Անթոնիօ Ֆէյժօ կը ստանձնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախագահի պաշտօնը

06 Մյս 2022

3 Մայիս 2022-ին Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժօ ստանձնեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախագահի պաշտօնը. ան նախագահ ընտրուեցաւ 15 Դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի լիագումար ժողովին։

Անթոնիօ Ֆէյժօ Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի ոչ-գործադիր անդամ եղած է 2018 թուականէն ի վեր։ Ան առաջին նախագահն է որ մասնագիտացած է հասարակագիտական ուսմանց մէջ. իր դոկտորականը ստացած է Պրաուն համալսարանէն (Միացեալ Նահանգներ) 1985-ին, մասնագիտանալով Անգլիական եւ հիւսիսամերիկեան գրականութեան մէջ: Նոյն նիւթին շուրջ իր մագիստրոսի կոչումը ստացած է Ալպանիի Նիւ Եորքի պետական համալսարանէն (1979)։ Ֆէյժօ Լիզպոնի համալսարանի դասախօս է (Անգլիագիտութեան եւ գրականութեան տեսութեան բաժին)։ Նախապէս եղած է Լիզպոնի համալսարանի Արուեստի եւ Հասարակագիտութեան դպրոցի տնօրէն, շատ մը այլ վարչական բարձր պաշտօններու առընթեր։ Ան անգլիական, ամերիկեան եւ փորթուկալական գրականութեան վերաբերող բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է. այլ գործերու շարքին՝ փորթուկալերէնի թարգմանած է նաեւ Շէյքսփիրի եւ Օսքար Ուայլտի գործերէն։

Պաշտօնի ստանձնումի իր խօսքին մէջ Անթոնիօ Ֆէյժօ ընդգծեց որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը «բարեգործական հաստատութիւն մըն է, որ կը մարմնաւորէ այն ժառանգութիւնը որ ձգած է Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանը՝ իր ժամանակին եւ իր դարուն եզակի մարդը. որեւէ անձ որ կը ղեկավարէ Հիմնարկութիւնը, պարտի պահպանել այդ ժառանգութեան տեւական բնոյթը»։ Նախկին նախագահ՝ Տիկին Իզապէլ Մոթա արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան Հիմնարկութեան իր 26-ամեայ ծառայութեան համար, զայն նախագահելով վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին:

 


Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։