն առջեւ ծառացած հսկայական մարտահրաւէրներուն մասին եւ կը հաւատանք, որ նիւթական սահմանափակումները պէտք չէ խոչընդոտեն անոնց կրթութիւնը», — կ’ըսէ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը: «Արտակարգ կրթանպաստին նպատակն է թեթեւցնել բեռը` աջակցութիւն ցուցաբերելով ուսանողներուն, որոնք ունին իրենց անձին եւ համայնքին համար աւելի լաւ ապագայ ձեւաւորելու ներուժը»:
Արտակարգ կրթանպաստին դիմումները արժեւորուեցան, եւ հարցազրոյցները կազմակերպուեցան Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան անդամներէն կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ: