Հայ գրականութիւնը ժամանակակից ձեւաչափով

VLUME.COM հայ գրականութիւնը աւելի քան հասանելի
25 Հնվ 2022

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Vlume-ի հետ իր համագործակցութիւնը կը շարունակուի, ընդլայնելով այս մեծ թուային գրադարանը:

Vlume թուային գրադարանը ել-գիրքերու եւ ձայնագիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը ունի թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ՛ արեւելահայերէնով. Vlume միեւնոյն ժամանակ հայ գրականութիւնը ժամանակակից ձեւաչափով ըմբոշխնելու հնարաւորութիւնը կ՚ընծայէ ընթերցողին։

Այս համագործակցութեան շնորհիւ արդէն իսկ հրատարակուած են բազմաթիւ ել-գիրքեր ու ձայնագիրքեր, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան ամբողջական ֆիլմաշար մը։ Առկայ ծրագիրով նախատեսուած է գրադարանը հարստացնել յաւելեալ 180 ել-գիրքերով եւ 125 ձայնագիրքերով յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին:

Vlume-ը բաժանորդներուն հնարաւորութիւն կու տայ կարդալ եւ լսել հայերէն գիրքեր որեւէ արդի գործիքով. հարթակին ծանօթանալու համար այցելել՝

Vlume.com

 

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։