Տեսլական, ծրագիր, լեզու եւ Սփիւռք
հարցազրոյց «Առաջին լրատվական»-ի հետ
![](https://gulbenkian.pt/armenian-communities/wp-content/uploads/sites/23/2023/06/Interview-RP-1600X900.jpg)
Յունիս 2023-ին, «Առաջին լրատվական»-ի մեկնաբան Սագօ Արեան հարցազրոյց ունեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի հետ, անդրադառնալով Հիմնարկութեան անցեալ տասնամեակի գործունէութեան, մշակած ռազմավարութեան եւ տեսլականին, յառաջիկայ քայլերուն, եւ ընդհանուր սփիւռքեան հիմնահարցերու։