Թողարկուած է Android համակարգի հայերէն ուղղագրիչը
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը ներկայացնէ Android համակարգի հայերէն ուղղագրիչը։
iOS-ի ստեղնաշար-ուղղագրիչէն ետք, ահա պատրաստ է նաեւ Android համակարգի ուղղագրիչը, որ արդէն թողարկուած է ու հասանելի իր թարմացուած՝ 2.0 տարբերակով։
Android համակարգի ՆայիրիՍտեղնը կարեւոր դեր ունի հայերէն լեզուն կենսունակ պահելու մէջ. այսպիսով հայերէնը ներկայ պիտի ըլլայ ամենօրեայ, արհեստավարժ եւ ստեղծագործ կեանքի մէջ։
Շնորհակալ ենք Nayiri.com-ի մասնագէտներուն այս յոյժ կարեւոր եւ անհրաժեշտ գործիքը ստեղծելու համար։ Իր նորագոյն տարբերակով, ՆայիրիՍտեղնը կը գործէ թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի համար, թէ՛ դասական եւ թէ՛ Հայաստանեան ուղղագրութեամբ։ Ուղղագրիչը կ՚առաջարկէ չորս տարբեր ստեղնաշարեր՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, հնչիւնային եւ գրամեքենայի շարուածքներով։ Իւրաքանչիւր շարուածք ունի ամփոփ եւ ընդարձակ տարբերակներ։
Այսօր կարելի է հայերէն գրել որեւէ գործիքի վրայ եւ որեւէ համակարգի մէջ։
ՆայիրիՍտեղնը արդէն տրամադրելի է եւ անվճար ներբեռնելի Google Play Store-էն։
ներբեռնել ՆայիրիՍտեղնը