Նեցուկ երկրաշարժէն տուժած հայ համայնքներուն
![](https://gulbenkian.pt/armenian-communities/wp-content/uploads/sites/23/2023/04/40-Manoug-Aleppo_HWK6730-Hrair-Hawk-Khatcherian-1600X900-e1681289573558.jpg)
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը միշտ աջակցած է Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն: Կրթական հաստատութիւններու եւ համայնքային տարբեր կառոյցներու յարատեւ նեցուկ կանգնելու առընթեր, Հիմնարկութիւնը մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային վիճակը ամոքելու նպատակով:
Ի պատասխան Փետրուար ամսուան աւերիչ երկրաշարժին` Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ընդհանուր 60.000 եւրոյի մարդասիրական նպաստ մը կը յատկացնէ երկրաշարժէն վնասուած համայնքային կառոյցներու շինարարութեան եւ տեղւոյն հայկական վարժարաններու նիւթական կարիքները հոգալու նպատակով: