Սատարել քննական մտքի զարգացումին Հայաստանի մէջ

25 Սպտ 2022

«Մեր գործունէութեան շեշտը կը դնենք Հայաստանի մէջ քննական մտածողութիւնը զարգացնող ծրագիրներու վրայ՝ հովանաւորելով գիտական հետազօտութիւններ եւ թարգմանութիւններ», կ’ըսէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն դկտ. Ռազմիկ Փանոսեան։ Հիմնարկութեան հայաստանեան գործունէութեան ռազմավարութեան մշակումը ընթացքի մէջ է, եւ դոկտ. Փանոսեանի այս այցը պիտի ծառայէ այդ աշխատանքին։ Մշակուած եւ Կիւլպէնկեանի հովանաւորութեամբ արդէն գործադրութեան ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրներու շարքին է արեւմտեան աշխարհի մէջ մեծ ազդեցութիւն թողած 20-րդ դարու 10 գիրքերու թարգմանութիւնը։ «Հայաստան գալով տեսայ, թէ ինչպէս մարդիկ եւ մտաւորականներ իրենց ապագայ գործունէութիւնը ծրագրելով եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքի լծուելով կը փորձեն յաղթահարել պատերազմական մթնոլորտի պատճառած ընկճուածութիւնը», կ՚ըսէ դոկտ. Փանոսեան` Սիվիլնեթի «#Տրոփ» ծրագրէն զրուցելով Աբօ Պողիկեանի հետ։

Ամբողջական տեսանիւթը կարելի է դիտել հոս՝

ՍիվիլՆեթ

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։