արդ եւս

Արեւմտահայ մշակոյթն ու լեզուն՝ յառաջադէմ, ստեղծագործ, ինքնատիպ, եւ նորարարութեան կիզակէտին։
22 Հկտ 2021

Արեւմտահայ մշակոյթն ու լեզուն՝ յառաջադէմ, ստեղծագործ, ինքնատիպ, եւ նորարարութեան կիզակէտին։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը՝ արդ եւս։ Այս նոր նախաձեռնութեան միջոցով, Բաժանմունքը պիտի սատարէ արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան, ամրապնդելով լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը։

«Մեծ ուրախութեամբ է որ կը ներկայացնենք այս նոր ու իւրօրինակ ծրագիրը, որ առիթը պիտի ընծայէ արեւմտահայերէնը գործածելու որպէս ստեղծագործութեան եւ մշակութային արտադրութեան ժամանակակից լեզու» կ՚ըսէ Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, «հոս է որ լեզուն եւ մշակոյթը պիտի շաղկապուին աշխարհին հետ եւ մնան կենսունակ ու ժամանակակից»։

արդ եւս ծրագիրը կը քաջալերէ որեւէ ստեղծագործ կիրարկութիւն, արտայայտութիւն, կամ ներկայացում՝ ուր լեզուն կարեւորագոյն գործօնն է։

Ծրագիրները կրնան ըլլալ միջգիտակարգային եւ դիմել արտայայտութեան զանազան միջոցներու, ներառեալ՝ գրականութիւն, երաժշտութիւն, տեսողական արուեստներ եւ նորարար հեռարձակումներ։

Արդ, արեւմտահայերէ՛նն է արարումի հիմնական միջոցը։

յաւելեալ տեղեկութիւններ

 

արդ եւս-ի մասին Նոր Յառաջի հարցազրոյցը Շողեր Մարկոսեանին հետ կարդալ հոս.

հայերէն

 

ֆրանսերէն

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։