Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը եւ Բնութիւնը – COP17-ը Հայաստանի մէջ

Փորթուկալի եւ Հայաստանի մէջ բնապահպանութեան ու կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան յանձնառութիւն.
05 Հնս 2026

Կենսաբազմազանութիւնը երկրագունդի վրայ կեանքի հիմքն է. անիկա կը սնուցէ բնահամակարգերը եւ կը հայթայթէ այն բնական պաշարներն ու ծառայութիւնները, որոնցմէ կախեալ են հասարակութիւնները՝ իրենց կայուն զարգացումին համար:

Այդուհանդերձ, մարդկային ճնշումները՝ սկսեալ բուռն երկրագործութենէն մինչեւ քաղաքներու ընդարձակումը, ինչպէս նաեւ ապականումն ու կլիմայի փոփոխութիւնը, ամբողջ աշխարհի տարածքին կ’արագացնեն կենսաբազմազանութեան կորուստը: Հակառակ ասոր, բնապահպանութեան յատկացուած բարեգործական հիմնադրամները կը մնան սահմանափակ:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, իր «Կայունութիւն եւ արդարակշռութիւն» ծրագիրին ընդմէջէն եւ համագործակցութեամբ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին, կը նախաձեռնէ «Gulbenkian Natural Heritage» ծրագիրը: Վերջինիս նպատակն է աւելի տեսանելի դարձնել բնապահպանութեան եւ կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան համար Հիմնարկութեան երկարամեայ ջանքերը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել անոր ապագայ յանձնառութիւնը այս ոլորտներուն մէջ՝ թէ՛ Փորթուկալի, թէ՛ Հայաստանի մէջ:

Կենսաբանական Բազմազանութեան COP17 Խորհրդաժողովը

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կենսաբանական Բազմազանութեան Մասին Կողմերու Համաժողովի 17-րդ խորհրդաժողովը (CBD COP17) պիտի կայանայ Երեւան, Հայաստան, հոկտեմբեր 2026-ին: Ասիկա հիանալի առիթ մըն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան միջոցով կամուրջներ հաստատելու Փորթուկալի եւ Հայաստանի միջեւ:

Հիմնուելով Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի հայկական ինքնութեան հետ ունեցած պատմական ու յուզական կապին վրայ, եւ ներշնչուած բնութեան հանդէպ անոր խոր սիրով, որ յատկանշեց իր կեանքը, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը ձգտի ընդլայնելու իր ազդեցութիւնը կայունութեան ոլորտին մէջ՝ շարք մը քայլերով, որոնք նախագծուած են երկու երկիրներու ռազմավարական նպատակներուն եւ արձանագրուած կարիքներուն ընդառաջելու համար:

Գլխաւոր նպատակներ

2026-էն 2027 թուականներու ընթացքին, «Gulbenkian Natural Heritage» նախաձեռնութիւնը կը միտի.

  • Զարգացնելու բնապահպանական գրագիտութիւնը եւ ամրապնդելու բնութեան վերաբերող հաղորդակցութիւնը՝ նպաստելով կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան կարեւորութեան շուրջ հանրային գիտակցութեան բարձրացումին։
  • Խրախուսելու գիտելիքի ստեղծումն ու գիտական հետազօտութիւնները այս ոլորտին մէջ, միաժամանակ խթանելով փորձառութեան փոխանակումն ու համագործակցութիւնը ուսանողներու, հետազօտողներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու միջեւ:
  • Մշակելու եւ ամրապնդելու բնութեան պահպանումին եւ վերականգնումին ուղղուած նոր բարեգործական մօտեցումներ, միեւնոյն ժամանակ մղելով հիմնարկութիւնները մտածելու թէ ինչ դեր կրնան ստանձնել ոլորտի նիւթական բացը գոցելու համար։
  • Արժեւորելու Հիմնարկութեան բնական ժառանգութիւնը, յատկապէս՝ Կիւլպէնկեան Պարտէզները, շեշտելով անոնց բնապահպանական կարեւորութիւնն ու աւելի լայն արժէքը Լիզպոն քաղաքին համար, յարգելով հիմնադիրին տածած սէրը բնութեան հանդէպ, որ ուղեցոյց մը եղած է վերջին 70 տարիներուն Հիմնարկութեան այս ոլորտի գործունէութեան:

Բացի CBD COP17-ին մասնակցութենէն, որ կը ներառէ խորհրդաժողովի վայրին մէջ եւ անկէ դուրս շարք մը ձեռնարկներ, նախաձեռնութիւնը պիտի ներառէ նաեւ.

  • «Բնական ժառանգութեան պահապանները» (Guardians of Natural Heritage) վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը, որ կը ներկայացնէ Փորթուկալի մէջ գործող բնապահպանական ութ կազմակերպութիւններու աշխատանքը.
  • Բնապահպանական գիտութիւններու ոլորտի հայ ուսանողներու եւ հետազօտողներու համար համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագիրի մը մեկնարկը.
  • Փորթուկալերէնէ հայերէնի թարգմանութիւնը «Դուրսը. բնութիւնը բացայայտելու ուղեցոյց» (Lá Fora. Guia para Descobrir a Natureza) հրատարակութեան, որուն նպատակն է հարստացնել բնութեան մասին պատանիներու եւ ուսանողներու գիտելիքները.
  • Փորթուկալեան բնապահպանական կազմակերպութիւններու ուղղուած Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեան նոր դիմումնաշրջանի մը բացումը.
  • Փորթուկալի մէջ Հայաստանի մասին տեղեկատուական հեռատեսիլի հաղորդումի պատրաստութիւն, որ կը քաջալերէ կապերը Փորթուկալի հետ՝ բնութեան եւ կենսաբազմազանութեան դիտանկիւնէն.
  • 1956 թուականէն ի վեր այս ոլորտներուն մէջ Հիմնարկութեան կողմէ տրամադրուած աջակցութեան համապարփակ ներկայացում.
  • Փորթուկալի եւ Հայաստանի բնապահպանական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու համար փորձառութեան փոխանակումի ծրագիրներ.
  • Յատուկ կրթական գործունէութիւն Կիւլպէնկեան Պարտէզներուն մէջ եւ անոնց նուիրուած վաւերագրական ֆիլմի մը պատրաստութիւնը:

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը վերջին քանի մը տարիներուն աջակցած է որոշ բնապահպանական հայաստանեան նախաձեռնութիւններու, իսկ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան բնապահպանական հիմնական գործունէութիւնը կ՚իրագործուի «Կայունութիւն եւ արդարակշռութիւն» ծրագիրին պարունակին մէջ:

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։